Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւ Սուրիա Կը Պատերազմին Հալէպի Մէջ. Յաղթականին Պարգեւը Շրջանային Դերակատարութիւնն Է

October 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԹՈՒԱՆ ՀԱՅԷՔ

Սուրիական Հալէպ քաղաքին մէջ մղուող ճակատամարտը աստիճանաբար կը վերածուի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բացայայտ պատերազմի, որուն մէջ առաջինը կը վայելէ Իրանի եւ Ռուսիոյ, իսկ երկրորդը` ամբողջ Արեւմուտքին ու Ծոցի երկիրներուն նեցուկը: Այս ճշմարտութիւնը կը հաստատուի քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակին բերմամբ, մանաւանդ որ հոն մարտադաշտ հասնող զէնքի եւ զինամթերքի սարսափելի քանակն ու որակը լուրջ հարցականներ կը յառաջացնէ զանոնք հայթայթող ու մարտերը ֆինանսաւորող կողմերուն ինքնութեան ու յետին նպատակներուն շուրջ:

Այս հաստատումները կատարեց արեւելեան երկիր մը ներկայացնող դիւանագէտ մը, որ շատ աշխուժ է եւ ամէն օր կապ կը հաստատէ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որ բաց կը պահէ Դամասկոսի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:

Գործունեայ դիւանագէտը յայտնեց, որ իր երկիրը համոզուած է, թէ ան, որ յաղթանակ կը տանի Հալէպի մէջ, Սուրիոյ վրայ պիտի իշխէ երկար տասնամեակներ. եթէ սուրիական ընդդիմութիւնը յաջողի իր հակակշիռին տակ առնել այդ քաղաքը, ապա անոր յաղթանակը պիտի ծառայէ Թուրքիոյ, որ անմրցակից ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, եւ հակառակն ալ ճիշդ է. նոյն աղբիւրը նկատել կու տայ, որ սուրիական տագնապը միախառնուեցաւ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին, որ մեծապէս կը ճնշէ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի կառավարութեան վրայ. մտահոգ` Անգարան այժմ ազգային ռազմավարական ճակատամարտ մը կը մղէ սուրիական վարչակարգին դէմ ոչ միայն զայն տապալելու համար, այլ` ամէն բանէ առաջ անկէ խլելու քրտական խաղաքարտը. երկրորդ` տիրանալու Իրաքի մէջ Դամասկոսի ձեռք ձգած ազդեցութեան եւ խաղաքարտերուն. իսկ երրորդ` Անգարա ոգի ի բռին կը կռուի բաժին մը ստանալու արեւելեան Միջերկրականի մէջ գտնուող բնական կազի պահեստներէն, իսկ Պաշշար Ասատի վարչակարգի ներկայութեան անկարելի է, որ անոր թոյլատրուի օգտուիլ Սուրիայէն մինչեւ Պաղեստին երկարող ծովային տարածքներու այդ հարստութիւններէն:

Այսքանը` Թուրքիոյ հաշուարկներուն մասին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիական վարչակարգին, ապա նոյն դիւանագէտը կը բացատրէ, որ վարչակարգին համար Հալէպի ճակամարտի ելքը բախտորոշ հարուածը պիտի ըլլայ չէզոքացնելու թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ Անգարան, որովհետեւ առաջինը պարզապէս գործիք մըն է, որ կը կատարէ երկրորդին քաղաքականութիւնը: Հալէպի համար սուրիական ընդդիմութեան ստացած զէնքին, օտարերկրացի կամաւորներուն եւ զինուորական մասնագէտներուն քանակն ու թիւը աննախընթաց են, եւ ասոնք կ՛ապացուցեն, թէ Թուրքիա որքան մեծ շահեր կը հետապնդէ Ասատը հարուածելով: Ըստ դիւանագէտին,  Ասատ համոզուած է, որ Հալէպի ընդդիմութիւնը պարտութեան մատնելը, թէկուզ` այրած հողի քաղաքականութեամբ , առիթ պիտի տայ նախ քաղաքական շրջափակումի ենթարկելու Թուրքիան, ապա` փակելու անոր հետ զինուորական սահմանը, այնուհետեւ մէկ կողմէ արգիլելու զէնքի եւ օտար մարտիկներու մաքսանենգումը, եւ միւս կողմէ` սանձազերծելու սահմանին վրայ քիւրտերու գործունէութիւնը. նման գործունէութիւն այնքան պիտի ծանրաբեռնէ Անգարան, որ երկար ատեն ան պիտի չկարենայ մտածել Միջին Արեւելքի մէջ իսլամական ղեկավարութիւն մը դառնալու մասին. Անգարայի այս նկրտումները կը մտահոգեն նաեւ այլ կողմեր, որոնք կը գիտակցին, թէ յեղափոխութենէն ետք Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած իսլամական ղեկավարի պարապը ուշ կամ կանուխ լեցնող ուժ մը պիտի գտնուի:

Արեւելքցի դիւանագէտը նաեւ համոզում յայտնեց, որ այս տուեալներուն լոյսին տակ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուէրով Լախտար Իպրահիմիի առաքելութիւնը կ՛ուղղուի դէպի ստոյգ եւ շառաչուն ձախողութիւն, որովհետեւ նման մեծ տագնապի մը լուծումը շատ աւելի մեծ է, քան Իպրահիմին, կամ նոյնիսկ` Արաբական լիկան: Սուրիական տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ է նոր «Սայքս-Փիքօ» մը, մանաւանդ որ հակոտնեայ շահերը, նկրտումները եւ ծրագիրը իրենց ամբողջ ուժերով անդառնալի ընդհանուր բախումի հասան, եւ այս բախումը դարձաւ ամբողջ Միջին Արեւելքին ու արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն սպառնացող վառօդի տակառ մը, ըսաւ ան: Նոյն աղբիւրը բացատրեց, որ Հալէպի մէջ բորբոքած կրակը Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ կանգ պիտի չառնէ, այլ պիտի հասնի շատ աւելի հեռու, հաւանաբար` մինչեւ քարիւղի աղբիւրներուն ու զանոնք շրջապատող երկիրները: Բոլոր ուժերը այս վտանգէն կը սարսափին, բայց առաւելագոյնը` Թուրքիան, որ Արեւմուտք-Արեւելք շաղկապի իր դերին վրայ աւելցուցած է յառաջամարտիկի դերակատարութիւնը:

«Նաշրա»

Նախորդը

Սիրիայի Խնդիրը Լուրջ Ներքաղաքական Ճգնաժամի Պատճառ Է Դառնում Թուրքիայում

Յաջորդը

Տեսակէտ. Քաղաքական Անփորձութեան Մասին Վկայող Խօսք Մը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.