Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած հայ գիրքի փառատօնին` ներկայութեամբ կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ընթերցասէրներու: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն աւելի քան 25 հրատարակչատուներ, հրատարակչութիւններ, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով հեղինակներ:

Հրատարակութիւնները կեդրոնացած էին ընդհանրապէս 2015-էն 2026 տարեշրջաններուն լոյս տեսած ստեղծագործութիւններուն վրայ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց հրատարակչատան անձնակազմէն Մեղեդի Պետրճիքեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ դարձան սոյն գիրքի փառատօնի կազմակերպման: Ան նաեւ ըսաւ, որ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտները յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն ցուցահանդէս եւ ծանօթանան հրատարակութիւններուն:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան իր խօսքին մէջ  յայտնեց, որ ներկայիս կանգնած ենք դարաշրջանային մեծ խաչմերուկի մը առջեւ, ուր մարդկային միտքը, հաղորդակցման նոր միջոցները եւ մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցելու ձեւերը կ՛ենթարկուին արմատական ու բուռն ձեւափոխումներու, նկատել տալով, որ մեր առջեւ ծառացած է հիմնարար հարց մը, ի՞նչ կը նշանակէ «կարդալ» այսօր, եւ ինչպիսի՞ն է ընթերցանութեան ճակատագիրը նոր սերունդին համար:

Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան ըսաւ, որ նոր սերունդը կը ձեւաւորուի այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր ամէն ինչ միտուած է արագութեան եւ ակնթարթային տպաւորութեան,աւելցնելով, որ ցանցերը, տեսահոլովակներու հարթակները եւ հակիրճ գրառումները միտքը կ՛առաջնորդեն սահելու մակերեսին վրայ` առանց խորանալու էութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ այս երեւոյթը ունի հետեւանքներ. Ա) Աւանդական գիրքէն սնանելու բնազդը աստիճանաբար տեղի կու տայ մակերեսային հայեացքներով ծանօթագրման ընթացքին: Ուշադրութեան կեդրոնացման տեւողութիւնը նկատելիօրէն կը նուազի, ինչը կը դժուարացնէ բարդ, փիլիսոփայական կամ բազմաշերտ գեղարուեստական բնագիրներու իւրացումը: Բնագրային ընկալման նոր որակը աւելի շատ հիմնուած է տեսողական եւ պատկերային արտայայտչամիջոցներու վրայ: Ձայնասփռուած գիրքերը, թուային գրասարքերը եւ համացանցային հարթակները կը դառնան ժամանակակից պատանիներու հոգեւոր ու գրական միջավայրը, Բ) Աւանդական գիրքը չի կորսնցներ իր արժէքը, այլ կը ստանայ նոր ու առաւել խորհրդանշական նշանակութիւն: Արագ հոսող տեղեկատուական ծովուն մէջ միայն գրագիտութեան եւ խորքային ընթերցանութեան շնորհիւ կարելի է զարգացնել քննադատական միտքը, Գ) Կոչ ուղղել նոր սերունդին` կարդալու, որ չի նշանակեր պարզապէս պարտադրել հին կանոններ, այլ անհրաժեշտ է որդեգրել նորարարական ու ճկուն մօտեցումներ` ստեղծելով այնպիսի տարածքներ, ուր ընթերցանութիւնը կը դառնայ ընկերային եւ ստեղծագործական գործընթաց, նաեւ նկատի առնելով իւրաքանչիւր պատանիի անհատական նախասիրութիւնները` առաջարկել գրականութիւն, որ կը շօշափէ զիրենք յուզող հոգեբանական, ընկերային կամ առօրեայ հարցերը:

«Գիրքին ապագան կախեալ է ոչ թէ գործիքային նորարարութիւններէն, այլ` մեր վերաբերմունքէն: Գիրքին հետ հաղորդակցիլ` չի նշանակեր պարզապէս վերծանել գրաճանաչ նշանները, այլ` ապրիլ, վերապրիլ եւ հոգեպէս միաձուլուիլ անոր խորհրդաւոր էութեան հետ», շեշտեց Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` կոչ ուղղեց պահպանել մեր մայրենի լեզուի հարստութիւնն ու գրականութեան շունչը` փոխանցելով զայն նոր սերունդներուն ոչ թէ որպէս պարտադրանք, այլ` որպէս մեծագոյն հոգեւոր պարգեւ:

ՄԱՀԱԵՄ-ի եկեղեցական յարաբերութիւններու համակարգող վեր. Նշան Պագգալեան ՄԱՀԱԵՄ-ի եւ իր Կեդրոնական մարմինի ատենապետի եւ նախագահի տեղապահի անունով շնորհաւորեց Համազգայինի հրատարակչատունը եւ սոյն նախաձեռնութեան կազմակերպիչները` 2026 տարուան հայ գիրքի փառատօնին համար, ինչպէս նաեւ` բոլո՛ր հրատարակիչները եւ հեղինակները, գրողները, թարգմանիչները, խմբագիրները եւ հրատարակչատուները, որոնք յամառօրէն կը շարունակեն հայ մշակոյթի եւ յատկապէս արեւմտահայ մշակոյթի պայքարը: Ան ըսաւ, որ կրթութեան եւ մշակոյթի համար այս պայքարը Հայոց ցեղասպանութենէն չսկսաւ, նկատել տալով, որ մեր ազգի պատմութեան ողջ ընթացքին անհամար գրողներ եւ ուսուցիչներ ջանացին հայ ազգին մտքերը լուսաւորել եւ խորացնել, որպէսզի միայն անունով հայ չըլլանք, այլ մեր խորքին մէջ հայ: «Պայքարը կը շարունակուի այսօր, ա՛յս պայմաններու տակ, եւ ա՛յս սրահին մէջ եւ մեր վարժարաններու, մեր եկեղեցիներու, մեր առօրեայի, եւ մանաւա՛նդ մեր տուներու մէջ» հաստատեց վեր. Նշան Պագգալեան յորդորելով ծնողները օրինակ դառնալու երեխաներու կանուխ տարիքէն սկսեալ` կարդալու հայերէն գիրք, օրաթերթ, իրենց կողքին նստեցնելով իրենց զաւակները` կարդալ անոնց ալ, որպէսզի իրենց մտքերը գիտութեամբ, իմաստութեամբ, եւ Աստուծոյ սիրով զարգանան:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան ըսաւ. «Ահա՛ մենք վառեցինք խարոյկը, որպէսզի խաւար աշխարհին մէջ անոր բոցերը ճարճատելով լոյս տան բոլոր անոնց, որ անմխիթար են եւ մոլորած գերութեան ճամբաներուն վրայ» նկատել տալով, որ Համազգայինը գիրով, գրականութեամբ եւ նաե՛ւ կրթութեամբ ու մշակոյթով անմար պահեց Զարդարեանի խարոյկը, ու շարունակուեցաւ բագինի փառաբանութիւնը:

Հաւաթեան ըսաւ, որ դարերու ընթացքին հայ գիրքը լուսաւորեց հայ կեանքը` Հայոց պատմութեան նոյնիսկ խաւար ու մռայլ օրերուն, դարձաւ հայու հոգեմտաւոր ժառանգութեան անխոնջ պաշտպանը եւ յոյս ու կեանք տուաւ մեր ամէնօրեայ գոյապայքարին: Ան հաստատեց, որ բագինը կը պարտաւորեցնէ, բոլորս` անկեղծանալու, տեսնելու իրականութիւնը, խոյս չտալու պատասխանատուութենէն եւ նոր կայծերով վերաթարմացնելու խարոյկը, եւ այդ պատճառով հաւաքուած ենք կատարելու դարձեալ բագինի փառաբանութիւնը եւ վերանորոգուելու անոր յաւիտենական պատգամով:

Հաւաթեան յայտնեց, որ Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով հիմնուած «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը 95 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը` հայ գիրին, գրականութեան, մշակոյթին ու պատմութեան, դիտել տալով, որ հազարաւոր գրական, պատմագիտական, գեղարուեստական, մանկապատանեկան հատորներ եւ դասագիրքեր ծնունդ առած են այս հաստատութեան մէջ ու դարձած` բագինը փառաբանող ու անոր բոցերը ընդարձակող կարեւոր գործօններ:

«95-ամեակը մեզի համար հանդէս չէ, ո՛չ ալ ինքնագոհութեան խաբուսիկ առիթ, այլ` դէպի 100-ամեակ գործը յաւելեալ յանձնարութեամբ ու հաստատակամութեամբ շարունակելու որոշումի ու համոզումի ամրապնդման կարեւոր առիթ», հաստատեց Հաւաթեան` անդրադառնալով 95-ամեակի առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս` Համազգայինի հրատարակութիւններու ցուցահանդէսներ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակի մատենաշար, «Օշական» հայ գիրքի ակումբ, գիրքի ընթերցանութեան մրցանքներ, գիրքերու թուայնացում եւ զանոնք արդի արհեստագիտութեան կարելիութիւններով օժտելու դրութիւն, գրատարածում:

Իր խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ծրագրի իրագործման նպաստած բոլոր անհատներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կը դառնան հայ գիրքին ու գրողին, որպէսզի շարունակուի հայութեան գոյերթը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի միասնաբար պատիւ ընծայենք հայ գիրքին` հաւատալով, թէ հայ գիրքը իր մէջ կը պարունակէ հոգեւոր եւ մտաւոր այն բոլոր արժէքները, որոնցմով պայմանաւորուած է մեր կեանքը, եւ որոնցմով նաեւ կը փորձենք սերունդներ դաստիարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդին երթը մնայ յաւերժ:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսանողներէն

Կարէն Գազանճեան, որ մեկնաբանեց Ալեքսէյ Հեքիմեանի «Հայոց տաղեր» երգը, իսկ ջութակով հանդէս եկան Փելիա Տեմիրճեան եւ Ճեսի Աւետիսեան մեկնաբանելով Շոսթաքովիչի «Փրելիւտ»-ը:

Հայկական Բոլոր Վարժարաններու Աշակերտութիւնը
Խիտ Շարքերով Այցելեց Համազգայինի Գիրքի Ցուցահանդէս

9-16 հոկտեմբերին համադրուած ժամանակացոյցով հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութիւնը, իրենց ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, այցելեց Համազգայինի ցուցահանդէս, անոնք մօտէն ընտելացան հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ գնեցին գիրքեր եւ դաստիարակչական խաղեր:

Ցուցահանդէս այցելեցին հետեւեալ վարժարանները.

  • Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան (6-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ),
  • Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան (7-րդ դասարանէն մինչեւ 10-րդ),
  • Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (Երկրորդական կարգի աշակերտներ),
  • Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան (Ծաղիկ դասարանէն մինչեւ 8-րդ),
  • Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան (5-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ),
  • Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ (առաջին դասարանէն մինչեւ 9-րդ),
  • Վահան Թէքէեան վարժարան (առաջին դասարանէն մինչեւ 9-րդ),
  • ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան (5-րդ, 6-րդ, 7-րդ),
  • Ազգային Միացեալ վարժարան (4-րդ, 5-րդ, 6-րդ),
  • Հայ աւետարանական վարժարան- Պուրճ Համուտ (Ծաղիկ դասարանէն մինչեւ 8-րդ),
  • Մխիթարեան վարժարան (4-րդ եւ 5-րդ),
  • Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան (10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ),
  • Հայ աւետարանական քոլեճ (8-րդ եւ 9-րդ):

Ողջունելի եւ ուրախալի է աշակերտներուն այս այցելութիւնը, ուշագրաւ էր անոնց կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, գիրքեր ընտրելու առումով իրենց ուսուցիչներուն հետ եղած զրոյցներն ու խորհրդակցութիւնները, որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն հայ գիրքին նկատմամբ:

Նախորդը

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

October 26, 2026
«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ
Գաղութային

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

October 26, 2026
«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.