Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Ոչ Թէ Մասնատումէն Կը Վախնամ, Այլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումէն»

August 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր «Մերձաւոր Արեւելքէն Ճակատագիր մը» խորագրեալ  գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխել, որովհետեւ դուռ կը բանայ բազմաթիւ բարեփոխումներու, եւ լիբանանեան կառուցուածքին հետեւանքով կարելի չէ քաղաքական համայնքայնութեան յօդուածը գործադրել»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւումն ու ամրապնդումը Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման համար շատ օգտակար է»:

Պատասխանելով շրջանային նոր դաշինքներու լոյսին տակ Լիբանանի դիրքին վերաբերեալ հարցումի մը` ան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մեր չափին մէջ մնանք եւ գիտնանք ինչպէս բանակցիլ, մենք մեզ ու մեր ազգային միասնականութիւնը ուժեղացնել, բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութիւն կատարել եւ Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւել»:

Պատասխանելով մասնատման ու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ նշեց. «Ոչ թէ մասնատումէն կը վախնամ, այլ` իսրայէլեան հարաւային հովէն, այսինքն` բնականոնացումէն, եւ կը պնդեմ, որ Լիբանան անոր դիմաց խոչընդոտ մնայ»:

«Ես երկխօսութեան հետ եմ, մասնաւորաբար շրջանին մէջ տեղի ունեցածին, Պապ Մանտեպի մէջ սկսած լարուածութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումին լոյսին տակ: Ամբողջ շրջանը դէպի արհաւիրք կ՛ուղղուի, եւ արաբները ամէնէն բարձր գինը պիտի վճարեն», յայտնեց Ժոմպլաթ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պարրօ Բարձր Գնահատեց Մահապատիժը Ջնջելու Լիբանանի Խորհրդարանի «Պատմական Եւ Յանդուգն» Որոշումը

RelatedPosts

Աուն. «Հըզպալլայի Զէնքը Այլեւս Լիբանանը  Պաշտպանելու Համար Չ՛օգտագործուիր,  Այլ` Շրջանային Ծրագիրներու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Հըզպալլայի Զէնքը Այլեւս Լիբանանը Պաշտպանելու Համար Չ՛օգտագործուիր, Այլ` Շրջանային Ծրագիրներու Համար»

November 19, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Սալամ. «Անհրաժեշտ Է Լիբանանը  Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Չներքաշել»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Սալամ. «Անհրաժեշտ Է Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Չներքաշել»

November 19, 2026
Անդրադառնալով Շրջագծային Համաձայնութեան`  Իսա. «Երկու Կողմերը Պէտք Է Երկրորդ Փուլին  Սկսելէ Առաջ Յստակ Ու Գործնական  Մեքանիզմի Մը Շուրջ Համաձայնին»
Լիբանանեան

Իսա. «Լիբանանը Կարելիութիւն Ունի Կառուցելու Գերիշխան Ու Անվտանգ Ապագայ, Եւ Ամերիկան Անոր Կողքին Կը Կանգնի»

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.