Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Զուր Կը Հնչեն Արեւելումներ, Եթէ Ազգը Պատրաստ Չէ Զանոնք Ընկալելու (Անկախութեան 35-Ամեակ)

September 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Մեր հողը մեր պատիւն է: Եթէ ոեւէ մէկը հնարաւոր է համարում պատուի մի մասը թշնամուն յանձնել, ապա դա ընդամէնը վկայում է տուեալ անձի պիղծ տեսակի մասին…»

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
(Պատմաբան, յուշարձանագէտ)

Ինչպէս որ քաղաքական կեանքի մէջ դարձդարձիկ ու ստապատիր խօսքերը շահարկումի առաջնորդող արտայայտութիւններ են, որոնց վարժ են ժողովուրդներ, ազգեր, նոյնպէս, ըստ երեւոյթին, յարափոփոխ կեանքի թաւալքին զուգահեռ, ազգային արժէքներ` հող, հայրենիք, արժանապատուութիւն, անցեալ, ժառանգութիւն եւ այլն, սկսած են տակաւ պարպուիլ իրենց իսկական բովանդակութենէն, իմաստէն, ու այսպէս, դարձած են առեւտուրի թէ ժամանցի առարկաներ:

Ի դէպ, ցաւով ու խոր մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք «առարկաներ» բառը, պարզապէս որովհետեւ 21-րդ դարը թէեւ իրեն հետ բերաւ հզօր արհեստագիտութիւն, անկասելի արդիականութիւն, զարգացումի եւ յառաջդիմութեան ուղիներ, միւս կողմէ` ամբողջ մարդկութիւնը ականատես է, կ՛ապրի, ծայրայեղ նիւթականացումի բորբ վիճակներ` պատճառ դառնալով մարդկային կերպարի` միտքի, տրամաբանութեան, խիղճի, զգացումի եւ մարդավայել ապրելակերպի անկումին:

Տեղին է ընդգծել, որ քաղաքական գիտութեանց բառապաշարին մէջ նման վիճակներ բնութագրուած են մէկ բառով` գործնապաշտութիւն եզրով, Մաքիաւելիի օրերէն ասդին, բայց մանաւանդ` վերջին երկու հարիւր տարուան ընթացքին, երբ մեծ պետութիւններ, սրելով իրենց անյագուրդ իշխանատենչի, փառամոլի եւ աւազակի   վարքագիծը, ամէն վայրագ միջոցի կը դիմեն ստրկացնելու եւ սնանկացնելու ազգեր,  ժողովուրդներ ու պետութիւններ, առաւելագոյնս շահարկելու անոնց մարդուժը, այս կամ այն բնական հարստութիւնը, յայտնապէս փճացնելէ ետք տուեալ ժողովուրդին ազգային արժէքները, հաւաքական ընկալումներն ու ապագայակերտի երազները:

21 սեպտեմբեր 1991:

Օրին մեր ժողովուրդը, ձեւով մը անտեսելով աշխարհաքաղաքական բարդ եւ հակոտնեայ վերիվայրումները, ճիշդ կողմնորոշուելով քուէարկեց, ինքզինք փաստեց, սեփական կամքը պարտադրեց եւ նետուեցաւ պետականաշինութեան գուպարին մէջ:

Ազգը քուէարկեց` յանուն անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազատ ապրելու բացարձակ իրաւունքին:

Թէեւ այդքան ալ դիւրին ընթացող քաղաքական աքթ մը չէր ընտրութիւնը, բայց եւ այնպէս, Խորհրդային Միութեան փլուզումով` այլ ելք չունէին բաղկացուցիչ տարբեր երկիրներ, եթէ ոչ` անկախանալ եւ տէր կանգնիլ իրենց սեփական ճակատագրին:

Հայրենի ժողովուրդը, իր կարգին, յաջողեցաւ Արցախի գոյամարտին առընթեր, տէր կանգնիլ իր հողին, ինքնութեան, տեսակին ու ժառանգութեան:

Այդուհանդերձ, նման քաղաքական արարք չունեցաւ վառ կենսունակութիւն:

Փաստօրէն իրերայաջորդ հայրենի իշխանութիւններ, որոնք ստանձնեցին հայ պետականութեան ղեկավարութիւնը, չկրցան արմատախիլ ընել խորհրդային օրերու  վարքագիծները, ինչպէս նաեւ` լծուելու իրաւ ժողովրդավար կարգերու հաստատումին,  ժողովուրդի կենսամակարդակի առաւել բարելաւումին, հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքին, տնտեսութեան տակաւ բարգաւաճումին, սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ այլն:

Աւելի՛ն. հայ պետական կարգն ու սարքը չկրցաւ արմատախիլ ընել նորովի բուսած աւատապետութիւնը, չորդեգրեց քաղաքական մտքի ու դիւանագիտական աշխատանքներու յուսադրիչ, կենարար ու արդի գործընթացներ:

Իսկ հայկական բանակը արդիական զինուժով եւ հմտութեամբ օժտելու ամէն փորձ իր սաղմին մէջ մարեցաւ, որովհետեւ ռազմական արհեստագիտութիւնը մնաց սահմանափակ տարողութեամբ ու կախեալ օտարի` Ռուսիոյ քմահաճոյքէն:

Ամենաողբերգականը եղաւ այն, որ հայրենի իրերայաջորդ իշխանութիւններ` գինովցած Արցախի յաղթանակով, չկրցան ձերբազատիլ ալան-թալանի փորձութենէն, իշխանատենչի աւերիչ ու քանդիչ ախորժակէն, հագան մեծամիտի եւ ինքնագոհի հանդերձանք, իսկ յոյսը դնելով օտարի ռազմավարական գործընկերութեան վրայ` մոռացութեան տուին ամուր հիմքի վրայ պետութիւն կառուցելու խոստումները:

Ասոնք պատճառ դարձան` արտագաղթի, յուսալքութեան, հիասթափութեան, ինքնաքանդումի եւ պետականութեան տկարացումին:

Ըսուածին ապացոյցը ներկայ օրերու հայրենիքի տխուր իրավիճակն է, արիւնով ազատագրուած ու պաշտպանուած Արցախի կորուստը, յանձնումը, Հայաստանի տարածքին դէմ թշնամի ուժերու նկրտումներն են, այլապէս յարձակողապաշտ քաղաքականութեան եւ ճնշումի միջոցներն են` իր դարաւոր էութենէն պարպելու հայրենի ժողովուրդը, միանգամընդմիշտ ջնջելու հայու երազանքը, ազատ ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` պարտադրելու տնտեսական կախեալութիւն եւ արհեստական շնչառութիւն:

Իսկ ամէնէն դատապարտելին, զզուելին այսօր այն է, թէ որոշումի կեդրոններ կ՛ուզեն, տիւ եւ գիշեր կը փորձեն ուղղակի միջամտութիւններով իրենց քաղաքական կամքն ու վարքագիծը օգտագործել` աքցանի մէջ պահելու հայ քաղաքական միտքը, ազգային մտածողութիւնը եւ գերիշխան ապրելու արդար պահանջները:

Իրօք, զարմանալի ոչինչ պէտք է տեսնել աշխարհակալ ուժերու նմանատիպ վարքագիծներու մէջ, որովհետեւ անոնց պետական շահերը աւելի գերիշխող են, քան` փոքր ժողովուրդներու ու պետութիւններու խաղաղ կեանքը, անդորրութիւնը:

Այդուհանդերձ, շշմեցնող իրականութիւնը այն է, որ հայ քաղաքական միտքը իր պետական կարգ ու սարքով, յատկապէս` վերանկախացած Հայաստանի 35 տարիներուն, չկրցաւ, չուզեց ըմբռնել վերեւի ճշմարտութիւնը:

Այո՛, ճշմարտութիւն, թէ չկան դրացի ու բարեացակամ պետութիւններ, այլ` ազգային շահեր հետապնդող քաղաքատնտեսական գործընթացներ, փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ ու մանաւանդ ռազմավարական հիմքերու վրայ պատրաստուած հեռակայ մութ թէ բացայայտ ծրագիրներ:

Ծրագիրներ, որոնք շատ անգամ անհասանելի են մեզի համար, վատ են իրենց պարունակած բովանդակութեամբ, անըմբռնելի են մեր մտքի հասունութեան, դժուար ընկալելի հայ պետականութեան, որովհետեւ վերանկախացած հայրենիքի պետական ուժեր ամբողջ 35 տարի առաջնորդուեցան ալան թալանով, սեփական կեանքի համար աւարներու ուղիներ որոնելով, փոխանակ օգտուելու սեփական պատմութենէն ու արդի ժողովուրդներու փորձառութենէն եւ քաղաքական հմտութենէն:

Միւս կողմէ` վրայ հասաւ 2018-ի իշխանափոխութիւնը, որ շա՜տ շատերու համար եղաւ, այսպէս ըսած, փրկութեան լաստ, դէպի ժողովրդավարութիւն տանող ճանապարհ ու ազգային տենչերու իրականացման հարթակ:

Ու ժամանակի թաւալքին հետ լոյսին եկաւ իրականութեան միւս երեսը, երբ յականէ անուանէ բացայայտուեցան` իշխանական համակարգին նոր դէմքերը, անոնց թաքուն թէ բացայայտ քաղաքական ծրագիրներն ու արեւելումի «շնորհ»-ները:

Վերջին տարիներու հայրենի քաղաքական կեանքի թաւալքը դէմ յանդիման գտնուեցաւ ահաւոր տագնապներու եւ փորձութիւններու: Ու հասանք այս վիճակին:

Հայրենի ժողովուրդը քուէարկեց ու դարձեալ արձակեց իր վճիռը:

Արդ, ի՞նչ բանի կը ծառայեն այս կամ այն կողմի քաղաքական-գաղափարական վերլուծումները, պահանջներն ու ակնկալութիւնները, երբ ժողովուրդը ինք կ՛ապրի գոհունակութեամբ լիացած կեանք մը` ի տես տնտեսական վերելքի, զբօսաշրջային  կեանքի աշխուժութեան, շինարարական աշխատանքի լայնածաւալ տարողութեան, ամսականներու բարելաւման ու հասարակութեան բարեյաջող ընթացքին:

Այս հաստատումները կը պատկանին վերջերս Հայաստան այցելութիւն տուած ոչ նիկոլասէր հայորդիներու, որոնց վկայութիւնը թէեւ կ՛ուրախացնէ մեզ, բայց միւս կողմէ` բազում հարցադրումներու տեղիք կու տայ:

Հայ լրագրութիւնը` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, որքան ալ փորձէ իրազեկ պահել հայրենի հայութիւնը առկայ սպառնալիքներու թէ գալիք վտանգներու մասին, ազգային ու պետական մակարդակի որդեգրուած արեւելումները ի զուր կը հնչեն, եթէ երբեք ամբողջ հայութիւնը ցարդ չէ կրցած ճշդորոշել իր տեղն ու դերը քաղաքակիրթ աշխարհի հարթակին վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալով իր պատմութեան, ժառանգին անցեալի թէ ներկայի նուաճումներուն:

Ճիշդ է, որ իշխանութիւններ գնայուն են, հայրենիքն է մնայուն, այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է հարցադրել` ինչո՞ւ կոտորակուած հայրենիք մը ունինք, ինչո՞ւ պառակտուած է հայութիւնը, ինչո՞ւ միասնականութեան թեման սոսկ լոզունգի վերածուած է, ինչո՞ւ այսքան սուղ պիտի արժէ խաղաղութիւնը, հայ ազգն ու պետականութիւնը ե՞րբ պիտի զգաստանան, արթննան իրենց թմբիրէն եւ լծուին ոչ թէ լոկ «իրական» Հայաստան մը ունենալու, այլ` հայաբոյր Հայաստան մը, որ պիտի պարփակէ` ազգին ներուժը, հարստութիւնը, ժողովրդագրական պատկերը, թշնամի ուժերու դէմ կանգնելու հզօրութիւնը, ինքնիշխան ու ազատ ապրելու կամքը:

Այո՛, հայաշունչ Հայաստան մը, ուր գոյութիւն չունին խտրականութիւն, ատելութիւն եւ իրերամերժ պահուածք: Հայաստան մը, որուն վայել է Եռաբլուրի շունչը, պատգամը, ուր կը թեւածեն Արամազդի, Անահիտի եւ Վահագնի հրաշափառ ու յաւերժական հոգիները, ազատատենչի ու պայքարի ոգին:

Արարատի վեհութեամբ ապրող Հայաստան մը, որ տէր է իր ինքնութեան, զերծ` խայտառակ եւ ամօթալի կեցուածքներէ, թշնամիին դիմաց ծնկած ըլլալէ, ու մանաւանդ` մարդկութեան գութն ու ողորմութիւնը աղերսելէ:

Ազգային գաղափարախօսութեամբ շէնշող Հայաստան մըն է ազգին երազածը, որ կարենայ համախմբել ամբողջ հայութիւնը իր հովանիի տակ, դառնայ օրրանը մեր ապրումներուն, յոյզերուն եւ հետագայ յաղթանակներուն:

Ըլլայ առաջնորդը, մղիչ ուժն ու կորովը նորահաս սերունդներու, որոնք պահ մը ձանձրացած իրենց սփիւռքացած կեանքէն, վերադառնան հայրենիք, ապրին, աշխատին, ստեղծագործեն ու  շաղախուին Հայաստանի սուրբ հողին հետ:

Հզօր Հայաստան մը, որուն արեւելումը ամօթի մատնէ թշնամի թէ բարեկամ ուժեր եւ պատիւ ներշնչէ ամբողջ հայութեան:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանի

Յաջորդը

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

RelatedPosts

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանի
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Արցախի Գաղթական Հայ Կիներուն Եւ Մանուկներուն Մարդկային Արդարութեան Հարցը Պիտի Ներկայացուի ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ Նստաշրջանի

September 21, 2026
Ո՞ւր Ենք Մենք
Անդրադարձ

Ո՞ւր Ենք Մենք

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.