Մեծ վաճառատան մը մուտքին` ինծի համար, կամ ինծի պէսներուն համար նստարան մը դրուած է, պարզ, սպիտակ ներկուած փայտէ երիզներէ կազմուած, հանգստաւէտ նստարան մը, որուն վրայ երկու հոգի, սեղմուելով` երեք հոգի կրնան նստիլ: Կինս ու աղջիկս, կրտսեր թոռներուս հետ, մտած են ներս, իսկ ես կ՛օգտուիմ այդ նստարանէն` քիչ մը արեւ առնելու, քիչ մըն ալ մտնող-ելլողը դիտելու: Մինակս եմ, զիս խանգարող չկայ:
Հետաքրքրական դիրք մը ունիմ: Քիչ մը հեռու եմ մուտքի ապակի դռներէն, շատ չեն նկատեր զիս, բայց ես կրնամ լաւապէս տեսնել վաճառատան այդ եկող-գացող յաճախորդները: Անմիջապէս ըսեմ նաեւ, որ երկրորդ թոռնուհիիս նման, ես ալ չեմ սիրեր վաճառատան մը մէջ թափառիլ, դնել-վերցնել, վերցնել-դնել ու բան մը որոնել: Նախապէս որոշած կ՛ըլլամ որոնելիքս, գտայ` գտայ, չգտայ` վերջ. կը ձգեմ կ՛ելլեմ: Թոռնուհիս ինձմէ ալ ճարպիկ է: Ան նախապէս կը ստուգէ, թէ որոնածը կա՞յ տուեալ վայրը, կամ այլուր, կամ ալ կը դիմէ մեծ գետին` «Ամազոն»-ին, որուն «ալիքները» մէկ-երկու օրէն կը հասցնեն ուզածը: Չեղա՞ւ, չյարմարեցա՞ւ: Վերադարձնելու միջոցն ալ տրամադրուած է արդէն:
Հիմա, կը տեսնեմ, հոս ալ ինչպէս ոմանք պարապ ձեռքերով կու գան, լեցուն ձեռքերով կ՛երթան, կամ հակառակը` ապրանք մը կամ նոյնիսկ քանի մը ապրանք շալկած կու գան, ետ կու տան, կը փոխարինեն կամ փոխարժէքը առած կը մեկնին: Ոմանք, աւելի խելացիներ, նոյնիսկ երկանիւ փոքր սայլակով մը ետ կը բերեն կամ կը տանին իրենց բեռները…
Ամառ է, ես ալ արձակուրդի եկած եմ, կարճ տաբատով նստած եմ այդտեղ, թոյլ կու տամ, որ արեւի շողերը շոյեն, ջերմացնեն մորթս, մարմինս: Մեր քով ձմեռը երկար էր, գարունն ալ կարծես չկրցաւ որոշել գա՞յ, թէ՞ չգայ:
Հոս կարծես միշտ ամառ է, բայց բարեբախտաբար մեր եկած օրերուն ամառնամուտի աւելի կիրթ օդեր էին:
Ուրեմն, յաճախորդներն ալ կարճ տաբատներով են, կարճ, գերկարճ փէշերով` ցուցադրելով իրենց տեսարժան կողմերը… Բայց պէտք է ընդունիլ, որ ոչ տեսարժան կողմերն ալ կ՛երեւին յաճախ, քանի որ, եթէ ոմանք բարեձեւ են ու կ՛երեւի, թէ հոգ կը տանին իրենց տեսքին ու ծանրութեան, կայ մեծամասնութիւն մը, որ այդ մասին չի մտածեր իսկ: Արդարեւ, ամէնէն փոքրերէն մինչեւ ամէնէն տարեցներուն մօտ ծանրամարմնութեան ախտ մը կայ, համաճարակ մը, որ թէ՛ այրերուն եւ թէ՛ կիներուն վրայ տարածուած է: Ի՜նչ որովայններ են, մանաւանդ տղոց մօտ, որ իրաններէն դուրս պիտի իյնան կարծես, եւ որոնք շատ լաւ կրնան ծառայել ոմանց` իրենց տարած-բերած տուփերը տեղաւորելու համար…
Աշխարհի ամէնէ՜ն յառաջացածը ըլլալու յաւակնութիւնը ունեցող այս երկրին մէջ կարծես որկրամոլութիւնը բարենիշ մը դարձած է: Ճաշարաններն ալ կը մրցին իրարու հետ աւելի ու աւելի մեծ պնակներով իրենց ճաշերը քեզի մատուցելու համար: Մանաւանդ միսի շերտերը` քանի մը մատի հաստութեամբ: Այդպէս, մե՜ծ ախորժակով ու անյագօրէ՛ն կերած ատեն, չե՞ն անդրադառնար միթէ, որ աշխարհի վրայ միլիոնաւոր մարդիկ անօթութենէ կը տառապին ու սովամահ ալ կ՛ըլլան:
Կը զարմանամ, երբեմն տեսնելով ա՛յդ իսկ երկիրներէն եկողներ, ամէն գոյնի, որոնք կարծես վրէժ կը լուծեն իրենց նախկին իրավիճակէն ու կը ջանան առաւելագոյնը յղփանալ այստեղ: Ափսո՛ս:
Կու գան, կու գան ոմանք եբենոսի նման սեփ-սեւ, ոմանք ալ` սեւ սուրճի կամ կաթնախառն սուրճի չափ թուխ, տակաւին ուրիշներ այնքան սպիտակ, որ կարծես մորթը ներկած ըլլան, երբ բնականաբար այս արեւուն տակ անոնք ալ գոյն մը պիտի ստացած ըլլային: Այդ սպիտակամորթերէն ոմանց լողազգեստներէն դուրս մնացած մասերը` կարմի՜ր, կարմի՜ր:
Կու գան, կու գան պարզ յարդարուած մազերով, ոմանք` վարսայարդարին քովէն նոր դուրս եկած ըլլան կարծես, ուրիշներ բոլորովին անխնամ ծամերով` երեսը, նոյնիսկ աչքերը ծածկած: Կու գան նաեւ այլեւայլ գոյներ ցուցադրող վարսերով` կանաչ, կարմիր, մանուշակագոյն…
Դեռ կու գան արուեստի վերջի՜ն գործերով դաջուած մարմիններով` թեւերը, սրունքները, զիստերն ու յետոյքները, պորտերէն վեր ու պորտերէն վար: Երիտասարդներ չեն անոնք միայն: Հիմա է՜ր երբեմն իրենց խենթ օրերուն այդպէս զարդարուած ծերեր ալ կան այլեւս… Ընդունինք, որ երբեմն շատ սիրուն փոքր դաջուածքներ կրնանք վայելեցնել ոմանց, բայց ինչպէ՞ս մեկնաբանել այդ չափազանցեալ «արուեստասիրութիւնը», երբ մարմնին վրայ մորթի «անզարդ» մասնիկ մը մնացած չ՛ըլլար:
Գրեթէ ամէն եկող գլուխը կախ կու գայ, աչքերը յառած ձեռքի հեռաձայնին, այդ ալ պատճառներէն մէկն է, որ ոչ ոք կը նկատէ զիրենք դիտողն այս: Սա ընդհանրական երեւոյթ է: Միայն այստեղ չէ, այս վաճառատան մուտքին: Ամէն վաճառատուն, ամէն խանութ մտնող, նոյնիսկ պարզապէս փողոցէն անցնող այդպէս գլուխը ծուռ, արդէն կարծես կուզիկն ալ ելած կը քալէ:
Կու գան առանձինն, կու գան իրենց զոյգին հետ` կին-ամուսին, ընկեր-ընկերուհի եւ այլն: Ոմանք իրենց երեխային կամ երեխաներուն հետ, անոնցմէ մէկն ու մէկն ալ կուրծքին վրայ կախուած տոպրակի մը մէջ: Նոյն այդ ձեւով ոմանք իրենց շունիկը բերած կ՛ըլլան, կամ կատուն… Փոքրերը երբեմն պարանի մը անցած փուչիկով մը, որ յանկարծ կրնայ փախչիլ իրենց ձեռքէն, երկինքները բարձրանալ ու լացնել անոնց տէրերը: Կիներուն, աղջիկներուն ձեռքին ալ զիրե՛նք հմայող խաղալիքները` շուկայի վրայ գտնուող ամէնէն թանկարժէք պայուսակները, կամ ոտքերուն` աներեւակայելի գիներով կօշիկներ, անկասկած ի ցոյց մարդկանց: Կը տեսնես, որ հայաշատ այս թաղին մէջ, հայ պէտք է ըլլան անոնցմէ շատեր, որոնք պատրաստ են հազարաւոր տոլարներ յատկացնել նման բաներու, բայց պատրաստ չեն մէկ տոլար իսկ նուիրելու այլ նպատակներու… Բարեբախտաբար մեծամասնութեան ոտքին մարզական կօշիկներ են, նոյնիսկ յաճախ ծովափի մուճակներ:
Բայց երկար չեղա՞ւ: Սա մերինները տակաւին չգտա՞ն իրենց ուզածները: Մէյ մը ես ալ ներս մտնեմ ու տեսնեմ ի՛նչ եղան,- կ՛ըսեմ ու ոտքի կ՛ելլեմ այս փառաւոր դիտարան-նստարանէս:



