Շաբաթ, 21 նոյեմբերին Կեդրոնական Պէյրութի մարոնիներու Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը եւ Ժեմայէլ ընտանիքը հոգեհանգստեան արարողութեամբ նշեցին նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան տարելիցը: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը:
Ներկաներու շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:


