«Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտը ականատես եղաւ գեղեցիկ մրցումի մը, որուն ընթացքին Լիբանանի փոխախոյեան Սաժես, որ արդէն իսկ ապահոված էր կիսաւարտականի իր տոմսը, 90-85 արդիւնքով յաղթեց Քաթարի Արապիին:
Մրցումէն կը բացակայէր Սաժեսի օտարներէն Էյ. Ճէյ. Ինկլիշ, բայց մեծ թիւով մարզիկներ ունեցող «Կանաչներ»-ը բնաւ չազդուեցան:
«Մենք խումբ կը վերանորոգենք մրցումէ մրցում: Կը փորձենք մեր սխալներէն սորվիլ եւ օրէ օր կը փորձենք բարելաւուիլ», ըսաւ Սաժեսի մարզիչ Ճօ Ղաթթաս:
Պէտք է ըսել որ Սաժես 4-րդ մասին է, որ կրցաւ մրցումին ղեկը ձեռք առնել, եւ շնորհիւ Եուսեֆ Խայեաթի եւ Ալի Մըզհերի թափած ճիգին, կրցաւ յաղթել:
Խայեաթ 24 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Մըզհեր` 15 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: 4-րդ մասին այս զոյգի յաջորդական 3 կէտնոց կողովները արդիւնքը բարձրացուցին 69-64-ի, երբ Սաժես ետ կը մնար 1 կէտով:
Քարիմ Իզզէտտին իր կարգին միացաւ 3 կէտնոց կողով նշանակողներուն, ուր Սաժես 13-2 յաջորդական կէտերով հեռացաւ` մրցումի աւարտէն 6 վայրկեան առաջ արդիւնքը դարձնելով 74-66:
Տեշանտրէ Ուաշինկթըն թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 12 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 17 էսիսթ: Ճամալ Ճոնզ նշանակեց 12 կէտ, իսկ Իզզէտտին` 11 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:
Այսօր Սաժես պիտի մրցի Քուէյթի Քուէյթ ակումբին դէմ, խումբ մը, որ 2024-ի կիսաւարտականին ալ հանդիպած էր (Ուասլի մրցաշարքին) եւ յաղթած 76-72 արդիւնքով: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 20:45-ին: Ժամը 17:45-ին ախոյեան Ռիատի պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ Օլա ակումբին դէմ: Օլա իր վերջին մրցումին պարտութեան մատնած էր Իրանի Շահրտարի Կոկանը` 99-84 արդիւնքով: Էլայճա Սթիւըրթ 44 կէտ նշանակած էր ի նպաստ Օլայի, մինչ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Ճորտըն Սթիւընզ 20 կէտ նշանակած էր Կորկանի հետ:
Յաղթական խումբերը վաղը պիտի խաղան աւարտականին, 3-րդ-4-րդի մրցումէն ետք:


