Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 21 սեպտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որոշելու համար Խորհրդային Միութենէն անկախանալու հարցը:

Նախապէս արդէն, 23 օգոստոս 1990-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը:

* * *

«Ազդակ» շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով, «Հանրաքուէին պատասխանը չի կրնար ոչ ըլլալ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ապրող հայորդիները, այսօր` 21 սեպտեմբերին, վճռականօրէն «Այո՛» պիտի պատասխանեն այն հարցումին, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն, որ մեր հայրենիքը ըլլայ գերիշխան եւ անկախ երկիր մը, ազատ` ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ կապանքէ եւ կաշկանդումէ:

«Հանրաքուէին արդիւնքին պէտք չունինք` գիտնալու համար, թէ հայրենի մեր ժողովուրդը, թարգմանն ու արտայայտիչը ըլլալով ամբողջ հայութեան կամքին ու տեսլականներուն` 100 առ հարիւր համեմատութեամբ թեր պիտի քուէարկէ իրեն ուղղուած ծանօթ հարցումին: Արդարեւ, կարելի՞ է երեւակայել ոեւէ հայ, ոեւէ քաղաքակա՛ն մարդ, որ «ոչ» պատասխանէ իր հայրենիքին անկախութեան գաղափարին:

«Այսօրուան հանրաքուէին արդիւնքը ծանօթ է այժմէն իսկ: Անիկա յստակ էր երէկ, անցեալին, աւելի քան դար մը առաջ, սկսեալ` այն օրէն, երբ օտարի լուծին տակ կքած ու արիւնաքամութեան վիճակին հասած հայը օր մը բարձրացուց իր գլուխը եւ հայ ֆետայիին հետ բացագանչեց` «ազատութիւն կամ մահ»: 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէէն բազմաթիւ տարիներ առաջ, իր առաջին հանրապետութեան ծնունդ տուող Սարդարապատեան հերոսամարտէն առաջ ու անկէ ետք, հայը բազմիցս իր արիւնո՛վ «Այո՛» քուէարկեց ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի տեսլականին: Այդ քուէն կրկնուեցաւ խորհրդային համայնավար իշխանութիւններու ամէնէն դաժան հալածանքի օրերուն ալ, սփիւռքի տարածքին, թէ հայրենի հողին վրայ, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով, ի գին բազմահազար զոհերու եւ բազում զոհողութիւններու, չարենցներու եւ ճակատագրակիցներուն կեանքերուն»:

* * *

Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Հայաստանի խորհրդարանը այսօր անկախութիւն կը յայտարարէ» խորագիրով լուրով «Ազդակ» կը գրէր.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարան) այսօր նիստ մը պիտի գումարէ, պաշտօնապէս անկախ հռչակելու համար Հայաստանը: Խորհրդարանի այս յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ շաբաթ օր տեղի ունեցած հանրաքուէին արդիւնքին նուիրագործումը:

«Շաբաթ օր, Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր, աննախընթաց վիճակ մը` վերջին 70 տարիներուն»:

* * *

Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Հայաստան` անկախ Հանրապետութիւն» խորագրեալ լուրով «Ազդակ» կը գրէր.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարան) երէկ յետմիջօրէին անկախ հռչակեց Հայաստանը:

«Որոշումը տրուեցաւ միաձայնութեամբ: Անիկա կը բխի շաբաթ օր տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքէն. ծանօթ է, որ հանրաքուէին մասնակցողներուն հարց տրուած էր, թէ կ՛ուզե՞ն որ Հայաստանը դառնայ Խորհրդային Միութենէն անկախ եւ գերիշխան հանրապետութիւն մը: Հանրաքուէին մասնակցած էր քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 95 առ հարիւրը, որուն 99,3 առ հարիւրը «Այո» քուէարկած էր:

«Անկախութեան յայտարարութեան նիստը անցաւ տօնական եւ ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ: Երեսփոխանները միաձայնութեամբ հաստատեցին շաբաթ օրուան հանրաքուէին արդիւնքը, ծափահարութեամբ ողջունեցին յայտարարութիւնը եւ յոտնկայս երգեցին Հայաստանի քայլերգը:

«Ներկայ էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա.: Խորհրդարանի շէնքին մէջ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, ան օրհնեց անկախութեան հռչակման աքթը»:

Հայաստան դարձաւ Խորհրդային Միութեան միակ հանրապետութիւնը, որ անջատուեցաւ Միութեան հանրաքուէի մասին օրէնքի տառին ու իրաւական բոլոր փուլերուն համապատասխան չափանիշներով:

 

Նախորդը

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

Յաջորդը

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.