ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իր երկրի աշխարհագրական դիրքին պատճառով հայու կեանքը ծնած օրէն միշտ եղած է ալեկոծ: Ու այս ալեկոծումը շատ յաճախ զինք նետած է արտագաղթի, ձուլումի, յուսախաբութեան, տեսակ մը անօրինակ ալեկոծումի եւ նոյնքան ալ` լճացումի:
Բայց, շնորհիւ իր կամքին, նոյն ատեն այս ալեկոծումը իրեն համար դարձած է խթան` վերապրելու, վերակենդանանալու, ինքնաճանաչման ուղիէն քալելու, իր պապենական արմատներէն սնանելու ու կեանքին մօտենալու եւ ապրելու իւրայատուկ եղանակով ու ոճով: Ահա թէ ինչպէ՛ս ան փրկուած է:
Ասոնք, եթէ կը պատկանէին անցեալին… իսկ այս օրերուն… երբ արդէն ժամանակները փոխուած են, տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս հայ կեանքը անոնց դրական կամ բացասական անդրադարձումներէն անմասն չէ մնացած: Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի «աւերները» սկսած է գործել եւ իրմէ «զոհեր» խլել: Նորութիւն մը չէ: Երբեք:
Այսօր աշխարհը շատ արագ է, եւ իրադարձութիւնները կը հասուննան մեծ արագութեամբ: Դանդաղ քալող մարդը կրնայ ետ մնալ:
Անոր համար է, որ ազգովին փոթորկալից ամպերու տակ «տագնապներով» սկսած ենք ապրիլ` միաժամանակ տեղ-տեղ եւ կամաց-կամաց կորսնցնելով մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքն ու մեր մայրենի լեզուն: Թէեւ այս բոլորը այրող հարցեր են, սակայն շա՜տ շատերուն հոգը նոյնիսկ չէ:
Ամերիկա կ՛ապրինք: Կ՛ապրինք նաեւ անոր ազատութեան «գինովութիւնը»: Ու այս մէկը շատերուս համար կարծես տեսակ մը «օրհնութիւն» ալ է, իսկ ուրիշներուն… դո՛ւք ըսէ՛ք… անկասկած գիտէ՛ք արդէն: Ու յաճախ եւ մտովի ես ինծի հարց կու տամ… թէ ինչպէ՞ս պէտք է հաշտուիլ հայ կեանքի ներկայ իրականութեան հետ, երբ ե՛ւ հաւաքական ե՛ւ ազգային, անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, տակաւին հակասական հունին մէջ է:
Գաղտնիք մը չէ, երբ ըսենք, որ ներկայիս հայը կ՛ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցի ճնշումին տակ: Յաճախ մեզմէ շատեր կ՛արդարանան` ըսելով, թէ «ժամանակը արագացած է…», կամ` «արդէն աշխարհն ալ նոր հունի մը մէջ մտած է… ի՞նչ կրնանք ընել…»: Իսկ ուրիշներ ալ «յանցանքը» ժամանակին վրայ ձգելով «կը սրբանան…»:
Սակայն եւ այնպէս, դեռ չենք կրցած գիտակցիլ, որ մեր գլխաւոր թերութիւնը մեր հանրութեան մտածելակերպն է: Պէտք է որ «փոխուինք»: Այո՛, «պէտք է» կ՛ըսենք: Մի՛շտ կը շեփորենք: Պէտք է անպայման «փոխուիլ»: Բայց մէյ մը մտածենք, թէ ինչո՞ւ չենք փոխուիր: Ինչո՞ւ չենք թօթափեր մեր վրայէն այն, ինչ որ մեզ փոխած է… Արդեօ՞ք իրապէս… չենք ուզեր փոխուիլ… թէ ոչ այդ կարողութիւնը չունինք, եւ կամ նոյնքան ալ` գիտակցութիւնը: Անըմբռնելի բան մը նստած է մեր միտքերուն ծայրը, որ առիթ չի տար, որ ուրիշ ձեւով մտածենք: Ահաւասիկ` նկարագրի նոր գիծ մը:
Ճիշդ է, որ մեր կեանքի հոսքը պղտորած է: Անկասկա՛ծ: Սակայն միշտ փնտռած ենք եւ տակաւին կը փնտռենք մեր կեանքի կապն ու հաւատքը` այս հոսանքէն ազատելու: Յամառօրէն կ՛որոնենք մեզ վերադարձի բերող յուշը: Է՜հ… վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս: Վերջապէս… մեզ ո՞ւր պիտի տանի կամ պիտի հասցնէ մեր որդեգրած այս «ուղին»: Չմոռնանք սակայն, որ օրերը բերեր եւ իրենց հետ տարեր են մեր երանաւէտ ու հեշտալի խաղաղութիւնը, մեր միտքերուն, մեր համերաշխութեան, մեր նկարագրի դրական բոլոր կէտերուն եւ մեր անցեալի անփոխարինելի պահերուն հետ միատեղ:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ ա՛լ խօսիլը աւելորդ է: Իսկ գրուած բառերն ալ` անիմաստ: Զիրար չխաբենք. կարդացող չկայ: Թէեւ միշտ կարդացողներ կը փնտռենք: Հիանալի անկեղծութիւն, եթէ կ՛ուզէք: Իբրեւ այս բոլորին պատճառով մտահոգներ… յոյսեր կը ցանենք մեր բառերուն վրայ եւ մեր տողերուն մէջ: Բայց եւ այնպէս, տեսանելի է, թէ խօսողն ու կարդացողը մեր ներկայէն մեծ բացականեր են, եւ որոնք մեզի համար ստեղծած են տեսակ մը հոգեկան տառապանք-մտահոգութիւն` մեր ապրած մթնոլորտէն ներս:
Ահա մեր ներքին բարդութիւնը, որ ահաւոր ալ է:
Յաճախ կ՛ողբանք: Մենք մեզի կը վրդովինք: Անիմաստօրէն կ՛արդարանանք: Կ՛այպանենք մեր ճակատագիրը: Բայց կը մոռնանք, որ մեր ճակատագրին հետ մեր նուիրումն ալ էական է: Մեր կեցուածքն ու ըմբռնումն ալ կարեւոր են: Կենսական:
Այս բոլոր մտահոգ տողերով լեցուն բառերը տասնամեակներէ ի վեր կրկնուած են ու ձեւով մը դարձած` կարօտակէզ երգեր, միաժամանակ ընկճելով մեր գոյութիւնը: Ասոնք բոլորն ալ մեր խոցելի կէտերու մատնանշումներն են, որոնք կը ծանրացնեն հայ կեանքը:
Կը սիրենք կորսնցնելէ ետք «ողբալ»: Կը գնահատենք կոտրելէն ետք: Կ՛արժեւորենք, երբ «բանը բանէն անցած է արդէն»: Իրապէս որ յոգնեցանք նահանջող հոգիներու ինքնարդարացումներէն: Ամէնօրեայ սովորութիւններուն գերին դարձած ենք գիտակցաբար եւ ոչ… Կը պտտինք տափակ հարցերու եւ խօսքերու վրայ: Ասոնք են, որ կը ծերացնեն ազգը: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են:
Իսկ ի՞նչ պէտք է որ ընենք, կը հարցնենք յաճախ: Ինչպէ՞ս պէտք է թափանցենք նման մարդոց հոգիներէն ներս: Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս պիտի կարենանք սողալ նոյն այդ «մտքերուն» մէջ: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ բանի պէտք է որ կառչինք… եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ չափել այսպիսի մարդոց գիտակցութեան զգացումը:
Էականը, կը կարծեմ, նոր դիմագիծ եւ հաստատ ինքնութիւն տալն է մեր կեանքին, ձեւով մըն ալ` վերարժեւորել զայն, գրուած ու անգիր երգի նման:
Կարեւորը ըմբռնելն է կեանքն ու հասարակութիւնը` հեռու մնալով ներկայի մեր պոռոտախօսութիւններէն, ինքնահաւանութիւններէն եւ մանաւանդ` հմտութիւններէն: Այս բոլորին իրականացման համար էական է ունենալ ազգային առաքելութեան լաւատեղեակ եւ մեր բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքներու հաւատացող ղեկավարներ, որոնք գիտեն ճոխացնել վաղուան յոյսը` անկեղծ եւ արդար:
Ղեկը վստահիլ այնպիսի մարդոց, մեծերու, որոնք գիտեն ստեղծել ինքնագործման նոր միջոցներ` ծրագրուած յայտագրով:
Որովհետեւ, իրապէս, ա՛լ յոգնած ենք սուտերէն, կեղծիքներէն ու մանաւանդ կրկնուող «ձեւերէն»:
Ու հաւատացէ՛ք, ժողովուրդները, որպէսզի չանհետանան եւ որպէսզի իրենց ինքնութեան հաւատարիմ մնան, անպայման կը դիմեն գիտակցութեան:
Ահա` հայ կեանքի եւ հայու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու որդեգրում մը:


