Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով տակաւին 3 հանդիպումներ ունի: Երկուշաբթի օր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հնդկաստանը, ապա պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր 2 յուլիսին պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբին դէմ, Ժետտայի մէջ, եւ անոր յաջորդող կիրակին (5 յուլիսին) պիտի մրցի Հնդկաստանի դէմ, Ահմետապատի մէջ:
Սակայն ազգային խումբը ամբողջական կազմով չէ, եւ Ուաէլ Արաքժի, Եուսեֆ Խայյաթ եւ Քարիմ Իզէտտին պիտի բացակային:
Օմար Ժամալէտինի եւ Հայկ Կէօքճեանի պարագաները մինչեւ վերջին վայրկեան կրնան փոխուիլ, մանաւանդ որ Ժամալէտտին թեթեւօրէն վիրաւոր էր, իսկ Հայկ որոշած էր լքել ազգային խումբը:
Մինչ այդ, Ռիատիի մարզիչ Ահմետ Ֆարրան, որ ազգային խումբը կը գլխաւորէ նաեւ, 14 մարզիկներ հրաւիրած եւ սկսած էր փորձերուն: Ալի Մանսուր, Քարիմ Զէյնուն եւ Ամիր Սէուտ (Ռիատիէն), Ալի Մըզհեր, Ժատ Խալիլ, Մարք Խուէյրի եւ Ժերար Հատիտեան (Սաժեսէն), Սերժիօ Տարուիշ (Ճափոնէն) Ժիհատ Խաթիպ (Սանթրալ), Մարք Խուրի (Անթունիէ), Օմար Ժամալ (Հուփս), Քարլ Զամաթթա (Ֆրանսա) եւ Աթիր Մաժոք (Պէյրութ Ֆըրսթ) պիտի ըլլան Լիբանանի ներկայացուցիչները:
Լիբանան 3 մրցումներ կատարած էր զտումի գծով, ուր Քաթարի դէմ երկու մրցումները կատարելով կրցած էր յաղթել առաջինին (75-74), բայց երկրորդին պարտուեցաւ (83-86), իսկ 3-րդ մրցումին յաղթած էր Սէուտական Արաբիոյ` 94-64 արդիւնքով:
Լիբանան, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա 5-ական կէտեր ձեռք ձգած են, մինչ Հնդկաստան իր 3 մրցումներուն ալ պարտուած է, բայց Լիբանան առաջին դիրքը կը գրաւէ` Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան իր ետին ձգելով:
Անշուշտ յաղթանակը շատ կարեւոր է այդ երեք մրցումներուն:
Քաթար արդէն իսկ հասած է Բ. հանգրուան` նկատի ունենալով, որ ան արդէն 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրն է:


