Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած է շրջանին մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը:
Նիստի ընթացքին ներկաները անդրադարձած են նաեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու հետ կապուած հարցերու: Վարչապետին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին մասնակցած են նաեւ հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր:


