Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ սկսաւ ճիւտոյի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն մաս կը կազմեն 78 երկիրներէ 574 մարզիկներ:
Մրցումներու առաջին օրը 5 տարբեր մետալներու համար մրցումներ տեղի ունեցան: Հայաստանի ներկայացուցիչ Շաւարշ Նահապետեան իր առաջին մրցումը կատարեց եւ պարտութիւն կրելով դուրս մնաց:
Առաջին օրուան ընթացքին վճռուեցան տղոց 60 եւ 66 քկ կշիռի, ինչպէս նաեւ աղջկանց 48.52 եւ 57 քկ կշիռի ախոյեանները:
Ռուսիա երկու ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ շահեցաւ, մինչ Ճափոն ամէնէն շատ մետալներ շահեցաւ` 1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ:
Այսօր ելոյթ կ՛ունենան Ժիրայր Ղամբարեան (73 քկ) եւ Տիգրան Սարուխանեան (81 քկ): Թաշքենտի մէջ Հայաստանի հաւաքականէն անկախ երկու հայ մարզիկներ ալ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այլ երկիրներ ներկայացնելով:
Նարեկ Վարդանեան (73 քկ) Շուէտի հաւաքականին մաս կը կազմէ, մինչ Գայեանէ Պօղոսեան (70 քկ) մաս կը կազմէ Էսթոնիոյ հաւաքականին:


