ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին:
«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը իսկապէս հասկցայ ոչ թէ գիրքի մը մէջ, այլ` Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին: 1975 էր: Երեխայ էի: Մինչ այդ անշուշտ բաներ մը լսած էի: Մեր դպրոցներուն եւ տուներուն մէջ այդ պատմութիւնները կը լսուէին: Մեծերը ծածուկ կը պատմէին: Կը լսէի Ուրֆա, Կելիպոլ, Պոլիս, Զմիւռնիա եւ ուրիշ անուններ` առանց միշտ հասկնալու, թէ այդ բոլորը ինչպէ՛ս իրարու կը կապուէին: Անոնք ինծի համար պատմութիւններ էին, երբեմն տխուր, երբեմն անհասկնալի, բայց տակաւին ամբողջութիւն մը չէին:
Այդ տարին Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակն էր: Ապրիլ 24-ի մեծ ձեռնարկներ նախատեսուած էին Պէյրութի մէջ, բայց Լիբանանի պատերազմը ճիշդ այդ օրերուն սկսած էր: Ապրիլ 13-ի Այն Ռըմմանէի դէպքերէն հազիւ տասնմէկ օր անցած էր, քաղաքին մէջ արդէն կրակոցներ կային, ճամբաներ կը փակուէին, եւ նախատեսուած մեծ ժողովրդային քայլարշաւը չէր կրնար տեղի ունենալ: Փոխարէնը` Պէյրութի կեդրոնը, Սուրբ Լուիի` Քափուչիններու պատմական եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպուած էր լուսանկարներու, փաստաթուղթերու եւ արուեստի ցուցահանդէս մը: Այսօր այլեւս չեմ յիշեր բոլոր մանրամասնութիւնները: Կը յիշեմ հին լուսանկարներ, օտար թերթերու էջեր եւ մանաւանդ այն զգացումը, որ մինչ այդ մեծերէն լսած պատմութիւններս յանկարծ պատերուն վրայ էին:
Այդ ցուցահանդէսին առաջին անգամ հասկցայ, որ մեր ընտանիքներուն պատմութիւնները առանձին պատմութիւններ չէին: Անոնք մեծ պատմութեան մը տարբեր կտորներն էին: Այն, ինչ պատահած էր մեծ հօրս, մեծ մօրս կամ մեր շուրջի ուրիշ ընտանիքներուն, մաս կը կազմէր ամբողջ ժողովուրդի մը ապրած աղէտին: Կարծեմ` այդ օրը առաջին անգամ հասկցայ նաեւ, թէ ինչո՛ւ Լիբանան կը գտնուէինք, հակառակ անոր որ արաբ չէինք: Մինչ այդ Պէյրութը պարզապէս մեր ապրած քաղաքն էր, մեր տունը հոն էր: Պատերուն վրայ այդ լուսանկարներուն առջեւ սկսայ հասկնալ, որ մեր հոն ըլլալն ալ պատմութիւն ունէր: Մեր ընտանիքները տուն ու տեղ կորսնցուցած էին, ուրիշ տեղ մը հասած եւ նոր կեանք սկսած: Ես այդ երկար ճամբուն վերջաւորութեան ծնած երեխայ մըն էի:

Այդ ճամբուն մէկ պատկերը Պէյրութի Քարանթինայի այս հին լուսանկարն է: 1920-ականներու սկիզբը Ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր հայ գաղթականներ հասան Պէյրութ եւ առաջին տարիները ապրեցան այսպիսի վրաններու տակ, ապա` թիթեղէ ու փայտէ հիւղակներու մէջ, 6-8 քեմփերու մէջ:
Կարդացած եմ նաեւ, թէ 1930-ին Ազգերու լիկայի Նանսենեան գաղթականներու գրասենեակը ձեռնարկեց զանոնք Պէյրութի գաղթակայաններէն Պուրճ Համուտ տեղափոխման աշխատանքին: Քաղաքին հիւսիս-արեւելքը գտնուող ճահճային այդ տարածքին վրայ աստիճանաբար բարձրացաւ հայկական նոր քաղաք մը` տուներով, դպրոցներով, եկեղեցիներով եւ ակումբներով: Փոխանակ միայն նպաստ բաժնելու` Նանսէնեան գրասենեակը փոխատուութիւններ տրամադրեց, որպէսզի գաղթականները կարենան վրաններն ու տախտակաշէն հիւղակները փոխարինել մնայուն տուներով եւ տարիներու ընթացքին վերադարձնել պարտքը:

Բայց Նանսենեան ծրագիրը միայն տուն շինել չէր: 1930-ականներու Լիբանանը ծանր արդիւնաբերութիւն գրեթէ չունէր, եւ գաղթականներուն համար ապրուստի նոր միջոցներ պէտք էր ստեղծել: Քաջալերուեցան փոքր արհեստներն ու ինքնուրոյն աշխատանքը` կօշկակարութիւնը, կաշեգործութիւնը, երկաթագործութիւնն ու ոսկերչութիւնը: Այդ արհեստանոցներուն շուրջ Պուրճ Համուտը կամաց-կամաց դարձաւ տնտեսական աշխուժ կեդրոն մը: Մարդիկ, որոնք քանի մը տարի առաջ վրաններու տակ կ՛ապրէին, հիմա տուն կը շինէին, արհեստ կը սորվէին, գործ կը ստեղծէին եւ զայն իրենց զաւակներուն կը փոխանցէին: Այդ արհեստներէն շատերը Պուրճ Համուտի մէջ շարունակուեցան սերունդներ:
Նոյն տարիներուն ամերիկեան «Նիր Իսթ ռիլիֆ» կազմակերպութիւնը Լիբանանի մէջ հիմնեց որբանոցներու ամբողջ ցանց մը` Անթիլիասէն մինչեւ Ճիպէյլ, Ղազիր եւ այլ վայրեր, ուր ապաստան գտան Ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր հայ որբեր: Անոնց միայն սնունդ ու կացարան չտրուեցաւ: Երեխաները դպրոց յաճախեցին, արհեստներ սորվեցան եւ պատրաստուեցան ինքնուրոյն կեանքի: Անթիլիասի այն տարածքը, ուր «Նիր Իսթ ռիլիֆ»-ը հազարաւոր հայ որբեր պատսպարած էր, 1930-ականներուն պիտի անցնէր հայկական եկեղեցական կեանքին եւ հետագային դառնար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնը: Այսպէս, Լիբանանի հայկական աշխարհը միայն գաղթականներու վրաններէն չծնաւ: Ան ծնաւ նաեւ այս որբանոցներէն դուրս եկած հազարաւոր մանուկներէն ու պատանիներէն, որոնք ընտանիքներ կազմեցին եւ նոր կեանք սկսան: Եւ այսպէս, թէ՛ Նանսենեան ծրագիրը, թէ՛ «Նիր Իսթ ռիլիֆ» կազմակերպութիւնը, իսկ հայկական գետնի վրայ` ՀԲԸՄ-ը, հայրենակցական միութիւններն ու ուրիշ կազմակերպութիւններ, միասնաբար օգնեցին, որ վերապրող ժողովուրդ մը դարձեալ ոտքի կանգնի:
Տարինե՜ր ետք, Արցախի հայաթափումէն ետք, երբ աւելի քան հարիւր հազար հայեր դարձեալ ստիպուեցան լքել իրենց տուները, Նանսենեան այդ փորձառութիւնը կարծես մոռցուած էր: Ան պարզ դաս մը կը ձգէր մեզի: Գաղթականին օգնելը միայն առաջին օրերու կարիքները հոգալ չէ: Պէտք է նաեւ պայմաններ ստեղծել, որ ան կարենայ կրկին տուն շինել, գործ ստեղծել եւ նոր կեանք սկսիլ:
Այն Պէյրութը, ուր կ՛ապրէի եւ ուր 1975-ին այդ ցուցահանդէսը կը դիտէի, մասամբ այդ վրաններէն ծնած աշխարհ մըն էր: Ցուցահանդէսէն դուրս ելայ նոյն երեխան, բայց կարծես` քիչ մը տարբեր: Եւ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, երբ մենք Պէյրութի մէջ վաթսուն տարի առաջ մեր ժողովուրդին պատահած աղէտը կը յիշէինք, մեր շուրջը ուրիշ պատերազմ մը նոր կը սկսէր: Այն ատեն չէինք կրնար գիտնալ, որ Լիբանանի այդ քաղաքացիական պատերազմը երկար տարիներ պիտի տեւէր եւ մեր սեփական կեանքերն ալ հետը պիտի փոխէր:

Քառասուն տարի անցած էր, երբ եկաւ ուրիշ ապրիլ 24 մը: 2015 էր, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Այս անգամ Պէյրութ չէի, Լոս Անճելըս էի: Այդ քառասուն տարիներուն շատ բան փոխուած էր: Ապրիլ 24-ները իրարու յաջորդած էին: Յուշահանդէսներ, եկեղեցական արարողութիւններ, քայլարշաւներ, քաղաքական եւ զինեալ պայքար: Հայ դատի հետապնդումը դարձած էր սերունդներու աշխատանք: Բազմաթիւ երկիրներ եւ միջազգային կառոյցներ ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր սերունդը ապրած էր նաեւ Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի ազատագրումը:

24 ապրիլ 2015-ին շուրջ 130 հազար հայեր եւ իրենց զօրակցողները դուրս եկան Լոս Անճելըսի փողոցները: Քալեցինք Լիթըլ Արմենիայէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան: Մարդոց շարքը կարծես վերջ չունէր: Ծերեր կային, երիտասարդներ, երեխաներ, ամբողջ ընտանիքներ: Հայերէն կը լսուէր, անգլերէն կը լսուէր: Դրօշներ, պաստառներ եւ զոհերու լուսանկարներ կային: Մէկ դար առաջ աշխարհով մէկ ցրուած ժողովուրդի մը զաւակներն ու թոռները հիմա միասին կը քալէին Լոս Անճելըսի լայն պողոտաներուն վրայ:
Այդ երկար քայլարշաւի ընթացքին միտքս վերադարձաւ Պէյրութի այն ցուցահանդէսին եւ ապա Անթիլիասի վանքի հսկումը, ուր առաջին անգամ նահատակներու գանկեր տեսած էի: 1975-ին պատի մը վրայ կախուած հին լուսանկարներուն կը նայէի: 2015-ին այդ մարդոց թոռներն ու ծոռներն էին շուրջս: Կը քալէին, հայերէն կը խօսէին, իրենց երեխաները իրենց հետ բերած էին: Մտածեցի, թէ յիշողութիւնն ալ սերունդէ սերունդ փոխանցուող բան մըն է կարծես: Սկիզբը կը պատկանի անոնց, որոնք ապրած են դէպքը, յետոյ կ՛անցնի զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռներուն: Երբեմն լուսանկարի մը մէջ, երբեմն` ընտանիքի պատմութեան մը, անունի մը կամ ապրիլ 24-ի մը միջոցով: Պատմութիւնը միայն այն չէր, ինչ որ կորսնցուցած էինք: Պատմութիւնը նաեւ այն էր, ինչ որ վերապրած եւ շարունակած էր ապրիլ:
Այդ երկու ապրիլ 24-ներուն միջեւ ուրիշ նշանակելի ապրիլ 24 մըն ալ եղաւ: Նիւ Եորքի մէջ էր, 1982-ին: Այդ օրը ծանօթացայ Անիին, որուն հետ տարիներ ետք ընտանիք պիտի կազմէինք: Տարօրինակ է, որ կորուստի յիշողութեան հետ կապուած այդ օրը դարձաւ նաեւ կեանքիս կարեւորագոյն հանդիպումներէն մէկուն օրը:
Թերեւս ապրիլ 24-ն ալ տարիներուն հետ փոխուեցաւ ինծի համար: Սկիզբը ուրիշներու պատմած կորուստն էր: Յետոյ դարձաւ նաեւ իմ ապրած պատմութեանս մէկ մասը: Յետոյ նորէն` ապրիլ, նորէն 24, եւ այսպէս…
1975-ին Պէյրութի մէջ երեխայ մը հին լուսանկարներու կը նայէր եւ կը փորձէր հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահած էր իրմէ առաջ: Քառասուն տարի ետք` Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց, Լոս Անճելըսի փողոցներուն մէջ նոյն մարդը կը քալէր հարիւր հազարաւոր ուրիշներու հետ:
Այդ երկու ապրիլ 24-ներուն միջեւ միայն քառասուն տարի չէր անցած: Կեանք մը անցած էր:
**
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե. Տանիքէ Տանիք https://www.aztagdaily.com/archives/705619


