Տուպայի մէջ հայ բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Բաչկով (9-0) տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ նախապէս անյաղթ վենեզուելացի Լուիս Արքոնի (16-1) դէմ` զայն նաք-աութի ենթարկելով 4-րդ ռաունտին:
Այսպիսով հայ մարզիկը յաջողութեամբ պաշտպանեց «Տապըլեու. Պի. Էյ.» ցամաքամասային գօտին կիսամիջին կշիռքի կարգին մէջ:
Բաչկովի համար ասիկա եղաւ իր ասպարէզի 9-րդ արհեստավարժ յաղթանակը, անոնցմէ 8-ն կատարուած է նաք-աութով, ինքզինք փաստելով իբրեւ այս կշիռի ամէնէն վտանգաւոր մարտիկներէն մէկը:
Պէտք է նշել, որ 2016-ին, ոչ արհեստավարժ մրցումներու օրերուն, Ռիօ Տի Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերուն, Բաչկով կէտերով կրցած էր յաղթել նոյն մրցակիցին, որ 10 տարի ետք ալ չկրցաւ յաղթել` արհեստավարժ մակարդակով:
Իր կարգին, Անահիտ Հարոյեան (17-1) յաջողութեամբ պաշտպանեց «Տապլեու. Պի. Էյ.» միջցամաքամասային ախոյեանի իր տիտղոսը` պարտութեան մատնելէ ետք Զամպիոյ ներկայացուցիչ Ալիս Մպէեւը (8-3):
Մենամարտը տեւեց նախատեսուած իր 8 ռաունտերը, եւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով Հարոյեան յաղթեց 80-72, 79-73 եւ 79-73 արդիւնքով:
Այս ձեւով Հարոյեան պահպանեց իր դիրքը` իբրեւ աղջկանց թեթեւագոյն կշիռի զօրաւորագոյն բռնցքամարտիկներէն մէկը:


