Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

May 8, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ Ֆրանսայի նախագահի պետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած արարողութիւններուն վրայ: Այս բոլորը նոր շրջափուլի մը ուղենիշերը կը փոխանցեն, ոչ այնքան Երեւանի որդեգրած արտաքին, որքան հաւաքական Արեւմուտքի տարածաշրջանին մէջ կիրարկած քաղաքականութեան ուղղութեամբ:

Անկախ հռչակագիրներէն, համաձայնագիրներէն, Մոսկուայի արձագանգներէն, համաեւրոպական եւ յատկապէս ֆրանսական պետական, հասարակական, տեղեկատուական հարթակներէն բխած յայտարարութիւններէն եւ մեկնաբանութիւններէն, քանի մը հանգամանքի վրայ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել:

Առաջինը` պաշտօնական Պերլինի բացակայութիւնն էր: Եթէ տարողութիւնը համաեւրոպական է, ուրեմն Գերմանիան այդ ձեւաչափին մէջ առանցքային առկայութիւն է: Բացակայութիւնը Գերմանիոյ առաջին դէմքին, կրնայ մեկնաբանուիլ այս քաղաքականութեան նկատմամբ որոշակի վերապահութեամբ, կամ ներեւրոպական ուղղութեան վրայ Գերմանիա-Ֆրանսա յառաջատար դիրքերու առումով գոյութիւն ունեցող մրցակցութեամբ: Երեւան-Փարիզ համաձայնութեամբ համատեղուած էր Ֆրանսայի նախագահին պետական այցելութիւնը: Այս համատեղումին նպատակը այն էր, որ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի, համաեւրոպական քաղաքականութեան մղիչ գործօնն ու յառաջատար ուժը Ֆրանսան է: Փարիզը, ըստ նաեւ յայտարարութիւններուն, փաստօրէն ստանձնած է եւրոպական նաւը Հարաւային Կովկաս առաջնորդելու նաւավարի դերը: Չի բացառուիր, որ այստեղ է յատկապէս Պերլինի վերապահութիւնը:

Քանատայի վարչապետին մասնակցութիւնն ու կատարած յայտարարութիւնները յստակօրէն կը մեկնաբանուին Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ որդեգրուած կամ ցուցադրուած վերապահութեամբ: Քանատան միակ ոչ եւրոպական երկիրն էր, որ հրաւիրուած էր այս գագաթնաժողովին: Այս երեւոյթը պէտք է յաւելեալ դիտարկումի ենթարկել: Ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ աշխարհակարգային տարբեր խնդիրներու գծով կան  տարակարծութիւններ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի միջեւ:

Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է ընկալել Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը առ այն, որ Հարաւային Կովկասը պէտք չէ դառնայ կայսրութիւններու մրցահարթակ: Ակնարկը յստակ է, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Քանատայի ղեկավարին թէ՛ ներկայութիւնը եւ թէ՛ դիւանագիտականօրէն արտայայտած միտքերը:

Պահ մը, եթէ նկատի ունենանք Ուաշինկթըն-Մոսկուա մրցակցութեան խնդիրին մէջ Եւրոպայի կեդրոնութիւնը, ապա համեմատաբար ընկալելի կ՛ըլլան Երեւան-Պրիւքսել բացուող շրջափուլին հիմնաւորումները: Այդպէս պարզ չէ սակայն իրականութիւնը:

Մէկ կողմէ մրցահարթակը բացառելու կոչը, միւս կողմէ ռուսական գործօնին դէմ ուղիղ կատարուող յայտարարութիւնները կը շրջեն հաւասարակշռութեան դիրքորոշումները:

Հարաւային Կովկասի թէ յատկապէս Երեւանի ուղղութեամբ, հիմնական տարբերութիւններ չեն նկատուիր Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի վարած քաղաքականութիւններուն միջեւ: Ուաշինկթընը` ԹՐԻՓՓ-ով, Եւրոպական Միութիւնը մինչ այժմ դէտերով եւ գագաթնաժողովներով, զիրար չեն հակասեր: Երկուքը իրենց սլաքները ուղղած են Մոսկուային եւ գործնապէս կը քաջալերեն անոր հեռացումը տարածաշրջանէն:

Թիֆլիսի փորձը դէպի կեդրոն գալու յայտնապէս դժգոհ ձգած է հաւաքական Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգներով եւ Պրիւքսելով արտայայտուած, որոնք վերատեսութեան ենթարկած են իրենց որոշումները Վրաստանի նկատմամբ: Թիֆլիսէն իրենց հայեացքը յարելով Երեւան, անոնք որոշած են աշխուժացնել թափանցման եւ առկայութեան իրենց քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Հիմա, քաղաքական այս ընթացքին  էփիկեդրոն նկատելով Երեւանը:

Նախադրեալները կը յուշեն, որ խաչմերուկները այս ընթացքով կրնան վերածուիլ բախումնային կէտերու: Երեւանը պարտաւոր է դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք արգելք պէտք է հանդիսանան մրցահարթակի վերածելէ մեր երկիրը:

«Ա.»

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կայ Մեր Մոլորակին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.