Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ 17 ապրիլին այցելեց Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղը, ուր հանրապետութեան մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններուն հետ միասին մասնակցեցաւ երիտասարդական այգիի հիմնադրման:
Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատեց այսպիսի նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը` բնութեան պահպանումը նկատելով պետութեան եւ հասարակութեան զարգացման կարեւոր հիմքերէն մէկը:


