. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական շրջանի ընդլայնում չկայ, եւ կը պահանջենք, որ լիբանանեան բանակը գետնի վրայ Հըզպալլային դէմ դնէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը սառեցնելով կը փորձէ խուսանաւում կատարել` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ իր հիասթափութիւնը արտայայտելու համար, սակայն իրողութեան մէջ բանակցութեան սեղանը կը մնայ անոր պարտադիր ընտրանքը»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը համաձայնեցան փորձնական տարածքներու իրականացման համար անհրաժեշտ մանրամասնութիւններուն շուրջ, ներառեալ գործառնական չափորոշիչները, միացեալ քարտէսները եւ ստուգման ու ականազերծման գործողութիւններու կանոնաւորուած սահմանումները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Շրջագծային համաձայնութեան նախորդած ամերիկեան-իսրայէլեան փոխըմբռնումները կը ներառէին ոչ միայն Պէյրութի, Հարաւային արուարձաններու եւ Հըզպալլայի անդամներու անմիջական թիրախաւորման դադրեցումը, այլ նաեւ Ալի Թահերի եւ Նապաթիէի ուղղութեամբ զինուորական յառաջխաղացքի դադրեցումը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթին հասած ապահովական տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ալի Թահեր բարձունքի շրջանին մէջ իսրայէլեան յառաջխաղացքն ու իսրայէլեան գործողութիւնը կը շարունակուին, մինչ իսրայէլեան ապահովական կուտակումներ կը նկատուին, ինչ որ զինուորական գործողութիւններու ընդլայնման հաւանականութեան ցուցանիշ է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Անգարան կ՛ուզէ քաղաքականապէս զսպել Հըզպալլան եւ կտրուկ կերպով կը մերժէ անոր դէմ զինուորական պայքարը Շարհի կողմէ, որ կ’ուզէ Հըզպալլայէն ստանալ երաշխիքներ, թէ Սուրիոյ տարածքը, մասնաւորաբար սահմանը պիտի չօգտագործէ զինուորական գործողութիւններու կամ զէնքի փոխադրման համար»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տուեալներուն համաձայն, «կարգ մը լուռ փորձերը պիտի չկարենան կեանքի կոչել Պաապտայի պալատին ու Հարաւային արուարձաններուն միջեւ կապը, եւ քաղաքական ճակատումը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ մագլցում, առանց որ հարցը հասնի կառավարութենէն ներս թէ դուրս որեւէ քայլի»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «կարգ մը սուրիացի նախկին սպաներ այլեւս Լիբանանէն հեռանալու այլընտրանքային ուղիներ կը փնտռեն` հեռու մնալով պաշտօնական անցակէտերէն: Այդ ուղիներու շարքին է դէպի Կիպրոս մաքսանենգման ցանցերուն դիմելը: Կիպրոսը կ՛ըլլայ առաջին փուլ մը, նախքան աւելի հեռու, մասնաւորաբար Լատին Ամերիկայի մէջ երկիրներ տեղափոխուիլը»:
. ՈՉ բարձրաստիճան նախկին սպայ մը «Մուտուն»-ին. «Պէյրութի մէջ որոշ տանտէրեր, որոնց տուներուն մէջ կը բնակին սուրիացի սպաներ, վերջերս սկսած են պահանջել, որ անոնք բնակարանները լքեն` անվտանգութեան ուժեղացուած քայլերու եւ հաւանական հետապնդումներու կամ խուզարկութիւններու նկատմամբ մտավախութիւններէ մեկնած»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ համաներման օրէնքը ներառէ ցկեանս բանտարկութեան վճիռը 12 տարիի նուազեցնելը, որոշ պատիժներուն աւելցնելով «խստացուած»-ի կամ «կնքուած»-ի նման իրաւական սահմանումներ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Հանրապետութեան միւֆթիի անձնական քարտուղարի պաշտօնը շուրջ 16 տարիէ ի վեր թափուր է, երբ Մոհամետ Նաքրին զայն կը վարէր Մոհամետ Քապպանիի ժամանակաշրջանին, ապա անոր առաքելութիւնը աւարտեցաւ, եւ այդ օրուընէ ի վեր այդ պաշտօնը թափուր մնաց»:


