Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ այցելեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ. դասարանի աշակերտ Արինա Ուաննէս, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ դպրոցին առաքելութիւնը` քրիստոնէական հաւատքի, հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան փոխանցման գործին մէջ: Ան դիմելով սրբազան հօր` ըսաւ. «Սրբազա՛ն հայր, ձեր այցելութիւնը կը համընկնի Թարգմանիչ վարդապետներու տօնին: Անոնց աւանդին հետեւելով` հայ դպրոցը այսօր եւս կը շարունակէ մեզի փոխանցել քրիստոնէական հաւատքն ու հայեցի դաստիարակութիւնը` մեր մէջ սնուցանելով ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ հայ մնալու հպարտութիւնը: Կը խոստանանք` միշտ վառ պահել հայ գիրին ու մշակոյթին լոյսը, հաւատարիմ մնալ մեր նախնիներուն սրբազան ժառանգութեան եւ մեր կեանքով արժեւորել այն հաւատքն ու ազգային ոգին, զորս հայ դպրոցը կը սերմանէ մեր հոգիներուն մէջ»:

Ապա նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական բաժինի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` իրենց մասնակցութեամբ եւ ելոյթներով արժեւորելով հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ քոլեճի տնօրէն Թալին Օրտողլեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբազան հօր ներկայութեան եւ հայրական այցելութեան առիթով: Ան ընդգծեց, որ այս այցելութիւնը քաջալերանքի եւ զօրակցութեան աղբիւր է քոլեճի մեծ ընտանիքին համար, նշելով. «Ձեր այցելութիւնը, սրբազա՛ն հայր, մեզ կը գօտեպնդէ եւ ձեր ներկայութեամբ մենք մեզ աւելի ամուր կը զգանք, որովհետեւ քաջ գիտենք, որ յանձին ձեզի` ունինք մեզի թեւ ու թիկունք կանգնող Ազգային իշխանութիւն մը, որ ճիգ չի խնայեր ազգային վարժարաններու վերելքին ու բարգաւաճման համար»:

Այնուհետեւ իր հայրական պատգամը յղեց սրբազան հայրը, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի լեզուական, գրական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու արժեւորման կարեւորութեան: Ան ըսաւ. «Մենք պէտք է յիշենք, որ մեր ժողովուրդն ալ ունի իր մեծերը, ունի իր սուրբերը, ունի իր լեզուն եւ այդ լեզուով կերտուած գեղեցիկ գրականութիւն եւ մշակոյթ: Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին հպարտօրէն կը ներկայանանք աշխարհին եւ կը յիշեցնենք, թէ մենք ալ ունինք մեր նախնիներուն կողմէ կերտուած նուիրական մշակոյթ մը, որ դարերէ ի վեր կ’ապրի մեզի հետ»:

Շահէ արք. Փանոսեան յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակներէն մէկն է ստուգել, թէ ազգային վարժարաններու աշակերտները որքանո՛վ ծանօթ են հայ լեզուի եւ գրականութեան մեծերուն: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց` տեսնելով, որ վերամուտի այս փուլին, աշակերտները իրենց գեղարուեստական ելոյթներով հաստատեցին հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ իրենց սէրն ու հպարտութիւնը եւ իրենց ժառանգութեան տէր կանգնելու վճռակամութիւնը:

Սրբազանը բարձր գնահատեց հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները, ինչպէս նաեւ` քոլեճի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնն ու խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ բարերարները` իրենց նուիրեալ աշխատանքին եւ հայ կրթական առաքելութեան հանդէպ ցուցաբերած յանձնառութեան համար: Ան ընդգծեց, որ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ եւս, հայ վարժարաններու պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` ամէն ճիգ ի գործ դնելով հայ դպրոցի գոյատեւման, վերելքին եւ յառաջդիմութեան համար:

Իր պատգամին աւարտին սրբազան հայրը քաջալերեց ներկաները` չընկրկիլ դժուարութիւններուն առջեւ, այլ հաւատքով, կամքով եւ նուիրումով շարունակել աշխատանքը` հայ կրթութեան առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու եւ նոր սերունդներուն մէջ հայ լեզուի, մշակոյթի ու ազգային արժէքներու հանդէպ սէրն ու գիտակցութիւնը ամրապնդելու համար:

Ազգային Միացեալ Վարժարան

Թարգմանչաց տօնին եւ կրթական նոր տարեշրջանին վերամուտին առիթով Ազգային Միացեալ վարժարանը հիւրընկալեց սրբազան հայրը, որ իր հայրական ներկայութեամբ օրհնեց կրթօճախը եւ իր պատգամով վերարժեւորեց հայ դպրոցին առաքելութիւնն ու հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի դերը:

Վարժարանի աշակերտները իրենց գեղեցիկ ու խորհրդանշական յայտագիրով ջերմօրէն ողջունեցին սրբազան հայրը: Աւարտական դասարանի աշակերտները իրենց սրտաբուխ խօսքերով արտայայտեցին հայ դպրոցի վերամուտի խորհուրդը, իրենց սրտագին ու ջերմ զգացումները իրենց հարազատ տան` հայ դպրոցին, ուր հասակ առին ու մեծցան`վայելելով անոր ամէն մէկ տաքուկ անկիւնը, սէրն ու գուրգուրանքը, ուր նաեւ կերտուեցաւ ու կոփուեցաւ իրենց նկարագիրն ու հոգին: Նախակրթարանի փոքրիկները իրենց «Զարթօնք» պարով զարդարեցին այս գեղեցիկ օրը`թնդացնելով բեմը իրենց փոքրիկ քայլերով ու բարձր բռնած` իրենց դրօշներով եւ զէնքերով… Վերջապէս, մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց երաժշտական գործիքներու քաղցր հնչիւններով մանկական անմեղութիւն ու ուրախութիւն սփռեցին մեր կրթօճախէն ներս:

Առաջնորդ սրբազան հօր այցելութեան առիթով ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Ազգային Միացեալ վարժարանի 10-ամեակը, իսկ Շահէ արք. Փանոսեանին այս հայրական այցելութիւնը աւելի յատկանշական կը դարձնէ այս ամեակը, կը գօտեպնդէ, յաւելեալ կորով եւ ներուժ կը փոխանցէ շարունակելու երթը այս ազգային կառոյցին:

Վէքիլեան շեշտեց, որ առաջնորդ սրբազան հայրը միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային վարժարաններուն, անոնց առաքելութեան եւ գործունէութեան:

Օրուան խորհուրդը ամբողջացաւ սրբազան հօր պատգամով, որուն մէջ ան աշակերտներուն յիշեցուց հայ դպրոցի մեծ առաքելութիւնը` պահել հայ լեզուն, ապրեցնել հայ մշակոյթը եւ կրթել սերունդներ, որոնք գիտելիքով լուսաւորուած, ազգային արժէքներով ամրացած ու հոգեւոր հաւատքով առաջնորդուած` պիտի շարունակեն հայու երթը:

Սրբազան հօր օրհնութիւնը պիտի ուղեկցի կրթօճախին ամբողջ տարուան ընթացքին, որպէսզի Ազգային Միացեալ վարժարանի տասնամեակը ըլլայ գիտութեան, հաւատքի, ստեղծագործութեան եւ ազգային վերելքի նոր ճանապարհ մը:

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճ

20 հոկտեմբեր 2026-ին Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը հիւրընկալեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կասիա Քենտիրճեանը, որ ջերմօրէն ողջունեց սրբազան հօր այցելութիւնը` զայն նկատելով խրախուսիչ երեւոյթ եւ գօտեպնդող ազդակ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւի նուիրումին, ինչպէս նաեւ` մայրենի լեզուն պահպանելու եւ ազգային ու քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան:

Այնուհետեւ երրորդ դասարանի աշակերտները, հինգերորդ դասարանի աշակերտուհի Միրէյ Պետուրեանի ընկերակցութեամբ, արտասանեցին Խաչիկ Դաշտենցի` Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած ստեղծագործութենէն հատուած մը: Ապա վեցերորդ դասարանի աշակերտ Սերօ Ղուկասեան ներկայացուց «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը` նոյն դասարանի աշակերտ Կարէն Աբանեանի նուագակցութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ քոլեճի եօթներորդ եւ իններորդ դասարաններու աշակերտներ Մարգ Քենտիրճեանի (տհոլ) եւ Վիգի Հաւաթեանի (սրինգ) նուագի կատարումով:

Վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ջերմօրէն ողջունեց առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութիւնը` զայն նկատելով հոգեւոր օրհնութեան, քաջալերանքի եւ վարժարանի կրթական առաքելութեան արժեւորման գեղեցիկ առիթ մը: Ան ընդգծեց, որ վարժարանին նպատակը միայն գիտելիքի փոխանցումը չէ, այլ նաեւ` գիտակից, պատասխանատու, բարոյական եւ ազգային արժէքներուն հաւատարիմ սերունդի կազմաւորումը:

Անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին` ան կարեւորեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւի անգնահատելի ժառանգութեան պահպանումը` շեշտելով մայրենի լեզուի, հայ մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան փոխանցման անհրաժեշտութիւնը: Ան իր խօսքը ուղղեց նաեւ ուսուցիչներուն` գնահատելով անոնց նուիրումն ու պատասխանատու աշխատանքը, որուն շնորհիւ անցեալի արժէքներն ու իմաստութիւնը կը փոխանցուին նոր սերունդներուն:

Տնօրէնը նաեւ ընդգծեց, որ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ վարժարանին առաքելութիւնը յաջողութեամբ շարունակելու համար անհրաժեշտ է հոգեւոր առաջնորդութեան, ազգային կառոյցներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն միասնական գործակցութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Արմէն Թաշճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց սրբազան հօր` այցելութեան, հայրական ներկայութեան եւ օրհնութեան համար, մաղթելով, որ Աստուծոյ շնորհքով վարժարանը շարունակէ իր կրթական եւ ազգային առաքելութիւնը` հայեցի դաստիարակութեամբ կազմաւորելով գիտակից ու արժէքներուն հաւատարիմ նոր սերունդներ:

Գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ նախակրթարանի երէց բաժինի պարախումբին «Իլիկներու պար»-ի գեղեցիկ կատարումով:

Ապա աշակերտները ունկնդրեցին առաջնորդ հօր պատգամը, որուն մէջ ան ընդգծեց հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:

Ան բարձր գնահատեց հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները, ինչպէս նաեւ քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան նուիրումն ու յանձնառութիւնը` կրթական առաքելութեան հանդէպ: Ան շեշտեց, որ հակառակ ներկայ դժուարին պայմաններուն` հայ վարժարաններու պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` ամէն ճիգ ի գործ դնելով հայ դպրոցին գոյատեւման, վերելքին եւ յառաջդիմութեան համար:

Իր պատգամին աւարտին սրբազան հայրը քաջալերեց բոլորը` հաւատքով, կամքով եւ նուիրումով դիմագրաւելու դժուարութիւնները եւ շարունակելու իրենց աշխատանքը` հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու, ինչպէս նաեւ` նոր սերունդներուն մէջ մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու հանդէպ սէրն ու ջերմեռանդութիւնը ամրապնդելու համար:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.