Չորեքշաբթի գիշեր սկսան 2026-ի Մոնտիալի խմբակներու վերջին մրցումները, որոնց լոյսին տակ պիտի վճռուին Բ. հանգրուան հասնող 32 խումբերուն անուններն ու վերջնական դիրքերը:
Զուիցերիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ երկիրներէն Քանատան եւ առաջին դիրքը գրաւեց Բ. խմբակին մէջ: Ռուպեն Վարկաս եւ Եոհան Մանզապի նշանակեցին Զուիցերիոյ կոլերը, մինչ Փրոմիս Տէյվիտ նշանակեց Քանատայի միակ կոլը: Պոսնիա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթարը` շնորհիւ Քերիմ Ալայպեկովիչի, Ապունատայի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Էրմին Մահմիչի կոլերուն` գրաւելով 3-րդ դիրքը, որ շատ հաւանաբար զինք Բ. հանգրուան հասցնէ:
Պրազիլ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սկովտիան, Վինիսիուս Ժունիոր անգամ մը եւս փայլեցաւ 2 կոլ նշանակելով: Մարոքի եւ Հայիթիի դէմ մէկական կոլեր նշանակած Վինիսիուս այժմ 4 կոլ ունի: Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մաթէուս Քունիա, որ Հայիթիի դէմ 2 կոլ նշանակած էր, նշանակեց Սկովտիոյ դէմ մրցումին 3-րդ կոլը: 76-րդ վայրկեանին Նէյմար դաշտ ներկայացաւ փոխարինելով Քունիան:
Նոյն խմբակին մէջ (Գ. խմբակ), Մարոք 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայիթին: Հայիթի 52 տարի ետք վերջապէս մոնտիալին նշանակեց կոլ մը, որուն մէջ դեր ունէր Մարոքի բերդապահ Եասին Պոնօ (սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Հաքիմի կրցաւ նշանակել Մարոքի հաւասարութեան կոլը, բայց Հայիթիի յառաջապահ Ուիլսըն Իզիտոր անգամ մը եւս կրցաւ Հայիթին առջեւ տանիլ (2-1):
ՓՍՎ Այնտհովենի միջնապահ Իսմայէլ Սայպարի յաջորդական իր 3-րդ մրցումին կոլ նշանակեց ի նպաստ Մարոքի, որ կիսախաղը աւարտեց 2-2 արդիւնքով:
Մրցումի վերջին 12 վայրկեաններուն միայն Մարոք կրցաւ յաղթել մրցումը` շնորհիւ Սոֆիան Ռահիմիի եւ Ժասեմ Եասինի կոլերուն:
Առաջին խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւեց հիւրընկալ Մեքսիքա, որ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Չեխիան:
Մաթէօ Չաւես Կարսիա, Խուլիան Քինոնես եւ Ալվարօ Ֆիկալտօ նշանակեցին Մեքսիքայի անպատասխան կոլերը:
Նախապէս Մեքսիքա 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Հարաւային Ափրիկէի, եւ 1-0 արդիւնքով` Հարաւային Քորէային: Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մեքսիքա առանց կոլ մըն իսկ ստանալու ամբողջական կէտերով կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:
Այս մրցումին երկու հետաքրքրական բաներ պատահեցան: 17 տարեկան Ժիլպերթօ Մորա եղաւ հիմնական կազմէն խաղցող ամէնէն երիտասարդ մարզիկը այս Մոնտիալին, իսկ միւս կողմէ, վեթերան բերդապահ Կիյերմօ Օչոա, որ քանի մը օրէն 41 տարեկան պիտի ըլլայ, փոխարինեց Ռաուլ Ռանկելը 78-րդ վայրկեանին` դաշտ ներկայանալով եւ մասնակցելով իր 6-րդ մոնտիալին: 2006-ին եւ 2010-ին պահեստի բերդապահ ըլլալէն ետք, Օչոա 2014-ին, 2018-ին, 2022-ին եւ այս Մոնտիալին ալ մասնակցեցաւ:
Հարաւային Ափրիկէ իր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հասաւ Բ. հանգրուան` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Հարաւային Քորէան:
Թափելօ Մասեքօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Այսօր ժամը 22:00-ին Նորվեկիա պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ եւ նոյն ժամուն Սենեկալ` Իրաքի: Առաւօտեան ժամը 3:00-ին Ուրուկուէյ` Սպանիոյ դէմ, իսկ Քափէ Վերտէ` Սէուտական Արաբիոյ:
Վաղը առաւօտեան ժամը 6:00-ին Նոր Զելանտա պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ, իսկ Եգիպտոս` Իրանի:
Վաղը կէս գիշերին Փանամա` Անգլիոյ դէմ, իսկ Խրուաթիա` Կանայի: Կիրակի առաւօտեան ժամը 2:30-ին, Քոլոմպիա պիտի մրցի Փորթուգալի դէմ, իսկ Քոնկօ` Ուզպեքիստանի: Ժամը 5:00-ին Յորդանան Արժանթինի դէմ, իսկ Ալճերիա` Աւստրիոյ, փակելով առաջին հանգրուանի բոլոր մրցումները:


