Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Քաղաքական Անփորձութեան Մասին Վկայող Խօսք Մը

October 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Անգարայի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի բացման նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունին հասարակաց նպատակներ, որոնց կարեւորագոյններն են ազատութիւնը, որուն համար կը պայքարին ժողովուրդները, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, անիրաւութեան եւ որեւէ ուժի կողմէ մարդոց ազատութիւնը կապտելու բոլոր փորձերուն դէմ դնելը, որովհետեւ ազնիւ նպատակը մարդիկ, անհատներ, ժողովուրդներ, պետութիւններ եւ կառավարութիւններ ազատագրելն է, որպէսզի բոլորը համագործակցութեամբ եւ սիրով ապրին առանց որեւէ թշնամութեան:

Եգիպտոսի կողմէ այդպիսի ազնիւ նպատակներու հետապնդումը ողջունելի կրնայ ըլլալ, սակայն այդ նպատակները Թուրքիոյ հետ հասարակաց նկատելը ոչ միայն զաւեշտական կացութիւն մը, այլ նաեւ այդ նպատակներուն իրագործման նկատմամբ Եգիպտոսի նախանձախնդրութեան եւ Մուրսիի` Թուրքիոյ ծանօթ ըլլալուն շուրջ հարցականներ կը ստեղծէ:

Անիրաւութեան մարմնացում Թուրքիան ե՞րբ յարգած է ժողովուրդներու ազատութեան ձգտումը. վկայ հայ ժողովուրդի, քիւրտերու եւ ինքնին Եգիպտոսի պատմութիւնը: Խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիոյ նպատակը ըլլալ, երբ թրքական բանակը Հիւսիսային Կիպրոսը բռնագրաւած է, Իրաքի օդային եւ հողային տարածքները բռնաբարելով հիւսիսային Իրաքի մէջ շրջաններ կը ռմբակոծէ: Արդարութիւնը եւս չի կրնար Թուրքիոյ նպատակը ըլլալ, այլ անարդարութիւնը, որովհետեւ երրորդ երկիրի մը հետ Հայաստանի ունեցած տագնապին պատճառով մեր երկիրը շրջափակման կ՛ենթարկէ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալն ու ատոր համար փոխհատուցում կատարելը կը մերժէ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Մուրսիի թուած նպատակներէն հետեւեալը. «Որեւէ ուժի կողմէ մարդոց ազատութիւնը կապտելու բոլոր փորձերուն դէմ դնելը, որովհետեւ ազնիւ նպատակը մարդիկ, անհատներ, ժողովուրդներ, պետութիւններ եւ կառավարութիւններ ազատագրելն է». Թուրքիոյ մէջ գրագէտներ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ կը բանտարկուին «թրքութիւնը անարգելու», Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, անջատողականութեան զօրակցելու եւ երկրին վարչապետը քննադատելու յանցանքով: Եթէ Եգիպտոս իր նախագահին նշած «ազնիւ նպատակ»-ը ունի, ապա անիկա նախ եւ առաջ «մարդոց ազատութիւնը կապտելու» երկարատեւ պատմութիւն ու յամառ ընթացք ունեցող, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը մերժող Թուրքիոյ դէմ պէտք է դնէ եւ ոչ թէ զայն այդ նպատակի իրագործման համար գործընկեր նկատէ:

Շրջանային նոր դերակատարութեան ձգտող Եգիպտոսի նոր իշխանութիւնները պէտք է աւելի զգուշ ըլլան եւ յիշեն հետեւեալ ասացուածքը. «Ըսէ ինծի ո՛վ է ընկերդ, ըսեմ քեզի` ով ես դուն»: Թուրքիոյ հետ գործընկերութիւնը Եգիպտոսի պետական շահերուն կը հակասէ եւ Գահիրէի շրջանային դերակատարութեան կարողականութիւնն ու ձգտումները կ՛ականահարէ: Մուրսիի արտասանած խօսքը ամբոխավարութիւն ըլլայ, թէ ոչ, անոր քաղաքական անփորձութեան մասին կը վկայէ: Ճիշդ է, որ երկու երկիրներուն իշխող կուսակցութիւնները` եգիպտական Ազատութիւն եւ հաւասարութիւն կուսակցութիւնն ու թրքական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Իսլամ եղբայրներու գաղափարական դպրոցի պտուղներն են, սակայն յոյսով ենք, որ իշխանութեան փորձառութիւնը եգիպտական կողմը կը սթափեցնէ իր գաղափարական թմբիրէն եւ պետական շահերու նկատմամբ աւելի նախանձախնդիր ու անոնց հետապնդման մէջ աւելի իմաստուն կը դարձնէ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Եւ Սուրիա Կը Պատերազմին Հալէպի Մէջ. Յաղթականին Պարգեւը Շրջանային Դերակատարութիւնն Է

Յաջորդը

Հենրիխ Մխիթարեան Հրաւիրուած Է Հայաստանի Հաւաքական

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.