Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՛յր լեզուն չմոռանաս»:
Ս. ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Անշուշտ միշտ ուրախալի եւ վարակիչ երեւոյթ է, երբ հաւաքականութիւններ, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, կը պայքարին պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, ընդհանրապէս ազգային արժէքները: Այս պարագային Սուրիոյ քիւրտերը կ՛աշխատին իրենց մայրենին պահպանել: Syria Direct կայքը կ՛անդրադառնայ այս երեւոյթին:
Ն.
Սուրիոյ քիւրտերը կը բողոքեն հիւսիս արեւելեան դպրոցներուն մէջ արաբերէնով ուսուցման ներդրումին դէմ, վախնալով կրթական նահանջէն եւ քրտական ինքնութեան քայքայումէն` Դամասկոսի եւ քրտական համայնքներու միջեւ աճող անվստահութեան խորապատկերին վրայ:
Սուրիացի քիւրտերու խումբ մը հաւաքուած է Գամիշլիի մարզադաշտի դիմաց, բողոքելով կառավարութեան որոշման դէմ` պետական դպրոցներու մէջ արաբերէնի դասընթացքներ սկսելու վերաբերեալ, 23 սեպտեմբեր 2026-ին:
Սեպտեմբերին հարիւրաւոր սուրիացի քիւրտեր իբրեւ բողոք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող փողոցները իջան`, պահանջելով, որ քրտերէնը մնայ դպրոցներու մէջ ուսուցման հիմնական լեզուն: Ուժի մէջ մտած էր` կառավարութեան որոշումը կարգ մը նիւթեր արաբերէնով դասաւանդելու վերաբերեալ: Այս մէկը զարմացուցած էր քիւրտ բնակիչները:
Որոշումը վերջին լարուածութեան կէտն է, որ կը փորձարկէ Սուրիոյ կառավարութեան եւ քիւրտերու գլխաւորած Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ փխրուն համախոհութիւնը: Քրտական այս կազմակերպութիւնը օգոստոսին պաշտօնապէս յայտարարեց իր լուծարման մասին:
Գամիշլիի մէջ աշակերտներ, ուսանողներ, ծնողներ եւ բնակիչներ հաւաքուած էին «Մարտի 12»-ի մարզադաշտին մէջ, որ յայտնի է որպէս քրտական ինթիֆատայի մեկնարկի վայր:
2004 թուականին տասնեակ քիւրտեր սպաննուեցան անվտանգութեան ուժերու եւ դաշնակից ցեղային զինեալներու կողմէ այդ մարզադաշտին մէջ` ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին: Անկէ ետք, երկրի ամբողջ տարածքին սկսան անկարգութիւններ:
Ցուցարարները քրտերէն լեզուի համար պայքարը կը նկատեն գոյաբանական, երբ անոր օգտագործումը տասնամեակներ շարունակ արգիլուած էր Ասատի երկրին մէջ:
Յունուարին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհ հրամանագիր ստորագրեց` ճանչնալով քիւրտերու լեզուական եւ մշակութային իրաւունքները, քրտերէնը պետական լեզու հռչակելով:
Անցեալ տարուան մարտին կրթութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց քրտերէնի մասնագէտներուն եւ ուսուցիչներուն` մշակելու քրտերէնի ուսումնական ծրագիր մը:
Առ այդ, քիւրտ աշակերտներն ու ծնողները ցնցուած էին, երբ անցեալ ամիս ուսումնական տարուան մեկնարկին տեղեկացան, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշած էր, որ արաբերէնը ըլլայ ուսուցման հիմնական լեզուն: Նախապէս կառավարութեան յայտարարութիւններուն մէջ արաբերէնով դասաւանդման մասին ոչ մէկ յիշատակում եղած էր:
«Այսօր` քիւրտերու գլխաւորած ինքնավար վարչակազմի օրով, քիւրտերուն ձեռք բերած նուաճումները կը քայքայուին»,- կ՛ըսեն բնակիչները:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է վերականգնել պետութիւն մը առանց քաղաքացիներու միջեւ ընդհանուր լեզուի:
«Այս աշխարհը գալէն ի վեր մեր լեզուն քրտերէնը եղած է, եւ մենք արաբերէնը լաւ չենք հասկնար»:
Կրթական արդիւնք
Մինչ սուրիացի քիւրտերու նախորդ սերունդները սահուն կը խօսին արաբերէն, բայց եւ այնպէս նոր սերունդին մեծ մասը այդպէս չէ:
«Այս աշխարհը գալէն ի վեր մեր լեզուն քրտերէնը եղած է, եւ մենք արաբերէնը լաւ չենք հասկնար»,- ըսած է 15-ամեայ Միրան Սուլէյման: Ան կը նշէ, որ այլեւս պիտի չկարենայ հասկնալ թուաբանութիւնն ու գիտութիւնը, քանի որ անոնք այժմ կը դասաւանդուին ամբողջութեամբ արաբերէնով: «Այդ նաեւ մեր ինքնութիւնն է»,- աւելցուցած է ան:
Քիւրտ ծնողները կը վախնան, որ իրենց զաւակները նահանջեն ուսման մէջ` լեզուական խոչընդոտին պատճառով: «Ուսանողներու մեծ մասը դպրոց չ՛երթար իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն եւ որովհետեւ պիտի չկարենան հասկնալ, թէ ի՛նչ կը դասաւանդուի: Այս կացութեան բերումով կարգ մը աշակերտներ կրնան ստիպուած կրկնել դասարանները»,- ըսաւ 46-ամեայ Հանաա Այնաս, որ նախապէս որպէս ուսուցչուհի աշխատած է ինքնավար վարչակազմին մէջ, իսկ այժմ կը գործէ Ուսուցիչներու միութեան մէջ:
Ան կը յիշէ, թէ ինչպէս Ասատի վարչակարգին օրով անհաւասար կրթական արդիւնքներ կային քիւրտ եւ արաբ աշակերտներու միջեւ:
«Մենք դպրոցին մէջ դժուարութիւններու կը հանդիպէինք ուսուցիչներն ու արաբ աշակերտները հասկնալու հարցով, քանի որ տան մէջ քրտերէնով կը մեծնայինք»,- ըսաւ Այնաս: «Արաբ աշակերտները դպրոցին մէջ աւելի յառաջադէմ եւ խելացի էին»:
Այնաս սուրիացի քիւրտերու այն սերունդէն է, որ կը յիշէ այն օրերը, երբ քրտերէն խօսիլը յանցանք էր:
«Մենք դպրոցէն ետք գաղտնի քրտերէն կը սորվէինք եւ մեր տետրակները կը պահէինք հագուստին տակ»:
Ասատի վարչակարգը կ՛արգիլէր քրտերէնի գործածութիւնը հանրային վայրերու` դպրոցէն եւ աշխատավայրերէ ներս: Վարչակարգը նաեւ կ՛արգիլէր քրտերէն հրատարակութիւնները եւ քրտական մշակութային ձեռնարկները, ինչպէս Նովրուզի` քրտական Նոր տարուան տօնակատարութիւնը:
«Դպրոցին մէջ մենք մեր ձայները կը ցածցնէինք, երբ քրտերէն կը խօսէինք, քանի որ մեզի ընդհանրապէս չէին արտօներ քրտերէն խօսիլ»,- կը յիշէ Այնաս: «Մենք դպրոցէն ետք գաղտնի կը սորվէինք քրտերէն եւ մեր տետրակները կը պահէինք մեր հագուստին տակ»: Անոնք, որոնք կ՛անտեսէին կառավարութեան կողմէ քրտերէն դասաւանդելու արգելքը, կը ձերբակալուէին:
Սուրիացի երիտասարդ քիւրտը Գամիշլիի մէջ բողոքի ցոյցի ատեն բարձրացուցած է «Մենք կ՛ուզենք քրտերէն լեզուն» գրութեամբ պաստառ
Կրթութիւնը իբրեւ քաղաքականութիւն
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը կրթութեան համար շատոնց կռուի դաշտ եղած է: Մինչեւ Ասատի վարչակարգի անկումը, ինքնավար վարչակազմը պարբերաբար կը փակէր արաբերէն լեզուով կառավարութեան ուսումնական ծրագիրը դասաւանդող դպրոցները: Բազմաթիւ ծնողներ, որոնց շարքին քիւրտերը, կը նախընտրէին իրենց զաւակները ուղարկել վարչակարգի դպրոցներ, քանի որ ինքնավար վարչակազմի վկայականները չէին ճանչցուեր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն դուրս:
2012 թուականին, վարչակարգի հիւսիսարեւելեան Սուրիայէն դուրս գալէ ետք, դպրոցներուն մէջ դասաւանդութիւնը սկսաւ իրականացուիլ ամբողջութեամբ քրտերէնով:
2012 թուականին քիւրտերու գլխաւորած ինքնավար վարչակազմը մշակեց քրտերէնով ուսումնական նոր ծրագիր եւ դասաւանդեց քրտական պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:
2016-ին Ափրիկէի մէջ հիմնադրուեցաւ քրտական առաջին համալսարանը: Հետագային քանի մը ուրիշներ հիմնադրուեցան Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ:
Մինչ թուաբանութիւնը եւ գիտութիւնը այժմ կը դասաւանդուին արաբերէնով, փիլիսոփայութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ ընկերային գիտութիւններու ուսումնական ծրագիրը կը մնայ անփոփոխ` հիմնուելով ինքնավար վարչակազմի ուսումնական ծրագիրին վրայ մինչեւ յառաջիկայ տարի, երբ Սուրիոյ մէջ կը ներդրուի կառավարական ուսումնական նոր ծրագիր:
Այդուհանդերձ, կան մտավախութիւններ, որ քրտական պատմութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ անտեսուիլ նոր դասագիրքերուն մէջ: Անյայտ է, թէ որո՞նք ներառուած են ուսումնական նոր ծրագիրը մշակող յանձնախումբին մէջ, եւ արդեօ՞ք ներկայացուած են քիւրտեր:
«Մենք պարտաւոր ենք նաեւ արաբերէն սորվիլ, քանի որ միասին կ՛ապրինք նահանգի մը մէջ` իբրեւ քիւրտեր, ասորիներ, հայեր եւ արաբներ»:
«Ուսումնական նոր ծրագիրը պէտք է տեսանելի դարձնէ տարբեր խումբերու ուսանողներու մշակոյթը, պատմութիւնը, փորձառութիւնը եւ տեսակէտները»,- ըսաւ կրթութեան եւ խաղաղութեան կառուցման մասնագէտ Պենուա Մարթին, որ Նետրլանտներու մէջ գործող PAX խաղաղասիրական կազմակերպութեան պաշտօնատարներէն է: «Ասիկա կը նշանակէ, որ կայ ուսումնական ծրագիրը ամբողջութեամբ վերանայելու հրատապ անհրաժեշտութիւն»:
Եւրոպական համալսարանական հիմնարկի գիտաշխատող եւ քրտական հարցերով մասնագէտ Թոմաս Մաքկի իր կարգին ըսաւ.« Կրթութիւնը ունի ներքին եւ խորհրդանշական նշանակութիւն. այդ կը խօսի հաստատութիւններ կառուցելու ջանքերուն, ուսումնական ծրագիրներու եւ հակամարտութեան ընթացքին դիմադրութեան առօրեայ գործողութիւններուն մասին»:
Նախկին ինքնավար վարչակազմի Ուսուցիչներու միութեան առջեւ գտնուող որմնանկարին վրան գրուած է. «Քրտերէնը գեղեցիկ է, հարուստ, հաճելի եւ երաժշտական»:
«Ինչպէս աշխարհի բոլոր ուրիշներ, մենք ալ կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները սորվին իրենց լեզուով. իւրաքանչիւր համայնք պէտք է ուսանի իր լեզուով»,- ըսաւ 48-ամեայ Հատիյա Ապտուլ Վահապ, որ երեք երեխաներու մայր է:
Ինքնավար վարչակազմի օրերուն ասորիներուն կ՛արտօնուէր ուսանիլ իրենց լեզուով, արաբները կ՛ուսանէին իրենց մայրենի լեզուով: Քիւրտ աշակերտները շաբաթական երկու ժամ արաբերէնի պահ ունէին:
Ապտուլ Վահապ դէմ չէ իր զաւակներուն արաբերէն սորվելուն: «Մենք պարտաւոր ենք նաեւ արաբերէն սորվիլ, քանի որ միասին կ՛ապրինք նահանգի մը մէջ իբրեւ քիւրտեր, ասորիներ, հայեր եւ արաբներ, բայց քիւտերուն համար նախատեսուած դասերուն մեծ մասը պէտք է ըլլայ քրտերէնով»:
«Կարեւոր է խորհրդածել իրաքեան փորձառութեան մասին` իբրեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի երիտասարդներու ամբողջ սերունդ մը, որ մեծցած է շատ քիչ արաբերէն խօսելով, եւ որ այսօր չի կարենար յարաբերիլ Իրաքի այլ մասերէն եկած տարեկիցներու հետ»:
Մեծ մասը համաձայն է, որ երկրին անհրաժեշտ է ընդհանուր լեզու, որպէսզի սուրիացիները կարենան հաղորդակցիլ իրարու հետ:
«Տրամաբանօրէն եւ գործնականօրէն այդ կ՛ըլլայ արաբերէնը»,- ըսաւ Մաքկին: «Միաժամանակ, միասնական պետութեան վերականգնման այլ մաս մըն է քրտերէն լեզուի նկատմամբ արգելքներու ժառանգութեան յաղթահարումը»:
Մարթին իր կարգին ըսաւ. «Հակամարտութենէն ետք Սուրիոյ մէջ կարեւոր է ձգտիլ լուծել գոյութիւն ունեցող բեւեռացումը, որ պիտի մեծնայ, եթէ անհատները չկարենան հաղորդակցիլ եւ փոխադարձ կապ հաստատել նոյն լեզուով: Կարեւոր է խորհրդածել իրաքեան փորձառութեան մասին` իբրեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի երիտասարդներու ամբողջ սերունդ մը, որ մեծցած է շատ քիչ արաբերէն խօսելով, եւ որ այսօր չի կարենար յարաբերիլ Իրաքի այլ մասերէն եկած տարեկիցներու հետ»:
Սակայն անվստահութիւնը խոչընդոտած է Դամասկոսի եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի միջեւ համարկման հոլովոյթը: Անցեալ ամիս սպաննուած է քիւրտերու գլխաւորած Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու նախկին անդամ մը, որ վերջերս միացած էր սուրիական բանակին: Անոր մահը լայնածաւալ բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու պատճառ դարձած է Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ցոյցերը կրկին համակած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, քանի որ արաբ բնակիչները կը պահանջէին, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ամբողջովին իր հակակշիռին տակ առնէ Հասաքէ նահանգը:
Ցուցարարներ պատռած են Ինքնավար վարչակազմի եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու դրօշներն ու խորհրդանիշերը: Ապահովական ուժերը ապա ցրուած են զանոնք:
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Սուրիոյ կառավարութիւնը կրնայ չեղեալ յայտարարել իր վերջին որոշումը: «Դամասկոսի կողմէ կան խոստումներ վերադառնալու ինքնավար վարչակազմի ուսումնական ծրագիրի քրտերէն լեզուով դասաւանդման, քիւրտ աշակերտներու համար իրենց շրջաններուն եւ դպրոցներու մէջ»,- ըսած է Հասաքէ նահանգի կրթութեան վարչութեան բանբերը:
Մաքկին կրթութեան հարցը կը նկատէ ապակեդրոնացման անբաժանելի մաս, որուն Սուրիոյ կառավարութիւնը ցարդ հրապարակաւ դիմադրած է:
«Լեզուի հարցը կը խորհրդանշէ ինքնութեան եւ տեղական իւրայատկութիւններու ընդհանուր վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ գործնականօրէն ապակեդրոնացուցած է կառավարման մօտեցումները»,- բացատրեց ան:
Քրտական լեզուի հարցին մէջ զիջումը կրնայ առաւելութիւն ըլլալ Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ կառավարման համար:
«Իբրեւ քիւրտեր մենք յառաջ կը շարժինք համարկման եւ համակեցութեան ճամբով»,- աւելցուց Ապտիւլ Վահապ: «Բայց եւ այնպէս, Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ մենք կը զգանք, որ համարկումը ճիշդ ձեւով տեղի չ՛ունենար»:
«Սուրիական կառավարութեան այս միակողմանի որոշումը նկատի չ՛առներ քրտական շրջաններու մտահոգութիւններն ու խնդրանքները եւ յաւելեալ քայլ է երկու կողմերու միջեւ վստահութիւնը խաթարելու ուղղութեամբ»,- ըսաւ Մարթին:


