Երեքշաբթի գիշեր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, աղջկանց պասքեթպոլի աւարտական 3-րդ ճակատումի մրցումէն առաջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պարգեւատրեց 26 տարեշրջաններ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրած Ալիք Թապաքեանը:
Ալիք Թապաքեան, որ 2000 թուականէն կը կրէր ՀՄԸՄ Անթիլիասի շապիկը, օրինակելի մարզիկ մըն էր, որ իր կարգապահութեամբ, պայքարի բարձր ոգիով տարիներով եղած է տիպար ՀՄԸՄ-ական մը, որուն ասպարէզը պէտք է օրինակ դարձնեն բոլոր յաջողութիւն փնտռող եւ փայլուն ապագայ ցանկացող մարզիկ: Փայլուն մարզիկ ըլլալը երբեմն բաւարար չ՛ըլլար, որ մարզիկ մը սիրուի կամ հասնի յաջողութեան: Լուրջ աշխատանքով, զոհողութեամբ, ճշդապահութեամբ, ՀՄԸՄ-ի ճիշդ կրթութիւն ստանալով եւ այդ մէկը դաշտին վրայ փաստելով ան մեծ թիւով մարզիկներու օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ:
Ալիք Թապաքեան 2016-ին, 2017-ին եւ 2018-ին ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ Լիբանանի ախոյեան դարձած է եւ տարիներով ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի խմբապետ եղած:


