Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-Ի ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏԱՌԵԼԻ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ…

April 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի ատենապետ ծովակալ Ճիամփաուլօ Տի Փաոլա երէկ Հռոմի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ թէեւ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւնները լիպիական վարչակարգի ծանր զէնքերուն «նկատառելի վնաս» պատճառած են, սակայն Քազզաֆիի տրամադրութեան տակ գտնուող ծանր զէնքերը «տակաւին նկատառելի» են:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՕԹԱՆ յաւելեալ օդուժի եւ օդային հարուածներու կարիքը ունի՞, Տի Փաոլա ըսաւ, որ  դաշնակիցներուն կողմէ որեւէ «նկատառելի յաւելեալ» նպաստ ողջունելի պիտի ըլլայ: Նկատի ունենալով, որ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ունեցած լիազօրութիւնը չ՛արտօներ հետեւակ ուժեր օգտագործել, Միսրաթայի դէմ Քազզաֆիի ռմբակոծումները կասեցնելը «շատ դժուար է»:

Ան նաեւ նշեց, որ իրենք դժբախտաբար տակաւին չեն յաջողած Քազզաֆիի ուժերու հրթիռներն ու հրասանդները չէզոքացնել, մասնաւորաբար անոնք, որոնք կը գտնուին քաղաքին մէջ, ուր առանց քաղաքային զոհեր պատճառելու «զանոնք վնասազերծելը շատ դժուար է»:

Սպիտակ տան բանբեր ՃԷյ Քառնի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Լիպիոյ տագնապին մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալու որեւէ ծրագիր չունի: Ան քննադատեց այն տեղեկութիւնները, թէ ՕԹԱՆ-ի զինամթերքը հաւանաբար սպառելու վրայ է` նշելով, որ «Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, դաշինքը (ՕԹԱՆ) Լիպիոյ մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելու կարողութիւնը ունի»: Ան շեշտեց, որ «մեր կեցուածքը փոխելու ծրագիր չունինք»:

Մինչ այդ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտնեց, որ դաշնակից ուժերը յառաջիկայ ամիս Հռոմի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան` լիպիացի ժողովուրդին օժանդակելու համար նոր քայլերու շուրջ հասարակ յայտարար մը գտնելու նպատակով: Ան վերահաստատեց, որ իր երկիրը լիպիացի ըմբոստներուն ծանր զէնքեր մատակարարելու եւ հետեւակ ուժեր Լիպիա ուղարկելու գաղափարին դէմ է:

 

 

 

Նախորդը

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԵՄԷՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱՏԱՐԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՅԳԻԻ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։