Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նամակներ յղեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նախագահ Ճեք Չենկընի, Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նուրէտտին Պոշքոժի, Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Էնտրիւզ Ճոնսընի, Ասիական խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Նեժատ Հիւսէյնեանի, Իսլամական խորհրդաժողով կազմակերպութեան խորհրդարաններու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Էրոլ Քելեք, Եւրոպական խորհրդարանի հետ Արեւելքի երկիրներու յարաբերութեան յատուկ պատուիրակութեան նախագահ Մարիօ Տէյվիի:
Իր յղած նամակներուն մէջ Պըրրի կոչ ուղղեց բոլոր համադաշնակցութիւններուն եւ խորհրդարաններուն` արտակարգ նիստեր գումարելու եւ նախաձեռնելու խորհրդարանական արշաւի մը, որուն նպատակն է Իսրայէլի վրայ ճնշումներ բանեցնել` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր բռնարարքներն ու զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու նպատակով, յատկապէս` Կազայի մէջ:
Նամակին մէջ Պըրրի նշեց. «Իսրայէլ, որ կը բանտարկէ տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներ, որոնց կարգին նաեւ երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ, ծրագրած է նաեւ ընդարձակ բնակեցման վայրեր կառուցել, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձնել պաղեստինցի ղեկավարներ, իսկ հիմա ան բուռն ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է Կազան եւ բազմաթիւ բռնարարքներ կը բանեցնէ պաղեստինցիներուն դէմ»:
Պըրրի ընդգծեց, որ հարկ է իսրայէլեան այս բռնարարքները նկատել առիթ մը` քննարկելու համար պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու միջոցները, վերակառուցելու ներկայիս եւ մօտիկ անցեալին Կազայի մէջ Իսրայէլի պատճառած քանդումները եւ ազատ արձակելու իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող պաղեստինցի արգելափակեալները:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները եւ կոչ ուղղեց` զօրակցելու պաղեստինցիներուն, դրուատելով պաղեստինցի ժողովուրդին դիմադրութիւնն ու գոյապայքարը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած սպանդը` շեշտելով, որ հրեաներուն բարդոյթները կարելի չէ լուծել հաղորդագրութիւններով, խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր դատապարտելէ ետք Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները շեշտեց, որ այս ընթացքով Իսրայէլ կը շարունակէ փաստել իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛ուզէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել:
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս կոչ ուղղեց` արաբական արտակարգ գերաստիճան մը գումարելու եւ Կազայի պաշտպանութեան նպատակով պատմական կեցուածքներ որդեգրելու:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը կը հովանաւորէ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի Պէյրութի պատասխանատուները երէկ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեցին` փրկելու պաղեստինցիները իսրայէլեան ատելութենէն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ վաղը իրենք խիտ շարքերով պիտի մասնակցին Կազայի զօրակցութեան ցոյցին:
Նշենք, որ երէկ Պըտտաուիի գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով պաղեստինցի գաղթականներ: Ցուցարարները զօրակցութիւն յայտնեցին Կազայի եւ շեշտեցին, որ իրենք կառչած կը մնան Դիմադրութեան ընտրանքին ու ազգային երկխօսութեան:


