Խրուաթիոյ Փորեչ քաղաքին մէջ կը շարունակուին Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը:
Երկու հայ ներկայացուցիչներ յաղթանակներ արձանագրելէ ետք 1/8-րդ հանգրուանին, հասան քառորդ աւարտական:
Մինչեւ 65 քկ կշիռի մրցումներուն Արգիշտի Յակոբեան պիտի մրցէր ռումանացի Արուն Նիքու Թուտորուի դէմ, բայց վերջինս հրաժարած է մենամարտէն` պատճառ դառնալով, որ Յակոբեան հասնի քառորդ աւարտական` առանց մրցելու:
Մինչեւ 80 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալիք Յովհաննիսեան յաղթեց Իսրայէլի ներկայացուցիչ Նիքիթա Փատիին` 4-0 արդիւնքով:
Նախապէս Վաղարշակ Քէյեան եւ Դաւիթ Սիմոնեան իրենց կարգին հասած էին քառորդ աւարտական` 55 եւ 90 քկ կշիռներու մրցումներուն:


