Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

March 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Քաղաքավարական եզրերու տեղին գործածութիւնը մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ դրական ներգործութիւն կ՛ունենայ: Երբ տեղ մը պիտի մտնենք եւ դուռը կը բանանք` անձ մը ներս հրաւիրելով, մեր ետին գտնուող անձն ալ նոյնը կ՛ընէ մեզի, եւ այսպէս` շարունակաբար. բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ զիրար յարգելով` իրարու մէջ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մա՛րդը կը գնահատենք:

Եօթը քաղաքավարական եզրեր այս գիտակցութիւնը առաւե՛լ կը խորացնեն մեր մէջ:

Ա.- ԲԱՐԵՒ: Երբ առտու սուրճ մը գնելու համար սրճարան կը մտնենք, նախքան մեր սուրճը ապսպրելը` պէտք է «Բարեւ» ըսենք, որովհետեւ մարդուն մարդկայնութիւնը նախապատիւ է մեր ապսպրանքէն: Այս խրատը կ՛անդրանցնի յաճախորդ ու սպասարկող յարաբերութիւնը եւ մեզ քաղաքավար կը դարձնէ: Նոյն ձեւով նաեւ պէտք է բարեւենք մեր գործընկերները եւ մեր շէնքին պահակն ու աւելածուն:

Բ.- ՀԱՃԻՍ: Երբ «Հաճիս» կ՛ըսենք, մեր պահանջը խնդրանքի կը վերածենք: Յարգանքով կը մօտենանք մեր դիմացի անձին եւ քաղաքավարօրէն կը պարտադրենք, որ ան եւս յարգէ մեզ ու դրականօրէն արձագանգէ մեր խնդրանքին: Երբեմն կը փորձուինք մեր «Հաճիս»-ը ծաղրական շեշտով ըսել: Զգուշանանք այսպէս ընելէ, որովհետեւ ան դրական անդրադարձ կ՛ունենայ միայն, երբ զայն քաղաքավարօրէն ըսենք:

Գ.- ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ: Չի՛ բաւեր կոշտ ու կոպիտ «Շնորհակալ եմ» ըսելը, կամ «Շնորհակալութեան բացիկ» մը ղրկելը: Նախ պէտք է քանի մը երախտագիտական նախադասութեամբ բացատրենք, թէ ի՛նչ բանին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Դ.- ԿԱՐԵԼԻ՞ Է: Այս հարցումը ամէնէն յարգալից արտայայտութիւններէն մին է: Ան արտօնութիւն խնդրելու շեշտով մեր դիմացը գտնուող անձին տրամադրելիութեան հանդէպ մեր սնուցած յարգանքին ցուցանիշը կը դառնայ եւ փոխյարաբերութիւնը հեզասահ կը դարձնէ: Օրինակ` երբ ճաշարանին մէջ ճաշ պիտի ապսպրենք, սպասեակին պէտք է ըսենք. «Կարելի՞ է խորոված հաւը ունենալ», փոխան` «Ես խորոված հաւը կ՛ուզեմ»-ի:

Ե.- ՍԻՐՈՎ: Յանձնարարելի է փոխան «Բարի եկար»-ի («You՛re welcome»)` «Սիրով» («My pleasure») ըսել: Այսպիսով ցոյց կու տանք, թէ մեր ծառայութիւնը սիրով կը կատարենք, եւ մեր օգնութիւնը բեռ չէ, այլ` ուրախութիւն: Առաւել` լուսարձակը մեր դիմացի անձին վրայէն մեր վրայ կը բերենք, երբ կը հասկցնենք, թէ սիրով կը կատարենք մեզմէ ակնկալուածը: Հոս պէտք է նաեւ խուսափինք «Հարց չկայ» («No problem») արտայայտութենէն, որպէսզի այն տպաւորութիւնը չթողունք, թէ հարց կար, սակայն մենք զայն կ՛անտեսենք:

Զ.- ՆԵՐՈՂ ԵՂԻՐ կամ ԿԸ ՆԵՐԵՍ: «Ներող եղիր»-ը կամ «Կը ներես»-ը ինքնին ներողամտութիւն խնդրել է: Ան ցոյց կու տայ, որ անդրադարձած ենք մեր գործած սխալին եւ` զայն սրբագրելու նախաձեռնած:

Է.- ԸՆԿԵՐ-ԲԱՐԵԿԱՄ կամ ԴՐԱՑԻ: Սիրալիրութեան եզրեր են «Ընկեր-բարեկամ»-ը կամ «Դրացի»-ն: Մարդիկ անցեալին աւելի յաճախ զիրար «Ընկեր-բարեկամ» կամ «Դրացի» կը կոչէին, իսկ եկեղեցիին մէջ` «Եղբայր» կամ «Քոյր»: Այս եզրերը հարազատութիւն եւ մտերմութիւն կը բուրեն: Երբ այս եզրերը գործածենք, զանոնք թէ՛ ըսողները եւ թէ՛ լսողները գոհ կը մնան: Այս եզրերը բաժանումի պատերը փուլ կը բերեն, հեռաւորութիւնը կը խափանեն եւ համայնական կեանք կը ստեղծեն: Այս եզրերով բոլորս ալ կ՛ազնուանանք եւ դրական մթնոլորտի մէջ կը յարաբերինք իրարու հետ:

Անթիլիաս, 4 մարտ 2026       

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն
«Թայմ» անգլերէն թերթէն)

 

 

Նախորդը

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

Յաջորդը

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.