Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան

ՔՈՓ17-ի ղեկավարներու վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան գտնուող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ուղեկցութեամբ բարձրաստիճան հիւրը Մատենադարանի թանգարանին մէջ ծանօթացաւ հայկական ձեռագրական ժառանգութեան բացառիկ նմուշներուն:

Այցելութեան աւարտին Անթոնիօ Կութիերես գրառում կատարեց Մատենադարանի տպաւորութիւններու գիրքին մէջ. «Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր այն կիներուն եւ տղամարդոց, որոնք իրենց աշխատանքով նպաստեցին հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան այս բացառիկ գանձարանի պահպանման եւ զարգացման` ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան»:

Հայաստանի Մէջ Ներկայացուեցան Քաղցկեղի Բուժման Նորարարական Մօտեցումներ` Լուսակենսակարգաւորման Բուժումը Եւ «Telemed» Հարթակը

Հայաստանի մէջ առաջին անգամն ըլլալով առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն ներկայացուեցաւ ուռուցքաբանութեան եւ վերականգնողական բժշկութեան ոլորտի երկու նորարարական լուծում` լուսակենսակարգաւորման (Photobiomodulation) բուժական վերականգնողական սարքաւորում եւ «TeleMed» թուային յաւելուած, որ կարելիութիւն կու տայ առաջատար արտասահմանեան հիւանդանոցներու ուռուցքաբաններէն ստանալ անկախ բժշկական երկրորդ կարծիք:

Նախաձեռնութիւնը կազմակերպած էր «Մետ Քէյր Արմենիա» ընկերութիւնը` նպատակ ունենալով տեղական առողջապահական համակարգին մէջ ներդնել միջազգային առաջատար փորձառութիւնը: Հանդիպումին մասնակցեցան տեղացի ուռուցքաբաններ, քիմիաբուժութեան մարզի եւ բժշկական այլ ոլորտներու մասնագէտներ:

Ներկայացնելով «TeleMed» թուային յաւելուածը` լիբանանահայ մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Ռաֆայէլ Քուրիէ նշեց, որ անիկա նախատեսուած է ոչ միայն ուռուցքաբանական, այլ նաեւ բժշկական բարդ պարագաներու ատեն երկրորդ մասնագիտական կարծիք ստանալու համար:

«Այս յաւելուածին նորութիւնը այն է, որ երկրորդ կարծիքը կարելի է ստանալ ոչ միայն ուռուցքաբանական, այլ նաեւ բժշկական բարդ պարագաներու համար: Եթէ, օրինակ, հիւանդը կ՛ուզէ ստանալ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի առաջատար կեդրոնի մասնագէտին կարծիքը, կրնայ զայն ընել առցանց: Հիւանդը կամ բժիշկը համակարգին մէջ կը տեղադրէ հիւանդին վերաբերեալ անհրաժեշտ ամբողջ տեղեկութիւնը` հետազօտութիւններու արդիւնքները, փաստաթուղթերն ու բժշկական տուեալները: Ասկէ ետք մասնագէտները կը ներկայացնեն իրենց կարծիքը եւ բուժման հնարաւոր տարբերակները», ըսաւ ան:

Մասնագէտին համաձայն, հարթակի մասնագիտական ցանցին մէջ ներառուած են տարբեր երկիրներու մասնագէտներ, որոնց կարգին` Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ լուսակենսակարգաւորման բուժումը, որ մասնագէտներու խօսքով, կրնայ գործածուիլ ուռուցքաբանական բուժման իբրեւ հետեւանք յառաջացած կողմնակի ազդեցութիւններուն եւ թունաւորումի նուազեցման նպատակով:

Տոքթ. Ֆուատ Քըրպաժ նշեց, որ լուսակենսակարգաւորումը Հայաստանի մէջ կը ներկայացուի առաջին անգամ եւ բժշկութեան մէջ կիրարկուող նորարարական արհեստագիտութիւն մըն է, որ կը կանխարգիլէ եւ կը բուժէ քաղցկեղի բուժման տարբեր ձեւերու` ճառագայթաբուժութեան քիմիաբուժութեան եւ այլն, իբրեւ հետեւանք յառաջացած կողմնակի ազդեցութիւնները: Ըստ անոր,լուսակենսակարգաւորումը կը գործածուի նաեւ բժշկութեան այլ ոլորտներու մէջ, որոնց կարգին` կիներու բժշկութեան, ոսկրայօդաբուժութեան եւ ատամնաբուժութեան մէջ: Ան ընդգծեց, որ այս բուժման առանձնայատկութիւններէն մէկը կողմնակի ազդեցութիւններու բացակայութիւնն է: Անիկա կ՛իրականացուի կարմիր եւ ենթակարմիր լոյսի միջոցով` ուղղուած ախտահարուած հատուածին:

Մասնագէտին համաձայն, բուժման իւրաքանչիւր նիստ սովորաբար կը տեւէ 5-15 վայրկեան` կախեալ թունաւորութեան աստիճանէն: Միջին հաշուով անիկա կ՛իրականացուի շաբաթական երեք անգամ` 4-6 շաբթուան ընթացքին:

Ան աւելցուց, որ տարբեր հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան լուսակենսակարգաւորման արդիւնաւէտութիւնը թունաւորման եւ կողմնակի ազդեցութիւններու նուազեցման, ցաւի կառավարման, վէրքերու ապաքինման եւ հակաբորբոքային ազդեցութեան ուղղութեամբ: Իր խօսքով`, ուսումնասիրութիւններուն մէջ արձանագրուած է շուրջ 60 առ հարիւրի բարելաւում` նշուած ուղղութիւններով:

«Երբ մենք կը նուազեցնենք թունաւորումն ու կողմնակի ազդեցութիւնները, հիւանդին կարելիութիւն կու տանք անցնելու բուժման բոլոր փուլերը: Քանի որ կողմնակի ազդեցութիւններու պարագային երբեմն կը նուազեցնեն դեղաչափը կամ կը դադրեցնեն բուժումը, իսկ այս պարագային կարելի է շարունակել անհրաժեշտ բուժումը ամբողջութեամբ», ընդգծեց տոքթ. Ֆուատ Քըրպաժ:

Սուրիահայ Գրող Մարիանա Պերթիզլեանի «Լուսաշղարշ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 7-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան կլոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Լուսաշղարշ» գիրքին շնորհահանդէսը: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ներկայացուց Մարիանա Պերթիզլեանը եւ խօսեցաւ անոր նոր գիրքին մասին: «Մարիանան այն հազուադէպ սուրիահայ գրողներէն է, որ կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Հալէպ: Սէր, լոյս, յիշատակներ նիւթերու շուրջ կը պտտին անոր ստեղծագործութիւնները: Լոյսի պատկերը մնայուն կը թեւածէ անոր գիրքին մէջ», ըսաւ Է. Միլիտոնեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ սուրիահայ համայնքին եւ անոր ներկայի հարցերուն մասին:

Շնորհահանդէսը վարեց Մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան, նաեւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը: Ան շնորհաւորեց հեղինակը գիրքին հրատարակութեան առիթով: «Ուրախալի է, որ Մարիանայի մօտ ամբողջապէս պահպանուած է արեւմտահայերէնը: Ան մնացած է այն մշակութային աւազանին մէջ, ուրկէ ծնունդ առած է»:  Ք. Աբրահամեան գրականագիտական վերլուծութիւններ կատարեց գիրքի բովանդակութեան մասին`  նշելով, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանիլը կարելիութիւն ընձեռեց հեղինակին` ճանչնալու նաեւ Հայաստանը, որ արտացոլուած է անոր պատմուածքներուն մէջ, եւ այդ բազմազանութիւնը հետաքրքրական կը դարձնէ Պերթիզլեանին ստեղծագործութիւնները:

Արձակագիր Պերճուհի Աւետեան, որ  հեղինակին ծանօթ է Հալէպի մէջ ապրած տարիներէն,  անդրադարձաւ անոր նախկին գիրքերուն` նշելով. «Ուժ, հաւատք, քնքշութիւն կայ Մարիանայի ստեղծագործութիւններուն մէջ: Ան հոգիով, սրտով Հայաստանի հետ է, որովհետեւ գիտեմ, թէ որքա՛ն հայրենասիրութիւն կայ անոր մէջ»: Այնուհետեւ բանասէր, լրագրող Արմինէ Սարգսեան խօսեցաւ գիրքին առանձնայատկութիւններուն մասին եւ անդրադարձաւ որոշ ստեղծագործութիւններու:

Մարիանա Պերթիզլեան շնորհակալութիւն յայտնեց արտասանուած խօսքերուն եւ իր ստեղծագործութիւններուն գնահատանքին համար: Ան յայտնեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է հայրենիքի եւ Գրողներու միութեան տան մէջ գիրքը ներկայացնելը:

Հաղորդենք, որ «Լուսաշղարշ»-ը  հեղինակին վեցերորդ գիրքն է,  հրատարակուած է Հալէպ: Գիրքը հիմնականօրէն կը բովանդակէ պատմուածքներ, իսկ առաջին մասին մէջ կան նաեւ բանաստեղծութիւններ:

«Ք. Քոքս»-ի Անուան Վերականգնողական Կեդրոնը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը Եղուարդի Մէջ

Երեւանի մէջ կայացաւ «Կեանքի որակի բարելաւում` բազմամասնագիտական վերականգնման միջոցով» խորագրով 2-րդ Հայկական վերականգնողական ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի «Ք. Քոքս»-ի անուան վերականգնողական կեդրոնի խումբը` կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, Արցախի առողջապահութեան նախկին նախարար Վարդան Թադէոսեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախէն բռնի տեղահանուելէ ետք կեդրոնը Եղուարդի մէջ կը շարունակէ վերականգնողական ծառայութիւններու մատուցումը` աջակցելով տարբեր կարիքներ ունեցող մարդոց: Ժողովին մասնակցութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ներկայացնելու արցախեան տարիներուն կուտակուած մասնագիտական փորձը եւ նպաստելու վերականգնողական ծառայութիւններու շարունակական զարգացման:

Յիշեցնենք, որ կեդրոնը տարիներ շարունակ կարեւոր դեր ունեցաւ Արցախի մէջ վերականգնողական ծառայութիւններու մատուցման գործին մէջ` աջակցելով հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն եւ մեծահասակներուն, տարեցներուն եւ պատերազմէ տուժած մարդոց:

Մատենադարանի Հմայիլներու Հաւաքածոն` Միջազգային Գիտական Հանրութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին

Հոկտեմբեր 14-ին Մատենադարանին մէջ կայացաւ «Հմայութիւնն ու ձեռագրերը» խորագրով 18-րդ միջազգային գիտաժողովը, որուն առանցքին մէջ ձեռագիր եւ տպագիր հմայիլներն են, ժողովրդական հաւատալիքները, աղօթքներն ու հմայագործութեան աւանդոյթները` տարբեր մշակոյթներու եւ պատմական ժամանակաշրջաններու ծիրին մէջ:

Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը եւ Ժողովրդական պատումներու հետազօտութեան միջազգային կազմակերպութեան (ISFNR) «Հմայիլներ, հմայագործներ եւ հմայագործութիւն» յանձնախումբի նախագահ Էմանուելա Տիմոտինը (Ռումանիա):

Միջազգային գիտական այս հարթակը համախմբած է 12 երկրէ մօտաւորապէս 30 գիտնականներ եւ հետազօտողներ` նպաստելով ձեռագրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ գիտական երկխօսութեան խորացման:

Նշենք, որ հոկտեմբեր 14-17 իրականացած ձեռնարկը կազմակերպուած է Մատենադարանին եւ Ժողովրդական պատումներու հետազօտութեան միջազգային կազմակերպութեան (ISFNR)-ի յանձնախումբին համագործակցութեամբ: Իսկ գիտաժողովի համակարգողն էր Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, արուեստաբանութեան թեկնածու Դաւիթ Ղազարեանը:

Ժաննա Անդրէասեան Եւ Խալետ Անանի Վերահաստատեցին Հայաստանի Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Միջեւ Համագործակցութիւնը Շարունակելու Պատրաստակամութիւնը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Խալետ Անանին, որ Հայաստան եկած է Կենսաբազմազանութեան կողմերու 17-րդ համաժողովին (ՔՈՓ17) մասնակցելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Քրիսթինա Թաթարեանը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Ժաննա Անդրէասեան բարձր գնահատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, տեղեկատուութեան հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ` վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ ընդլայնելու միացեալ նախաձեռնութիւնները: Ժաննա Անդրէասեան շեշտեց նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դերակատարութիւնը կենսաբազմազանութեան պահպանութեան, բնապահպանական կրթութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ բնութեան եւ մշակոյթի փոխկապակցուածութեան վերաբերեալ միջազգային օրակարգի յառաջմղումը:

Նախարարը ընդգծեց ՔՈՓ17-ի շրջանակին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնակցութեամբ նախատեսուող նախաձեռնութիւններուն նշանակութիւնը` իբրեւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդման եւ բնապահպանական հարցերու լուծման գործին մէջ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի դերակատարութեան բարձրացման կարեւոր կարելիութեան: Ժաննա Անդրէասեան համոզում յայտնեց, որ համաժողովը պիտի նպաստէ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան ուղղուած միջազգային համագործակցութեան խորացման` խրախուսելով կրթական հաստատութիւնները, գիտական համայնքը եւ երիտասարդները աւելի աշխուժ ներգրաւելու կարեւոր գործօնը:

Քննարկուեցան ՔՈՓ17-ի ծիրին մէջ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը շարունակելու եւ կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան ուղղուած միացեալ նախաձեռնութիւններ իրականացնելու կարելիութիւնները: Շեշտուեցան նաեւ Հայաստանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համապատասխան կառոյցներու միջեւ հետագայ աշխատանքային քննարկումներու կայացումը` համագործակցութեան կարելի ուղղութիւններն ու իրականացման ձեւաչափերը յստակացնելու կարեւորութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Խալետ Անանի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն: Ան Հայաստանը բնութագրեց իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վստահելի գործընկեր` յատկապէս շեշտելով կրթութեան, մշակոյթի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող միացեալ աշխատանքը:

Կողմերը վերահաստատեցին Հայաստանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.