Իսրայէլի երկրաբաշխութեան հիմնարկը հաղորդեց, որ Իլաթի ծոցի շրջանին մէջ արձանագրուած է 4,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, Իլաթ քաղաքի բնակիչները յայտնած են, թէ ցնցումը զգացած են, իսկ շրջանի իշխանութիւնները Իլաթի եւ Նեկեւի մէջ այլ գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն կոչ ուղղած են` շէնքերը լքելով բաց տարածքներ ուղղուելու:
«Ռամոն» օդակայան գտնուող բոլոր ճամբորդները դատարկած են ճամբորդներու շէնքը: Օդակայանը կրած է թեթեւ վնասներ, մասնաւորաբար ապակիներ կոտրուած են:
Թռիչքները ժամանակաւոր կերպով առկախուեցան, մինչեւ էջուղիի զննում կատարելը` վստահ ըլլալու համար, թէ մեծ վնասներ չկան:


