Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յոյսի՜ Հայրենիք,
Լոյսի՜ Հայրենիք,
Հզօ՜ր Հայրենիք:

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

10-էն 17 մայիս 2026-ին երկար տարիներէ ի վեր մտածուած ու ծրագրուած դէպի հայրենիք երազային ճամբորդութիւն մը իրականութիւն դարձաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտութեան համար:

Ծրագիրը կոչուեցաւ «Հայաստանագնացութիւն 2026», եւ այս ճամբորդութեամբ Ճեմարանը եղաւ լիբանանահայ առաջին վարժարանը, որ  իր հայեցի կրթութեան ծրագիրին մէջ ներառեց ամբողջ դասարանի մը հայաստանագնացութիւնը, աշակերտներուն մէջ առաւել եւս ամրապնդելով պահանջատէր հայու ոգին եւ հայրենիքի սէրը:

Թումանեանի «Յոյսի՜ հայրենիք, լոյսի՜ հայրենիք, հզօ՜ր հայրենիք» կարգախօսով զինուած, Ճեմարանի ջահը իրենց կուրծքերուն զետեղած եւ Արարատն ու Արցախը իրենց սրտերուն մէջ դրոշմած` Ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ Հայաստան հասան կիրակի, 10 մայիս 2016-ին: Մայիսեան այս դաստիարակչական ճամբորդութիւնը սկիզբ առաւ Երեւանէն եւ Մայր Հայաստանի բարձունքէն, ուրկէ աշակերտները շնորհաւորեցին իրենց եւ բոլոր հայ մայրերու տօնը:

Յաջորդող եօթը օրերուն մեր պապերուն յաղթանակի ղօղանջը ճեմարանականներու շրթներով վերստին թնդաց Սարդարապատէն, «Հայր Մեր»-ը արտասանուեցաւ հաւատքի ամրոց Սուրբ Էջմիածինէն, Խոր Վիրապէն եւ Սիւնեաց աշխարհի սիրտէն` Տաթեւի վանքէն:

Աշակերտները այցելեցին` Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզման` Օշական գիւղ, Արագածի լանջերուն գտնուող տառերու պուրակ, Սեւանայ լիճ ու Սեւանավանք, Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդի վանք, Հարսնաձորի դիտակէտ, Պարոյր Սեւակի թանգարան եւ շարք մը տեսարժան վայրեր, իւրաքանչիւր քայլափոխի` աւելի խանդավառ, աւելի հպարտ եւ աւելի պահանջատէր:

Ծիծեռնակաբերդի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի այցը դաստիարակչական այս ծրագիրին մէջ իր յատուկ դրոշմը դրաւ. հոն աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր սուրբ նահատակներուն: Նոյն օրը անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նաեւ Եռաբլուրի մէջ հանգչող մեր հերոսներուն, եւ ճեմարանաւարտ արցախեան հերոս նահատակ Վիգէն Զաքարեանի շիրիմը ջերմացաւ իր հարազատ կրթօճախի աշակերտներուն շունչով:

Հայաստանագնացութիւնը ամբողջացաւ ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական կեդրոն եւ Երեւանի պետական համալսարան այցելութեամբ, ճեմարանաւարտ խաչքարագործուհի Նարինէ Փոլատեանի հետ խաչքարագործութեան աշխատանոցով, ինչպէս նաեւ` Երեւանի մէջ կազմակերպուած ճեմարանականներու հաւաքով:

Այսօր` 21 սեպտեմբեր 2026-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով այս քանի մը տողերով ներկայացուցինք «Հայաստանագնացութիւն 2026»-ը` իբրեւ ճեմարանականներ վերանորոգելու մեր ուխտը, բարձր պահելու հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ արժէքները եւ հայ մշակոյթը:

Հայաստանագնացութեան մասին աշակերտներուն խօսքերէն.

 

«Այս ճամբորդութիւնը պարզ ուղեւորութիւն մը չէր: Ան դարձաւ յիշատակներով, ժպիտներով, ուրախ պահերով եւ հայրենիքի սիրով լեցուն փորձառութիւն մը»:

«Այս ճամբորդութիւնը ակնկալուածէն աւելի ազդեցիկ էր ինծի համար: Ան իմ մէջս ամրապնդեց հայրենասիրութեան եւ ընկերասիրութեան բարձր զգացումները»:

«Վերջապէս մեր աչքերով տեսանք այն, ինչի մասին տարիներով լսած ու կարդացած էինք Ճեմարանի պատերէն ներս…»:

Եւ ճեմարանականներու հոգիներուն մէջ վառ կը մնայ Շանթէն, Աղբալեանէն ու Վրացեանէն փոխանցուած հայրենասիրութեան ոգին…

«Ճեմարանական ոգի` յանուն հայրենիքի»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԳՆԱՑՆԵՐ

Նախորդը

Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու (Անկախութեան 35-Ամեակ)

RelatedPosts

Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու   (Անկախութեան 35-Ամեակ)
Անդրադարձ

Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու (Անկախութեան 35-Ամեակ)

September 21, 2026
ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանի
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանի

September 21, 2026
Ո՞ւր Ենք Մենք
Անդրադարձ

Ո՞ւր Ենք Մենք

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.