Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ներկայացան Սամուէլ Կարապետեանի բնակարան եւ ձեռնարկեցին խուզարկութեան: Սամուէլ Կարապետեան կը գտնուէր տնային կալանքի տակ: Շուտով յայտնի դարձաւ, որ միաժամանակ խուզարկման կ՛ենթարկուին նաեւ Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարանը, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակը, բազմաթիւ այլ բնակարաններ եւ ընկերութիւններու գրասենեակներ: Խուզարկութիւններուն յաջորդեցին ձերբակալութիւններ: Խուզարկուած վայրերու ընդհանուր թիւը 65 է: Ձերբակալուած են Սամուէլ Կարապետեանը եւ անորոշ թիւով այլ անձնաւորութիւններ: Նոյն օրը երեկոյեան դատարանի որոշումով Սամուէլ Կարապետեանը կալանաւորուեցաւ մէկ ամիս ժամկէտով: Խուզարկութիւններուն, ձերբակալութիւններուն եւ կալանաւորումներուն պատճառը Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու յանձանձման ժամանակ իրականացած իւրացումներն են, կողոպուտներ, որոնք պետութեան վնաս հասցուցած են: Կը պարզուի, որ Սամուէլ Կարապետեանը իրեն պատկանող ընկերութիւնը կողոպտած է:

Ամբաստանութեան շինծու` կարուած, ըլլալու իրողութիւնը ակներեւ է: Պատրուակ մը պէտք էր ընդդիմութեան բանտարկուած երկու ղեկավարներուն` Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Գագիկ Ծառուկեանին միացնելու խորհրդարանի ընդդիմադիր մեծագոյն խմբակցութեան պետը: Ազգային ժողովի խայտառակ ծեծկռտուքէն ետք Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան պէտք է «պետականամէտ» նոր ընդդիմութիւն ունենայ, որ կը թարգմանուի` ընդդիմութիւնը պէտք է ենթարկուի իշխանութեան: Ենթարկուի ինչո՞ւ համար:

Ծանօթ է, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուին հրապարակելու իրենց կազմած նոր Սահմանադրութիւնը: Տակաւին գաղտնի պահուած Սահմանադրութեան նախաբանէն հանուած է Անկախութեան հռչակագիրին յղումը: Յայտարարուած այս «բարեփոխումէն» զատ կան նաեւ անծանօթ այլ փոփոխութիւններ: Արդ, Ազրպէյճան կը պահանջէ այս փոփոխութիւնները կատարել խաղաղութեան նախաստորագրուած (համաձայնեցուած) պայմանագիրը ստորագրելու համար: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը դէմ է ապազգային փոփոխութիւններուն: Սահմանադրութիւնը կարելի է փոխել ժողովրդային հանրաքուէով, իսկ հանրաքուէ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է Ազգային ժողովի երկու երրորդի որոշումը: Քաղաքացիական պայմանագիրը չունի երկու երրորդի մեծամասնութիւն: Ընդդիմադիր ձայներ հարկաւոր են երկու երրորդ գոյացնելու համար: Իշխանութիւնները կ՛ուզեն ի յառաջագունէ ապահովել պակսող ձայները եւ ընդդիմութեան կ՛ըսեն. կա՛մ կը խոստանաք պակսող ձայները ապահովել, կա՛մ կ՛ենթարկուիք ճնշումներու: Իրենց կարծիքով` ճնշումները ժողովրդային են, քանի որ իբրեւ իշխանութիւն իրենք կը վայելեն ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը: Մինչդեռ, իրենց չտալով երկու երրորդի սահմանադրական մեծամասնութիւն, ժողովուրդը մերժած է սահմանադրութեան փոփոխութեան ծրագիրը:

Ընդդիմադիրները «համոզելու համար» ապօրինի ճնշումներ կային Ազգային ժողովի 7 յունիսի ընտրութիւններէն առաջ եւ ընտրարշաւի ատեն ու նոյնիսկ ընտրութեան օրը: Ընտրութենէն ետք անոնք շարունակուեցան եւ աւելի արմատական միջոցներով սկսան իրագործուիլ: Ազգային ժողովը վերածուեցաւ ցեխարձակումի կրկէսի մը, ուր ընդդիմադիր խօսոյթը թշնամանքի կը հաւասարեցուի: Ընդդիմութեան կողմէ վճռական նախաձեռնութեան մը պահանջը հասունցած է շատոնց: Սպասուած այդ նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ ընդդիմադիր ամբողջ հանրութեան մասնակցութիւնը, Հայաստանը դուրս բերելու համար հետզհետէ խորացող ամբողջատիրական խորխորատէն:

Վերջապէս, խորհրդարանական ու ոչ խորհրդարանական տասներկու կազմակերպութիւններ, մէկդի դնելով իրենց տարակարծութիւնները, յառաջացուցին համազգային համախմբում մը չորս կէտերէ բաղկացած ծրագիրի մը շուրջ: Ահաւասիկ այդ ծրագիրը.

– Ալիեւեան սահմանադրութեան պարտադրանքի մերժում:

– Խաղաղութիւն` առանց միակողմանի զիջումներու եւ տարածքային կորուստներու:

– Ազգային ինքնութեան եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պաշտպանութիւն:

– Ժողովրդավարական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու վերականգնում:

Համախմբումի յայտարարութիւնը ստորագրած են հետեւեալ կազմակերպութիւնները. «Ուժեղ Հայաստան», «Հայաստան» դաշինք, Հայաքուէ, Ապրելու երկիր, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, Հայ ազգային քոնկրես, ՀՅ Դաշնակցութիւն, Ժառանգութիւն, Միասին, Դեմոկրատական այլ ընտրանք, Նոր դարաշրջան եւ Միաւորուած հայեր: Համախմբումը բաց է այլ հասարակական կազմակերպութիւններու համար:

Ընդդիմադիր դաշտի միաւորումը կայացած է. կը մնայ էականը` համակարգուած գործնական պայքարը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.