Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

2015 թուականն էր:

Հայութիւնը կարծես Ցեղասպանութեան հարիւրամեակով գինովցած էր: Լոս Անճելըսի մէջ` հսկայական ցոյց: Ուրիշ տեղեր` դրօշներու այրում: Երեւանի մէջ` ջահերով երթ: Համահայկական հռչակագիր եւ մեծ խօսքեր: Ամէնուր ոգեկոչումներ, ճառեր, պահանջներ եւ հանդիսութիւններ: Ամբողջ տարի մը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին շուրջ կ՛ապրէինք: Ապրիլ 24-ին նորէն ապրիլ էր, նորէն` 24:

Բայց այդ անգամ, մինչ մենք հարիւր տարի առաջ պատահածը կը յիշէինք, մեզմէ ոչ շատ հեռու պատմութիւնը կարծես նորէն կը կրկնուէր: Աշխարհը կը դիտէր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ծնած աննախընթաց գաղթականական հոսքերը: Միլիոնաւոր մարդիկ կը լքէին իրենց տուները: Միջերկրականը դարձած էր փախուստի ճամբայ եւ երբեմն` գերեզման: Այդ մարդոց մէջ կային նաեւ հայեր:  Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն թոռներն ու ծոռները, որոնք հարիւր տարի առաջ Սուրիոյ մէջ ապաստան գտած էին, հիմա իրենք դարձեալ գաղթական կը դառնային:

Այդ օրերուն իմ ճամբաս խաչաձեւուեցաւ այդ ընտանիքներէն մէկուն հետ: Թոմասեաններուն:  Քոպանիի վերջին հայ ընտանիքներէն մէկը:

Ուրֆացի մեծ հօրմէս Յարութիւն Արզուհալճեանէն, որ իր ընտանիքէն միակ վերապրողներէն էր, Այն էլ Արապի մասին լսած էի: Հոն շատ մը ուրֆացի գաղթականներ ապաստան գտած էին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք եւ` նոր կեանք կառուցած: Ուրեմն երբ «Հիւրիէթ»-ի մէջ առաջին անգամ կարդացի Քոպանիի Թոմասեան ընտանիքի դժբախտութեան մասին, առաջին միտքս շատ պարզ էր:

Աճապա ուրֆացի՞ են:

Թոմասեանները գաղթակայանին մէջ:

Թերեւս այդ հարցումն էր, որ զիս այս պատմութեան մէջ քաշեց: Մինչեւ այդ պահը անոնք Սուրիոյ պատերազմին մէջ կորսուած հազարաւոր ընտանիքներէն մէկն էին: Յանկարծ անոնց պատմութիւնը ինծի համար կապուեցաւ մեծ հօրս պատմութեան հետ: Ուրֆայէն  փախուստ տուած մարդիկ հարիւր տարի առաջ հասած էին Այն էլ Արապ: Հիմա անոնցմէ ոմանց ժառանգները կրկին կը փախչէին արդէն քրտացած այդ քաղաքէն: Այս անգամ` ՏԱՀԵՇ-ի դժոխքէն: Պատերազմը եւ, աւելի ճիշդ, ընտանիքի հօր դաժան սպանութիւնը թոմասեանները դուրս նետած էին իրենց տունէն: Ընտանիքը անցած էր Թուրքիա եւ հասած` Սուրուճի ՄԱԿ-ի գաղթակայանը: Վրան մը դարձած էր իրենց տունը: Երեխաներուն առօրեան այլեւս դպրոցն ու խաղավայրը չէին: Անոնք պարզապէս օրը օրին կ՛ապրէին` չգիտնալով, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր յաջորդ օրը: Երբ կացութեան գիտակցեցայ,  նպատակս ընտանիքը թրքական գաղթակայանէն դուրս բերել եւ Հայաստան հասցնելն էր:

Բայց նման գործերը հեռուէն շատ աւելի պարզ կը թուին, քան իրականութեան մէջ են: Կային փաստաթուղթեր: Սահմաններ: Արտօնութիւններ: Պետական մարմիններ: Անվերջ հեռաձայններ եւ փակ դռներ: Եղան պահեր, երբ կը թուէր, թէ պիտի չյաջողէինք: Մէկ խոչընդոտ կը լուծուէր, եւ ուրիշ մը կը յայտնուէր: Սակայն այդ պատմութենէն ինծի մնացած ամէնէն ուժեղ յիշողութիւնը խոչընդոտները չեն: Մարդի՛կն են:

Թոմասեան ընտանիքը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան հասնելէ ետք:

Առաջին հեռաձայնս Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Արամ արք. Աթէշեանին  եղաւ: Ան «Հէմէն պույուր» ըսելով` անձամբ միջամտեց, ուր որ պէտք էր: Երկրորդ տեսազանգս սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եղաւ, ան նոյնպէս Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան անձակազմը աշխուժացնելով` գործի անցաւ (երբեմն «Վա՛յ Րաֆֆի ջան»  մրմռալով): Պոլսոյ «Ակօս»-ի խմբակը օգնեց: ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գործակալութիւնը, Կարմիր խաչի առաքելութեան Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ ուրիշներ իրենց բաժինը կատարեցին: Համադրողը Լոս նստած` «խենթ» մըն էր, որ զայրոյթով  վերապրած եւ բարգաւաճ  ազգի մը երբեմնի անտարբերութիւնը կը դիտէր, բայց կարելի չէր անտարբեր ըլլալ: Ոմանք փաստաթուղթի մը հարցը լուծեցին, ուրիշներ փոխադրութիւն մը կազմակերպեցին, մէկը ընտանիքի անդամ մը հիւրընկալեց, ուրիշ մը օդակայան գնաց: Ոչ ոք առանձին փրկեց թոմասեանները: Բայց շատեր իրենց փոքր բաժինը կատարելով` միասին փոխեցին ընտանիքի մը ճակատագիրը: Քանի մը  կայաններէ ետք , 2015-ի սեպտեմբերին թոմասեաններու գերդաստանը  վերջապէս Արապ Փունարէն (մեծ հօրս բարբառով Քոպանիի հայկական անունը)  հասաւ Երեւան:

Թովմասեան ընտանիքը յուզումով եւ գրկաբաց կը դիմաւորուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, 2015-ին:

Կը յիշեմ օդակայանի տեսարանը: Հարազատներ: Ընկերային ծառայողներ: Լրագրողներ: Հայրենակիցներ, որոնք երբեք չէին ճանչցած այդ ընտանիքը, բայց եկած էին զիրենք դիմաւորելու: Երկար ամիսներու անորոշութենէն ետք ընտանիքը վերջապէս հասած էր տեղ մը, ուր այդ գիշեր վրանին տակ պիտի չքնանար: Քանի մը օր ետք Թոմասեան երեխաները դպրոց պիտի յաճախէին: Թերեւս 2015-ի ամբողջ տարողութեան մէջ այդ էր ինծի համար ամէնէն կարեւոր պատկերը:

Ո՛չ հարիւրամեակի մեծ խօսքերը: Ո՛չ հռչակագիրները: Ո՛չ ալ բազմահազարանոց ցոյցերը:

Այլ` երեք երեխաներ, որոնք հարիւր տարի ետք վերջապէս Հայաստան հասած էին, առաւօտուն հայ դպրոց պիտի երթային եւ ապահով բակի մը մէջ խաղային:

Պատերազմը արդէն իր գինը առած էր: Քոպանիի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ձեռքով զաւկին առջեւ սպաննուած էր մէկ  ընտանիքին հայրը: Անոր այրին` Իլոնան (90-ականներուն Սուրիա հարս գացած Պաքուի գաղթական) եւ երեխաները` Արամը, Վարդուկն ու Կարոն պիտի շարունակէին կեանքը առանց իրեն: Ընտանիքի ուրիշ անդամներ պատերազմի պատճառով հասած էին Պուրճ Համուտ: Յոյս կար, որ շուտով անոնք ալ պիտի միանային ընտանիքին Երեւանի մէջ:

Այդ օրերուն շատ կը խօսէինք յիշողութեան մասին: Բայց ազգ մը միայն յիշելով չի գոյատեւեր: Երբեմն ազգային կեանքի իմաստը մեծ խօսքերուն մէջ չէ, այլ` անհրաժեշտ պահուն գործելուն մէջ: 1915-ին թոմասեաններու նախնիները Անատոլուէն փախած էին եւ ի վերջոյ հասած` Քոպանի:  2015-ին անոնց ժառանգները փախան Քոպանիէն եւ (Թուրքիոյ ճամբով) հասան Երեւան:

Ես ինծի ըսի` «Ուրֆացի չելան, ամմա սեպտեմբեր էր»: Երեխաները քանի մը օրէն դպրոց պիտի երթային:

Է՜յ  վալլա՛հ:

—

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54  https://www.aztagdaily.com/archives/702461

Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467

Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889

Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183

Ե.- Տանիքէ տանիք  https://www.aztagdaily.com/archives/705619

Զ.-  Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110

Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548

Ը.- Աղեքսանդրիոյ փոքր հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002

Թ.- Մայրս եւ ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիները https://www.aztagdaily.com/archives/707943

Ժ.- Քլաշինն ու թմբուկի փայտիկները https://www.aztagdaily.com/archives/708459 

ԺԱ. Եգիպտոսի գոյները եւ Ճոնին https://www.aztagdaily.com/archives/709504

 

Նախորդը

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.