ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին: Ապրուած Օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել անոնցմէ որոշները: Յուսամ անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն մայրս իր հին «Վոլզուակըն»-ով յաճախ ընկերուհիները կը հաւաքէր ու ԼՕԽ կը տանէր: Հոն` Ռիթան, Կարինէն, Սեդաները, Սօսէն, երբեմն` մէկը, երբեմն միւսը: Ես ալ, տան մէջ այդ երթուդարձին վարժուած, երբեմն քիթիս տակէն կատակով կ՛ըսէի.
– Նորէ՞ն ժողովի:
Մայրս գրեթէ միշտ նոյն պատասխանը կու տար.
– Մեր ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը ժողով չ՛ըներ: Մենք գործ կ՛ընենք:
Ու կը մեկնէր:
Այն ատեն այդ նախադասութեան մասին առանձնապէս չէի ծանրանար: ԼՕԽ-ը մեր կեանքին բնական մէկ մասն էր: Ժողովներ կային, ձեռնարկներ կային, կիներ կային, որոնք շարունակ տեղ մը կ՛երթային, բան մը կը կազմակերպէին: Մեզի համար այդ բոլորը սովորական էին: Միայն տարիներ ետք սկսայ հասկնալ, թէ մօրս այդ կարճ պատասխանը որքա՛ն ճիշդ կը նկարագրէր իր եւ իր ընկերուհիներուն ըրածը:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը նշանակէր Ձեռարուեստի յանձնախումբը: Տարբեր տարիներու ընթացքին անոր կազմը բնականաբար կը փոխուէր, բայց այն տարիներուն գործին շուրջ հաւաքուած հիմնական խումբին մաս կը կազմէին` Ռիթա Պոսնոյեանը, Կարինէ Ալեքսանեանը, մայրս` Մալվին Արտալճեանը, Սեդա Թորիկեանը, Սեդա Մեսրոպեանը եւ Սօսէ Պոյաճեանը: Անուններ, որոնք ինծի համար պաշտօնական արձանագրութիւններու անուններ չէին: Մօրս ընկերուհիներն էին: Մարդիկ, որոնց հեռաձայնները կը հնչէին մեր տան մէջ, որոնց հետ մայրս կը հանդիպէր, կը ծրագրէր, թերեւս երբեմն կը վիճէր եւ յաջորդ օրը դարձեալ գործի կը լծուէր:
Տարիներ ետք ԼՕԽ-ի արխիւներուն մէջ գտայ պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս սկսած էր այդ բոլորը:
1976-ի Էշրէֆիէ-Նապաա ռմբակոծումներու ծանր օրերն էին: Սննդանիւթերը հետզհետէ կը պակսէին, գործերը կանգ առած էին, իսկ ժողովուրդը մատնուած էր անորոշութեան եւ տագնապի: ԼՕԽ-ի դարմանատունն ու գրասենեակը, որոնք կը գտնուէին ԼՕԽ-ի ապագայ աշխատանոցին եւ ձեռարուեստի կեդրոնին տեղը, առաւօտ կանուխէն մինչեւ փակուելու ժամը լեցուն կը մնային կիներով: Անոնք իրենց սննդաբաժինը առնելէ ետք ալ չէին ուզեր մեկնիլ: Կը մնային, կը խօսէին, կը պատմէին, կը գանգատէին: ԼՕԽ-ի ընկերուհիները կը յորդորէին, որ տուն վերադառնան ռմբակոծումները չսաստկացած, բայց շատեր կը նախընտրէին մնալ ԼՕԽ-ի համեստ, բայց իրենց համար ապահով յարկին տակ:
Այդ օրերուն պարզ հարցում մը սկսաւ ԼՕԽ-ի պատասխանատուները մղել մտորումներու` ինչպէ՞ս զբաղեցնել այս կիները:
Այդ հարցումէն ծնաւ գաղափարը` ստեղծելու հայկական ձեռագործի աշխատանոց մը, ուր կիները կրնային մինչեւ կէսօր մնալ, աշխատիլ եւ ապա տուն վերադառնալ: 4 յունիս 1976-ին Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի դասարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանդիպումը` Պուրճ Համուտի ձեռարուեստի մասնագէտ կիներուն եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն միջեւ, եւ պատրաստուեցաւ սկզբնական ծրագիրը:
Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը այդ նպատակին համար տրամադրեց իր սրահը: 18 յունիսին աշխատանքը սկսաւ քսան կիներով եւ երեք վարպետ ուսուցչուհիներով` հայկական ձեռագործներու մասնագէտ Ովսաննա Թէքէլեանի կամաւոր ղեկավարութեամբ: Արխիւային նկարագրութեան մէջ այդ առաջին օրերէն գեղեցիկ պատկեր մը կայ: Դուրսը ռումբերու ժխորն ու սարսափն էին, իսկ ներսը` ասեղը լաւ բռնելու ճիգը: Աշխատանոցը կարծես փոքր ապաստան մը դարձած էր պատերազմի մէջ:
Լուրը շուտով տարածուեցաւ: Մասնակցողներուն թիւը հասաւ յիսունի, երբեմն` վաթսունի: Որոշուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր աշխատող հայուհիի վարձատրութիւն տալ: Հետաքրքրական է, որ անոնցմէ ոմանք իրենց ստացած գումարը կը վերադարձնէին ԼՕԽ-ին:
Այս փորձառութենէն քաջալերուած` ԼՕԽ-ը սկսաւ աւելի կազմակերպուած աշխատանոցի ծրագիր մշակել: Նպատակները երեքն էին` գործ հայթայթել հայուհիներուն, կորուստէ փրկել հայկական ձեռագործի հին նախշերն ու ձեւերը, եւ պատրաստուած աշխատանքներուն վաճառքով մնայուն եկամուտ ապահովել ԼՕԽ-ի ընկերային աշխատանքներուն համար:
Այդ նախշերն ու ձեռագործի ձեւերը իրենց հետ կը բերէին ամբողջ աշխարհագրութիւն մը: Անոնք կու գային Կիլիկիայէն ու պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ կը կրէին իրենց ծննդավայրերուն անունները` Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Սեբաստիա, Վան, Վասպուրական, Քիլիս, Մալաթիա, Կեսարիա, Տրապիզոն եւ Տիգրանակերտ: Կար նաեւ ասեղնագործ ժանեակը` հայկական ժանեակը: Այդ անուններուն ետին տարբեր գոյներ, նախշեր եւ կարի եղանակներ կային, բայց նաեւ` կորսուած քաղաքներու եւ տուներու յիշողութիւն մը:
Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահը շուտով փոքր եկաւ: Երբ ԼՕԽ-ի դարմանատունը աւելի ընդարձակ յարկաբաժին փոխադրուեցաւ, նախկին դարմանատունն ու գրասենեակը վերածուեցան աշխատանոցի: 1977-ի յունուարին կիները փոխադրուեցան իրենց նոր վայրը:
Այսպէս սկսաւ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի աշխատանոցը:

Բայց այս բոլորը կը կատարուէին պատերազմի մէջ: Մօրս հին «Վոլզուակըն»-ն ալ այդ օրերու պատմութեան փոքր մասնիկներէն մէկն էր: Անով իր ընկերուհիներէն մէկ քանին կը հաւաքէր եւ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի աշխատանոցը կը տանէր: Օր մը ռմբակոծումի մը ընթացքին «Վոլզուակըն»-ը վնասուեցաւ: Ապակիները փշրուեցան, ինքնաշարժն ալ վնասներ կրեց:
Այդ օրերէն լուսանկար մը մնացած է: Մայրս կանգնած է վնասուած «Վոլզուակըն»-ին կողքին: Լուսանկարին մէջ կը ժպտի, բայց կը յիշեմ, որ պատահածէն շատ ընկճուած էր: Այդ ինքնաշարժը պարզապէս հին մեքենայ մը չէր: Անով կը շարժէր, ընկերուհիները կը հաւաքէր, գործերը կը հասցնէր:
Բայց մայրս երկար չմնաց այդ վիճակին մէջ: Ինքնաշարժը Պուրճ Համուտ մեր տղոց մօտ նորոգել տուաւ: Կոտրած ապակիները փոխուեցան, վնասները կարելի եղածին չափ շտկուեցան, եւ հին «Վոլզուակըն»-ը դարձեալ ճամբայ ելաւ: Մայրս ալ շարունակեց ընկերուհիները հաւաքել ու ԼՕԽ տանիլ:
Պատերազմը կրնար ապակիները կոտրել: Գործը, սակայն, պիտի շարունակուէր:
Ձեռարուեստի աշխատանքը հետզհետէ աճեցաւ: Հայկական ասեղնագործութիւններն ու ձեռքի աշխատանքները միայն գեղեցիկ առարկաներ չէին: Անոնց ետին կային կիներ, որոնք գիտէին ասեղ բռնել, հին նախշեր վերարտադրել եւ իրենց ձեռքի աշխատանքով բան մը ստեղծել: Յանձնախումբին գործը այդ կարողութիւնը կազմակերպելն էր, աշխատանքին որակը պահելը, պատրաստուած գործերը ցուցադրելը եւ անոնց համար գնորդ գտնելը:
1977-ի հին լուսանկարներուն մէջ արդէն կը տեսնենք այդ աշխատանքին մէկ կարեւոր փուլը: Մայիսին կազմակերպուած առաջին ցուցահանդէսին մարդիկ կը շրջին պատրաստուած ձեռագործներուն առջեւ եւ կը դիտեն ասեղնագործութիւնները: Լուսանկարները սեւ ու սպիտակ են, դէմքերը` երիտասարդ: Այսօր անոնց նայելով` դժուար է չմտածել, որ այդ կիները իրենք ալ հաւանաբար չէին գիտեր, թէ իրենց առօրեայ աշխատանքը օր մը պատմութեան փոքր էջ մը պիտի դառնար:

Այդ նոյն մայիսին, քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն, Խորէն Ա. եւ Գարեգին աթոռակից կաթողիկոսները Պուրճ Համուտ եկան եւ այցելեցին ցուցահանդէսը: 1977-ին, Խորէն Ա.ի առողջական վիճակին պատճառով Գարեգին Սարգիսեան ընտրուած էր աթոռակից կաթողիկոս, որպէսզի օգնէր անոր եւ ապահովէր կաթողիկոսութեան շարունակականութիւնը: Ան հետագային պիտի դառնար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ապա` Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոս: Պատերազմի այդ օրերուն երկու կաթողիկոսներուն ներկայութիւնը պարզ այցելութիւն մը չէր: Ան նաեւ քաջալերանք էր խումբ մը հայ կիներու, որոնք իրենց շուրջ ամէն ինչ քանդուելու ժամանակ կը շարունակէին ստեղծել եւ աշխատիլ:

Աշխատանոցը հետզհետէ աւելի կազմակերպուած դարձաւ: Ցուցահանդէսները առիթ կու տային գործերը ներկայացնելու եւ վաճառելու, բայց նպատակը մնայուն տեղ մը ունենալն էր: Այդ աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ 1980-ի սեպտեմբերը, երբ բացուեցաւ Ձեռարուեստի կեդրոնը եւ անոր հետ` Artisanat վաճառատունը: Այլեւս հայկական ձեռարուեստը միայն ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու սեղաններուն վրայ չէր յայտնուեր, ունէր իր մնայուն տեղը, ուր կարելի էր տեսնել, ընտրել եւ գնել զայն:
Ձեռարուեստի յանձնախումբին աշխատանքը Պուրճ Համուտով չսահմանափակուեցաւ: Տարիներու ընթացքին հայկական ձեռարուեստը ներկայացուեցաւ նաեւ արտասահմանի մէջ` Ժընեւ, Քանատա, Փարիզ, Կիպրոս եւ Շարժա: Իսկ 2005-էն սկսեալ կեդրոնը ձեռագործի դասընթացքներ կազմակերպեց: Աւելի քան հարիւր կիներ աւարտեցին այդ դասընթացքները եւ վկայական ստացան: Անոնցմէ ոմանք դարձան ձեռարուեստի ուսուցչուհիներ, ուրիշներ զայն վերածեցին իրենց մասնագիտութեան: Այսպէս, 1976-ին պատերազմի օրերուն սկսած գործը ոչ միայն շարունակուեցաւ, այլ նաեւ փոխանցուեցաւ նոր սերունդի մը:

Այսօր թերեւս այսպիսի նախաձեռնութեան համար ուրիշ բառեր գործածէինք: Կ՛ըսէինք` կիներու տնտեսական օժանդակութիւն, մշակութային ժառանգութեան պահպանում, ընկերային ձեռնարկութիւն: Բայց չեմ յիշեր, որ մայրս կամ իր ընկերուհիները նման բառեր գործած ըլլային: Իրենց համար հարցը շատ աւելի պարզ էր: Կային հայ կիներ, որոնք ձեռքի շնորհք ունէին: Կային հայկական ձեռարուեստներ, որոնք պէտք էր պահպանուէին: Կային մարդիկ, որոնք պատրաստ էին գնելու: Պէտք էր այդ բոլորը իրարու կապել: Եւ իրենք կապեցին:
Թերեւս այդ սերունդի հայ կիներուն պատմութեան մէկ մասը ճիշդ հո՛ն է: Անոնց ըրածին մեծ մասը չգրուեցաւ: Անոնք իրենց կատարած ամէն գործը պատմելու կարիքը չէին զգար: Կը կազմակերպէին, օգնութիւն կը հասցնէին, դրամ կը հաւաքէին, ձեռագործ կը վաճառէին եւ տարիներով կը շարունակէին նոյն գործը: Այդ աշխատանքին մեծ մասը այսօր մնացած է հին արձանագրութիւններու, դեղնած լուսանկարներու եւ մեր յիշողութիւններուն մէջ:

Երբ հիմա կը նայիմ Ձեռարուեստի աշխատանոցին հին լուսանկարներուն, ուշադրութիւնս միայն ցուցադրուած գործերուն վրայ չէ: Կը նայիմ այդ կիներուն` Ռիթային, Կարինէին, Մալվինին, Սեդային, միւս Սեդային, Սօսէին եւ իրենցմէ առաջ ու ետք եկած ժրաջան ընկերուհիներուն: Մեր մայրերու սերունդէն կիներ, որոնք իրենց ընտանիքները, զաւակները եւ առօրեան ունէին, բայց ժամանակ կը գտնէին նաեւ հաւաքականին համար: Պատերազմի այդ ահաւոր, քանդիչ օրերուն, երբ իրենց շուրջ շատ բան կը փլէր, իրենք բան մը կը կառուցէին:
Ու կը յիշեմ մայրս, որ իր հին «Վոլզուակըն»-ով ընկերուհիները կը հաւաքէր ու դուրս կ՛ելլէր:
– Նորէ՞ն ժողովի,- կը հարցնէի:
– Մեր ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը ժողով չ՛ըներ,- կը պատասխանէր,- մենք գործ կ՛ընենք:
Տասնամեակներ անցած են:
Հիմա նոր կը հասկնամ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր:
Այս գործը, անշուշտ, միայն մօրս եւ իր քանի մը ընկերուհիներունը չէր: Տարիներու ընթացքին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններուն եւ Ձեռարուեստի յանձնախումբերուն մէջ շատ կիներ իրենց ժամանակը, աշխատանքն ու եռանդը տուին այս միութեան` պատերազմի դաժան տարիներուն իսկ: Անոնց ճիգերով Ձեռարուեստի կեդրոնը տարիներ շարունակ հասոյթ ապահովեց ԼՕԽ-ի զանազան ծրագիրներուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:
Այդ նուիրեալներէն էին` Մարի Առաքելեան, Սեդա Սաաթճեան, Մակի Մահսերեճեան, Արշօ Թերզեան, Մարի Գրոշեան, Ժանեթ Պետոյեան, Իսկուհի Թիւթիւնճեան, Արշակուհի Տարագճեան, Ալպերա Սիուֆի, Սեզա Գրիգորեան, Անայիս Գասապեան, Մարի Գրիգորեան, Վարդուհի Մէշէճեան, Թագուհի Քրքեաշարեան, Ժագլին Շէմմէսեան, Սիրարփի Ատալեան, Ս. Մէշէճեան, Սիրուն Պէրպերեան, Սօսի Յակոբեան, Ժագլին Քէօրօղլեան, Թագուհի Քէլէշեան, Սեդա Մեսրոպեան, Սեդա Չէօրէքճեան, Մալվինա Արտալճեան, Նանիկ Քայթանճեան, Ալիս Ոսկերիչեան, Սիլվա Սաղրեան, Ռիթա Պոսնոյեան, Մ. Արապեան, Վերժին Սիրանոսեան, Աշխէն Համամճեան, Կարինէ Ալեքսանդրեան, Սօսէ Պոյաճեան, Տիգրանուհի Թովմասեան, Էլօ Գազանճեան եւ Լուսին Ադամեան:
Եւ անշուշտ` իրենցմէ առաջ եւ ետք ուրիշներ, որոնց անունները այս ցանկին մէջ չեն:
Բոլորին` էյ վալլահ:
***
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.- Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548
Ը.- Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002


