Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացնող, Ոչ Բաժանող

August 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի կազմակերպման կառոյցի ստեղծման աշխատանքը կը շարունակուի: Ժողովը ընտրած է արդէն իր նախագահը եւ երեք փոխնախագահները: Այժմ կ՛ընտրուին մշտական տասներկու յանձնաժողովներու նախագահները: Ազգային ժողովի սահմանադրական օրէնքին համաձայն, ութ յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի մեծամասնական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, չորս` փոքրամասնութիւնը. երեք «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ մէկ` «Հայաստան» դաշինքը: Ընտրական գործընթացը բաւական երկար կը տեւէ. խմբակցութիւնը կը ներկայացնէ իր թեկնածուն, կը պատասխանէ պատգամաւորներու հարցումներուն, ապա ելոյթներ տեղի կ՛ունենան, ելոյթներուն կը յաջորդեն խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ելոյթները եւ, վերջապէս, թեկնածուին եզրափակիչ ելոյթը: Կը նախատեսուի, որ հարցապնդումներն ու ելոյթները կեդրոնանան տուեալ յանձնաժողովի կատարելիք աշխատանքին ու թեկնածուի ունակութիւններուն վրայ: Սակայն պատգամաւորներէն շատեր ցուցադրուելու առիթէն օգտուելով` կ՛արծարծեն հարցեր, որոնք կապ չունին քննուող հարցին հետ, եւ կրկնութիւններով կը հնչեցնեն քննադատութիւններ, աւելի ճիշդ` մեղադրանքներ, իրարու հասցէին: Մեղադրանքները կ՛ընկերանան չհաստատուած, յաճախ սուտ տեղեկութիւններու: Նպատակը, յատկապէս` մեծամասնութեան կողմէ, փոքրամասնութիւնը վարկաբեկելն է եւ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ անոր ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս անտեղի է ու սխալ:

Այս երկարատեւ ու ձանձրալի քննարկումներուն ընթացքին, երկուշաբթի, 17 օգոստոսին կը քննարկուէր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ սփիւռքի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածութիւնը: Երկար անունով այս յանձնաժողովը, ինչպէս դժուար չէ կռահել, կարեւոր գործառոյթներ ունի: Անոնց կարգին` սփիւռքի հարցերը: Բնական է, որ սփիւռքը անմասն պիտի չմնար հարցադրումներէն ու ելոյթներէն: Այդպէս ալ եղաւ:

Սփիւռք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն: Օրակարգի բոլոր կէտերու քննութեան ընթացքին անպայման կը գտնուի բանախօս մը, որ հարկ կը զգայ անդրադառնալու Դաշնակցութեան սխալներուն եւ հակասութիւններ փնտռելու անոր անցեալ թէ ներկայ դիրքորոշումներուն մէջ: Երբ հայկական սփիւռքին կ՛անդրադառնանք, կարելի

չէ ամէնէն աւելի տարածուն, ամէնէն աւելի գործունեայ կուսակցութիւնը մոռացութեան տալ: Սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն ու ընդհանրապէս հասարակական կեանքին անընդունելի է իրական Հայաստանի ջատագովներուն համար: Անընդունելին քիչ է այն բոլոր անհատներուն ու մանաւանդ կազմակերպութիւններուն պարագային, եթէ անոնք չեն բաժներ Քաղաքացիական պայմանագրի տեսութիւնները Հայոց հայրենիքի, պետականութեան կայացման, Արցախի, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի ու ազգային այլազան բնագաւառներուն մասին: Հայաստանի իշխանութիւնը կը նախընտրէ, որ սփիւռքը ունենայ որոշման մէկ կեդրոն, որուն ինք կարենայ թելադրել, ինչպէս կը թելադրէ օրէնսդիր իշխանութեան, գործադիրին, դատականին եւ մնացեալ սպասարկութիւններուն:

Սփիւռքը բարդ ու բազմաշերտ իրողութիւն է: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ներքին, սեփական խնդիրները: Ապրած երկրի վարչաձեւը, կանոնները, ընկերային եւ մշակութային առանձնայատկութիւնները չեն կրնար ազդեցութիւն չունենալ գաղութային ապրելակերպին ու մտածողութեան վրայ: Գաղութներու միջեւ յարաբերութիւնները միաձեւ ապրելակերպ ունեցող միաւորներու կապեր չեն: Համադրութիւնը յաճախ դժուար է, բանական ճիգերու կը կարօտի, տարբերութիւնները ընդունելով` նմանութիւնները շեշտելու կարիք ունի: Նմանութիւններու որոնման մէջ էական դեր ունի բոլորին ծագման հայրենիքը` յաւերժական Հայաստանը: Այդ հայրենիքը միայն հոգեկան չէ. անոր մէկ հատուածին մէջ հաստատուած ու ձեւաւորուած պետականութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, համախմբող, միասնականացնող փարոս պէտք է ըլլայ: Լայնախոհ եւ կենսատու կիզակէտ` Մայր Հայաստան:

Սփիւռքի նկատմամբ նման մօտեցումը կ՛օգնէ անոր հզօրացման ու միաժամանակ զայն կը դարձնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օժանդակող հզօր գործիք մը: Պայմանով անշուշտ, որ արտաքին քաղաքականութիւնը համահունչ ըլլայ համայն հայութեան բաղձանքներուն եւ հայ ազգի ու հայրենիքի գոյատեւման հրամայականին:

Հայաստան իրաւունք չունի անտեսելու սփիւռքը: Հայաստան իրաւունք չունի չլսելու սփիւռքը, սփիւռքի այլազան ձայները, զօրակցողն ու քննադատողը: Հայաստան սփիւռքի հետ կապուած միայն համադրող ու միասնականացնող դեր կրնայ ստանձնել:

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Եւ «Հայրենիք» Հրատարակչութեան Յուշամատեան Գիրքերու Մատենաշարին Մեկնարկը

Յաջորդը

3 Թուրքեր Փորձեցին Մուտք Գործել Ռէալ Մատրիտի Հանդերձարանը

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.