Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Երբեմն լռելը աւելի լաւ է, քան մեկնաբանել որոշ ցնորական յայտարարութիւններ, առաւել եւս որոշ մարդոց անհեթեթութիւնները, երբ երկիրը ճակատագրական վտանգներ կը դիմագրաւէ: Մարդոց մտքերը յարգեցէ՛ք»:

.«Էմ. Թի. Վի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը նախագահ Ժոզեֆ Աունին յայտնեց, թէ ամերիկացիները երէկուան Լիբանան – Իսրայէլ բանակցութիւններուն մէջ հոյակապ էին»:

. «ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ ՆԻՈՒԶ». «Միջազգային դրամական ֆոնտն ու Լիբանանը մէկ միլիառ տոլարի հասնող արագ ֆինանսաւորման շուրջ բանակցութիւններ կը կատարեն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու. «Հարաւային Լիբանանի մէջ 5 դիրքերու մասին չենք խօսիր, այլ Հըզպալլայի ներխուժման վտանգը վերացնելու եւ հրթիռներու սպառնալիքը հեռացնելու համար ապահովական գօտիի»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Իրան աւելի դրական կ՛ընկալէ Լիբանանի մէջ սէուտական դերակատարութիւնը եւ զայն կայունութեան ազդակ կը նկատէ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ հաւանաբար Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ժողովէն ետք սէուտական նախաձեռնութիւն մը յստականայ` աւելցնելով, որ վերջին օրերուն Լիբանանի հարցով սէուտցի պատուիրակի Այն Թինէի հետ հաղորդակցութիւնը աշխուժացած է, եւ անիկա ներքին կացութեան հանդարտեցման ազդակ էր:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Նեթանիահուի Հիւսիսային հրամանատարութեան այցելութենէն ետք, որոշուեցաւ լիբանանեան գիւղերու առաջին գիծին մէջ 15 տեւական ճամբարները ստեղծել»:

. «ԹԱՅՄԶ ԱՖ ԻԶՐԱՅԷԼ». «Իսրայէլեան բանակը գրաւեց Պընթ Ժպէյլի մարզադաշտը, ուր (Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլան արտասանած էր «Իսրայէլը սարդոստայնէն թոյլ է» խօսքը»:

. ԻՐԱՔԻ մէջ կրօնական հեղինակութիւն սէյիտ Ալի Սիսթանիի Լիբանանի մէջ գրասենեակի տնօրէն Համետ Խաֆաֆ յայտարարեց, որ ուրբաթ օր Լիբանանի մէջ ընթացք պիտի առնէ նիւթական նպաստ մը, որ շուրջ 70 հազար տեղահանուած ընտանիքներ պիտի ներառէ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտին Կը Մօտենայ»

Յաջորդը

«Պէյրութը Ապահով Եւ Առանց Զէնքի Քաղաք» Խորագիրով Պէյրութի Երեսփոխաններու Ընդլայնուած Համագումար

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.