Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

May 8, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ երեք Հայկական կուսակցութիւններուն եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի, եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վահրամ Պարսումեանի, Սերժ Մելքոնեանի, Յովհաննէս Պչագճեանի եւ Ճօ Մրատի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի, ՀՄՄ-ի, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան ներկայացուցիչներու, չորեքշաբթի, 6 մայիս 2026-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` ի յիշատակ 6 մայիս 1916-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած նահատակներուն: Անոնք իրենց անձնազոհութեամբ դարձան ազատութեան եւ արժանապատուութեան պայքարի անմար խորհրդանիշեր:

ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերը նուագեցին Լիբանանի քայլերգը, ինչպէս նաեւ մահերգ` ծաղկեպսակի զետեղման ժամանակ:

Լիբանանի մէջ Հայկական կուսակցութիւններուն անունով ծաղկեպսակը զետեղեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տաքէսեան եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տաքէսեան:

Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով (մայիս 6) Լիբանանի մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններուն անունով Արազ Էլէյճեան ընթերցեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Այս օրը` 6 մայիս 1916-ին, օսմանեան թրքական իշխանութիւնները Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղաններ կանգնեցուցին` փորձելով լռեցնել ազատութեան ձայները: Կարծեցին, թէ մտաւորականները, հայրենասէրները եւ ազատատենչ մարդիկը մահապատիժի ենթարկելով կրնան խեղդել ժողովուրդին ազատագրութեան ոգին… բայց ձախողեցան:

Ազատութեան ջահը մարելու փոխարէն, տարբեր համայնքներու եւ շրջաններու նահատակներու արիւնը միաձուլուեցաւ` դառնալով ուժ մը, որ ամրապնդեց անկախութեան եւ ազատութեան կամքը` ընդդէմ օսմանեան թրքական բռնութեան եւ ճնշումին:

Այսօր զանոնք չենք յիշեր իբրեւ զոհեր, այլ կը պատուենք իբրեւ մեր ազգային ինքնութեան կերտողներ: Անոնց արիւնը ի զուր չհոսեցաւ, այլ դարձաւ հիմքը, որուն վրայ կանգնեցաւ Լիբանանը:

Բայց միայն յիշելը բաւարար չէ:

Նահատակները ճշմարտապէս պատուել կը նշանակէ պաշտպանել այն սկզբունքները, որոնց համար անոնք նահատակուեցան, եւ մերժել ամէն տեսակ տիրապետութիւն` թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս:

Յստակօրէն կը հաստատենք, որ ճնշումով եւ մահապատիժներով իշխողները չեն կրնար զատուիլ իրենց ձգած ժառանգութենէն: Մեր նահատակներուն դէմ գործուած ոճիրները չեն մոռցուիր, եւ պէտք չէ նսեմացնել անոնց յիշատակը: Յիշողութիւնը վրէժ չէ, այլ դիմադրութեան ձեւ մըն է:

Այսօր մեր պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ է, քան երբեք: Լիբանանը կը գտնուի խաչմերուկի առջեւ` ներքին եւ արտաքին աճող մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ: Եւ եթէ մէկ դաս ունինք քաղելիք մեր նահատակներէն, ապա այն է, որ հայրենիք մը, որ կը մոռնայ իր հերոսները, կը վտանգէ իր ապագան:

Այս ծիրին մէջ կը կարծենք, որ լիբանանեան պետութեան պարտքն է վերահաստատել այս օրուան համապարփակ իմաստը` իբրեւ Լիբանանի բոլոր նահատակներու օր, ոչ թէ սահմանափակել զայն միայն մամուլի նահատակներով: Մայիս 6-ը համազգային յիշատակութեան օր մըն է, որ կը մարմնաւորէ զոհողութիւնները այն տղամարդոց եւ կիներուն, որոնք պայքարեցան ազատութեան, արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան համար: Անոնց իրաւունքն է, որ ըստ արժանւոյն պահպանուի իրենց ժառանգութիւնը ազգային յիշողութեան մէջ: Այս օրուան վերահաստատումը իբրեւ «Լիբանանի նահատակներու տօն» անհրաժեշտ քայլ մըն է ազգային գիտակցութեան ամրապնդման եւ հաւաքական յիշողութեան միասնութեան խթանման համար:

Վերջին զարգացումներուն եւ  իսրայէլեան յաճախակի յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի կրած կորուստներուն լոյսին տակ, կը յիշենք մեր նոր նահատակները, որոնք ինկան ի պաշտպանութիւն հայրենի հողին, արժանապատուութեան եւ ինքնիշխանութեան: Անոնց արիւնը կը միանայ ազգային նահատակութեան այն երթին, որ երբեք չէ ընդհատուած, եւ կը հաստատէ, որ մայիս 6-ին նահատակուած հերոսներուն զոհողութիւնները կը շարունակուին տարբեր կերպերով: Այս իրականութեան դիմաց, մեր յանձնառութիւնը` պաշտպանելու մեր երկիրը, պահելու անոր ինքնիշխանութիւնը եւ պաշտպանելու մեր ժողովուրդը, կը մնայ ազգային պարտաւորութիւն մը, որ չ՛ընդունիր որեւէ զիջում:

Հետեւաբար, պէտք է յիշենք:

Յիշենք մեր դպրոցներուն, մեր տուներուն եւ մեր հաստատութիւններուն մէջ: Սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որ ազատութիւնը չի տրուիր, այլ ձեռք կը բերուի պայքարով եւ զոհողութեամբ: Պահպանենք այն միասնութիւնը, զոր մարմնաւորեցին մեր նահատակները, որովհետեւ անոնք չնահատակուեցան իբրեւ համայնքներու զաւակներ, այլ իբրեւ մէկ հայրենիքի զաւակներ:

Փա՛ռք նահատակներուն:
Փա՛ռք բոլոր անոնց, որոնք դիմադրեցին անարդարութեան:
Եւ փա՛ռք Լիբանանին` իբրեւ ազատ, միացեալ եւ անկոտրում հայրենիք:

ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները  Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի  Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ
Լիբանանի Մէջ Երեք Հայկական Կուսակցութիւնները  Ծաղկեպսակ Զետեղեցին Պէյրութի  Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ
Նախորդը

Հայ Կեանքի Եւ Միջին Արեւելքի Նորագոյն Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Անդրադարձաւ Ազգային Զօրաշարժի Հրամայականին

Յաջորդը

Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.