Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլ պաշտօնական այցելութիւններ կատարեց հայկական համայնքային, կրթական, մշակութային եւ մարզական կեդրոններ` աւելի եւս մօտէն ծանօթանալու եւ ծանօթացնելու Պէյրութ մարաթոն միութեան յառաջիկայ շաբաթավերջի մարաթոնին նպատակը:
Ան նախ այցելեց Ազգային առաջնորդարան` հանդիպելով պատասխանատուներու հետ, յայտնելով իր գնահատանքը առաջնորդարանին մեծ դերին` լիբանանահայ գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր կրթական հաստատութիւններու աշխատանքին, որ միշտ եղած է զուգահեռ Պէյրութի մարաթոնի միութեան աշխատանքին, ուր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը միշտ եղած է ներկայ լիբանանեան մարզական եւ կրթական աշխատանքներուն մէջ:
Խալիլ աւելի ուշ մեկնեցաւ Տըպպայէ, ուր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն մը ունեցաւ` յայտնելով իր երախտապարտութիւնը եւ միասնաբար աշխատելու պատրաստակամութիւնը:
Խօսուեցաւ միութեան ծրագիրներուն մասին, որոնց կարգին` «Սփինիզ Պէյրութ մարաթոն»-ը, մանաւանդ որ քոլեճի աշակերտութենէն մաս կը կամաւոր օգնած է եւ միշտ կ՛օգնէ այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու:
Երրորդ այցելութեան կեդրոնն էր Ազգային միացեալ վարժարանը, ուր Խալիլ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան եւ պատասխանատու մարմնին հետ: Խօսուեցաւ աշակերտութեան պատրաստութեան մասին` թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ առողջական գետնի վրայ: Խալիլ բացատրեց մրցումին կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ անոր դրական կէտերուն:
Խալիլի այցելութեան չորրորդ կեդրոնն էր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը, ուր տեսակցեցաւ համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեանի, «Քնար» պարախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նորայր Գարամանուկեանի հետ: Մասնաւոր կարգադրութեամբ շատ հաւանաբար պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերէ մարաթոնի աշխատանքին աւելի եւս լիբանանցիները մօտեցնելու հայկական մշակոյթին:
Նշենք, որ «Սփինիզ Պէյրութ մարաթոն» միջազգային նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 նոյեմբերին:


