15 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լաթվիոյ իր գործընկերոջ` Էտկարս Ռինքեւիչսի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները, անդրադարձած են առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւորութեան: Հանդիպումէն ետք նախարար Նալբանդեան տեղեկացուցած է, որ լաթվիացի իր գործընկերոջ հետ անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային-միջազգային հարցերու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման իմաստով ի գործ դրուած ջանքերուն` հաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ իրենց մօտեցումը նոյնն է:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Երկուստէք համոզում յայտնած են այն մասին, որ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ հանգուցալուծումը եւ բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունին:
Հանդիպումէն ետք Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսը լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Լաթվիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրօ միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ իրենց խորին մտահոգութիւնը արտայայտած են Ազրպէյճանի մէջ ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու առնչութեամբ: «Երբ այդ միջադէպը տեղի ունեցաւ, մենք Վիլնիւսի մէջ կայացուցինք Սքանտինաւեան եւ Պալթեան երկիրներու ժողով, որուն ընթացքին այս մասին յայտարարութիւն կատարուեցաւ: Կը կարծեմ, թէ ներկայի զգայուն պայմաններուն մէջ նման քայլեր չեն նպաստեր երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան», նշած է նախարարը: Լաթվիացի նախարարին համաձայն, երբ հարցը կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան համակարգման, իրենք սերտօրէն կը համագործակցին Սքանտինաւեան եւ պալթեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական գործընկերներուն հետ, ուստի կարելի է հաստատել, որ իրենք շատ լրջօրէն կը մօտենան այս հարցին:
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին անդրադառնալով` Էտկարս Ռինքեւիչսը նշած է, որ կրնայ իսկոյն եւ անվարան ստորագրել այն սկզբունքներուն տակ, զորս ուրուագծեց Էդուարդ Նալբանդեանը` հակամարտութիւնը լուծել միայն խաղաղ միջոցներով` պատշաճ յարգանք ցուցաբերելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջադրած սկզբունքներուն հանդէպ: Նախարարին համաձայն, քիչ մը մտահոգիչ է, որ այս հարցին գծով յառաջընթաց չ՛արձանագրուիր, սակայն յոյս յայտնած է, որ հարցը միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի ուշադրութեան կ՛արժանանայ:
Երկու նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջազգային օրակարգի խնդիրներ` Իրանի կորիզային ծրագիրի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:


