Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Քեսապն… Ու Հեղեղները

Անցնող տասնամեակին տարածաշրջանին կլիման յատկանշուեցաւ իր խիստ չորութեամբ, ջուրի սակաւութեամբ, նոյնիսկ երաշտի երեւոյթներով, մանաւանդ 2025 թուականին, երբ Քեսապի գիւղերուն մէջ բազմաթիւ աղբիւրներ ցամքեցան: Բնակչութեան յիշողութեան մէջ չկար այդպիսի երեւոյթ ու պատահար:

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Քեսապն… Ու Հեղեղները

Ընթացիկ տարւոյս (2026) ձմեռը յատկանշուեցաւ իր առատ տեղումներով: Մինչ 2025-ի տեղումները չէին գերազանցած 750 միլլիմեթրը, փոխարէնը` 2026-ի տեղումները աւելի քան 1400 մլ էին, իսկ անցնող 25 տարիներուն տեղումներուն միջինը 1250 մլ էր:

Ձմրան տեղատարափ անձրեւներուն յաջորդող գարնան ու նոյնիսկ ամրան անպակաս եղան անձրեւները` մեծ ուրախութիւն պատճառելով գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն, սակայն անոնք արգելք հանդիսացան Քեսապ այցելող զբօսաշրջիկներուն պտոյտներուն ու զուարճութիւններուն, երբեմն ալ նոյնիսկ խափանեցին զանոնք:

Սեպտեմբեր ամիսը հազիւ ամբողջացած, երբ պարտիզպանները գրեթէ աւարտած էին խնձորի բերքահաւաքը, առատ տեղումները վերսկսան` յաճախ հեղեղներ պատճառելով: Անոնք` այգիներուն ծարաւը յագեցնելով հանդերձ, վնասներ ալ պատճառեցին, լեռնային շրջաններուն պարտէզներուն քարաշէն պատեր փլելով, բերքատու հողը տեղափոխելով… եւ այլն:

Սակայն, այս նոյեմբեր 5-ի տեղումները արտակարգ էին:

Կէսօրուան միջոցին, երկու ժամուան ընթացքին գերառատ տեղումները պատճառ դարձան, որ ճամբաներուն երկու կողմերը գտնուող վտիտ առուակները դուրս գան իրենց հուներէն` հոսելով կուպրապատ ճամբաներէն ու ջուրին հետ առատ հող, խիճ ու միջին չափի քարեր տեղափոխելով` արգելք հանդիսանալով բնակչութեան եւ մանաւանդ ինքնաշարժներուն երթեւեկին:

Քեսապի հրապարակին մօտ գտնուող գարնան ու ամրան 6-7 ամիսներուն ցամաք ու աղբանոց դարձած գետակին հունին 3/4 ծաւալը հեղեղով ողողուեցաւ ու սպառնաց հրապարակին հնաշէն ցած ու նեղ կամուրջին:

Երկու-երեք ժամ տեւած անձրեւին դադրումով, հեղեղը մեղմացաւ: Սակայն հրապարակի  տարածքէն աւելի ցածրադիր երեք խանութներուն մէջ մտաւ ջուրը ու անոնց սալայատակին գտնուող իրերը թրջեց` թեթեւ վնասներ պատճառելով:

Ընկերային ցանցերուն  վրայ անմիջապէս տեղադրուեցան նկարներ ու տեսերիզներ` հեղեղին լուրը տարածելով աշխարհով մէկ:

Հարազատներ, համագիւղացիներ, բարեկամներ ու սրտացաւեր իսկոյն, բազմաթիւ միջոցներով կապուեցան քեսապցիներուն հետ, հարցադրելու կամ փարատելու իրենց մտատանջութիւններն ու մտահոգութիւնները:

* * *

Քեսապի մէջ պատահած հեղեղները հնուց պատմութիւն «կերտած» են:

Իմ նախնիներէս իմացած եմ, թէ անցեալ դարու սկիզբը Քեսապի գետակը իր հունէն դուրս ելած էր, եւ հոսող ջուրը, հեղեղը, աւլած-սրբած էր հին շուկայէն դէպի վար շարուած տուներու շարք մը:

1963 թուականին, երբ տակաւին հազիւ չորս տարեկան էի, պատահեցաւ հեղեղ մը: Մեծ հայրս` Կարապետը, փոքրիկ ձեռքէս բռնած, զիս տարաւ Քեսապի հին շուկան, ինծի ցոյց տալու համար հեղեղին պատճառած աւերը:

Կը յիշեմ, որ կերպասավաճառ Մահշիկեան Մովսէսին, նպարավաճառ Սողոմոնեան Վահանին (Երկար Վահան), Պէտիրեան Միսաքին (Միսաք «Պէրուն») եւ այլ վաճառատուներու պարունակութիւնը ամբողջովին դատարկուեցաւ հեղեղին պատճառով:

Որմնադիր-շինարար Ուստա Գարայեանի կառուցած կամարաւոր կամուրջը անվնաս մնացած էր, ինչպէս նաեւ բժիշկ Աւետիս Ինճէճիկեանին ու Օպէտ Ինճէճիկեաններուն վտանգուած տուները անվնաս պրծած էին:

Հօրս` Փայլուն Վահանին խանութը աւելի բարձրադիր էր, ուստի հեղեղը այնտեղ չհասաւ:

Սակայն, 1971-ի յունիս 20-ին տեղատարափ անձրեւներէն գոյացած հեղեղը, գետակին հունէն դուրս գալով` մեծ վնաս հասցուցած էր հօրս վարի շուկան տեղափոխած վաճառատան, որուն մինչեւ 1,5 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ապրանքները ջուրը առած ու տարած էր:

Իսկ ամբարներուն վնասը անգնահատելի էր: Հայրս ամբարներուն մէջ մթերած էր ցորեն ու գարի, զորս բերած էր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան ծայրամասի` Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ եղած եռանկիւնի  Թէլ Քոչաք շրջանէն, որ կպած էր սահմանային Տիգրիս գետին: (Այդ վայրերուն ցորենը ջրափի ըլլալով` միշտ պարարտ էր):

Վնասուած էր նաեւ անոր ալիւրի եւ շաղախի պահեստը:

Մեր դրացի Ալիքեան Խաչիկին վաճառատան վնասն ալ մեծ էր: Անոր դարակները, որոնք լեցուած էին զանազան տեսակի բուրդերու կծիկներով, ողողուած էին տղմախառն ջուրով:

Մեր երկրորդ դրացիին` Հարֆուշեան Սիանին քարշակը հեղեղը քշած տարած էր Քեսապէն 3-4 քմ արեւելք գտնուող Էսկիւրան գիւղին մօտակայքը:

Քեսապի հրապարակը` «Խոդ»-ը, ողողուած էր 1 մեթր բարձրութեամբ հողով, տիղմով, խիճերով ու քարերով: Իսկ մեր խանութին առջեւ գտնուող ճամբուն քարակոյտին բարձրութիւնը գերազանցած էր 1,5 մեթրը:

Այդ քարակոյտը տեղափոխելու գործողութիւնը տեւեց աւելի քան մէկուկէս ամիս:

Բարեբախտաբար, հեղեղը հոգու կորուստ չէր պատճառած, թէեւ Քեսապի գիւղերուն բոլոր գետակներն ու վտակները յորդած էին:

1976-ին եւս տեղատարափ անձրեւներէն (ամրան ընթացքին) Քեսապի գետակը վերստին «ըմբոստացաւ» ու դուրս եկաւ իր հունէն: Սակայն անոր պատճառած վնասը աննշան էր նախորդներուն հետ բաղդատելով:

Այդ անգամ մեր վաճառատունը մտած ջուրին բարձրութիւնը 30 սմ էր, ու միայն սալայատակին փռուած իրերը թրջուած էին:

1995 թուականին, տեղատարափ անձրեւները մեծ սահանք պատճառեցին Գարատուրան գիւղի Սաղտճեան թաղին` կուլ տալով (բառին բուն իմաստով) քանի մը տուներ ու տասնեակ մը պարտէզներ: Տուներուն հիմքերն իսկ չէին մնացած: Սակայն դանդաղ սահանքը առիթ տուած էր, որ գիւղացիք, ձեռք-ձեռքի տուած, կարենային պարպել տակաւին վտանգուած, սակայն կուլ չգացած տուներուն իրերը:

Նոյնանման սահանք մը աւելի վեր գտնուող Գազազեան եւ Լնդեան թաղերը կուլ տուած էր, իր` Ս. Աստուածածին եկեղեցիով ու Մեսրոպեան նախակրթարանով (1937 թուականին):

Նոյն ժամանակ սահանքը Քեսապի մէջ քանդած է թաղ մը, ուր ցայսօր շինարարութիւն չէ կատարուած ու արգիլուած է կառուցել:

Ըստ մասնագէտ երկրաբաններու, վերոյիշեալ ամենակուլ սահանքները ոլորապտոյտ կ՛ըլլան, ու անոնց պատճառը կը վերագրեն հողի խաւերու տեսակին: Արդարեւ, հողին վերին խաւը ջուրին համար դիւրաթափանց ըլլալով, ջուրը կը կուտակուի աւելի խորը` ընդերքը, հասնելով անթափանց շերտի մը կամ խաւի մը, եւ ջրախառն վերնախաւը ծանրութեան տակ կը սկսի ոլորուելով սահիլ, որովհետեւ տեղացող անձրեւն ու հեղեղը աւելի արագ կը կուտակուին, քան անթափանց խաւին վրայի ջուրերու սպառման հոսանքն ու հոսքը դէպի դուրս:

Վերոյիշեալներուն ականատես ու իրազեկ ըլլալով, ինչպէս նաեւ քաջատեղեակ` Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն ու բռնագաղթերուն (1909, 1915, 2014), ակամայ ես ինծի հարց կու տամ, թէ մեր մեծ հայրերը որքան ճնշուած ու տառապած են, հալածուած ոսոխներէն, փախուստ տալով դաշտային վայրերէն, հարկադրուած ապաստանած են լեռնային Քեսապի ժայռոտ ծերպերուն մէջ` միշտ գտնուելով բնութեան թէ մարդկութեան (օսմանցիներուն) սպառնալիքին կամ անոնց կամայականութիւններուն տակ:

Քեսապ, 7 նոյեմբեր 2026

Նախորդը

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

RelatedPosts

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.