Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի:
Ծանօթացման այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու իրավիճակին մասին` լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը գաղութի տարրական կարիքները հոգալու վերաբերեալ: Սրբազան հայրը մօտէն տեղեկացաւ այս կազմակերպութեան ներկայի կացութեան և անոր մշակած ծրագիրներու իրագործման քայլերուն:
Արծարծուեցան նաեւ ներկայի ընկերային թէ ապահովական անկայունութեան պայմաններուն յառաջացուցած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս` ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն հասնելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու ճիգերուն մէջ:
Ողջունելով ու շնորհաւորելով նորընտիր կազմը` սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն: Ան իր օրհնութեան խօսքին մէջ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ կնոջական այս կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն` յոյս յայտնելով, որ կացութիւնը կը բարելաւուի, եւ նորընտիր վարչութեան ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւնները կ՛ընթանան աւելի հեզասահ կերպով:


