Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Երէկ Ցեղասպանութիւնն Ու Հատուցումն Էին Հայ Դատի Հետապնդման Առանցքային Նպատակները, Այսօր Նաեւ Արցախն Է, Որ Մեզի Համար Պէտք Է Մնայ Էական Ու Այժմէական*

September 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ:

Ահաւասիկ դարձեալ հաւաքուած էք ազգային պահանջատիրութեան նոր մղում ու շեշտաւորում տալու` վերանորոգ հաւատքով ու ամուր յանձնառութեամբ: Մեզի համար սիրելի է ու ողջունելի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման նուիրուած եւ զօրեղ կամքով ու աննուաճ ոգիով թրծուած որեւէ նախաձեռնութիւն: Այսպէ՛ս եղած է միշտ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքը ամէն տեղ:

Արդարեւ, մօտէն ծանօթ ըլլալով անցնող տասնամեակներուն Հայ դատի ուղղութեամբ ձեր առած քայլերուն ու նուաճած իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կատարուող հետեւողական ճիգին, կրնանք անվարան վկայել, որ դուք արժանի էք մեր ժողովուրդի բարձր գնահատանքին, որովհետեւ ինչ որ կը կատարէք, մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման համար կը կատարէք` հեռու անձնական, կուսակցական ու շահադիտական մօտեցումներէ. կը կատարէք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, խոր հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ:

Ծանօթ ըլլալով ձեր գործունէութեան ու ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, որոնք երբեք նպաստաւոր չեն Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, կ՛ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, որ ազգային մեր պահանջատիրութիւնը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով կը կարօտի վերանայման ու վերարժեւորման` մարտավարական նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններու վերադասաւորումով: Եթէ երէկ Ցեղասպանութիւնը ու հատուցումն էին Հայ դատի հետապնդման առանցքային նպատակը, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական: Սփիւռքը յատկապէս փուշ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աչքին. սփիւռքը, իրենց բառով, խանգարիչ է, Հայաստանին եւ մեր ժողովուրդին առնչուած իրենց հեռաւոր նպատակներուն: Այս մօտեցումը մեզ պէտք է մղէ կազմակերպչական նոր ուժ ու գործունէական նոր կենսունակութիւն տալու Հայ դատի աշխատանքներուն:

Վստահ ենք, որ յիշեալ եւ այլ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին ձեր կողմէ եւ ապա համապատասխան աշխատանքի ուղեգիծ պիտի ճշդուի:

Այս առիթով, Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք Հայ դատին հետ ինքզինք նոյնացուցած եւ այս ուղղութեամբ կեդրոնական դեր կատարած տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին: Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Հայ դատի բոլոր յանձնախումբերուն եւ բոլոր անոնց, բարեկամ թէ բարերար, որոնք զանազան կերպերով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման ծրագիրներուն:

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

* Պատգամ` ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան արտասանուած:

 

Նախորդը

Այսօր Կանգնած Ենք Ճակատագրական Ջրբաժանի Առջեւ

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Անդրադարձ

Այսօր Կանգնած Ենք Ճակատագրական Ջրբաժանի Առջեւ

September 28, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Անդրադարձ

Մեր Առաքելութիւնը Սոսկ Քաղաքական Չէ. Սա Պատմական Պատասխանատուութիւն Է Սերունդների Առջեւ*

September 28, 2026
Օսմանեան Դարաշրջանի Երկաթուղիին Վերածնունդը Եւ Թուրքիոյ Աշխարհատնտեսական Շահերը Միջին Արեւելքի Մէջ
Անդրադարձ

Օսմանեան Դարաշրջանի Երկաթուղիին Վերածնունդը Եւ Թուրքիոյ Աշխարհատնտեսական Շահերը Միջին Արեւելքի Մէջ

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.