Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Քաղաքապետը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր–Թանգարան
Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճերի Տայըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 30 սեպտեմբերին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական խորհուրդի շարք մը անդամներ, ինչպէս նաեւ` Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ այցելութեան ընթացքին անոնց ընկերակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեանը:
Հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին: Այնուհետեւ անոնք շրջեցան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:
Աւարտին Ֆրեզնոյի քաղաքապետը գրառում կատարեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար` Թաշճեան Տայըրին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը:
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լազարեան Ճեմարանը Եւ Հայ Մեծերը» Խորագիրով Գիտաժողով
Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի հսկայական պատմական մշակութային ու գիտական կրթական ժառանգութիւնը 21-րդ դարու դիտանկիւնէ եւ նոր լոյսի տակ արժեւորելու, ինչպէս նաեւ հայ մտաւորականի եւ ազգային մեկենասի կերպարի արդիական պատգամները լուսարձակի տակ բերելու նպատակով «Լազարեան ճեմարանը եւ հայ մեծերը» խորագիրով համահայկական գիտաժողովը Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ համախմբեց հայագիտութեան ոլորտի հետազօտողներ:
Գիտաժողովը կեանքի կոչուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի եւ Մոսկուայի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ` համագործակցելով Ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին, Պատմութեան հիմնարկին եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքին հետ:
Պաշտօնական բացումին ողջոյնի եւ արժեւորման խօսքով համակազմակերպիչ հաստատութիւններու ղեկավարներն ու կազմակերպող կոմիտէի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին գիտաժողովը ու նիւթերու արդիականութիւնը:
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արշալոյս Գալստեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Լազարեան ճեմարանը Հայաստանի սահմաններէն դուրս ծաւալած է այնպիսի հսկայական հայանպաստ գործունէութիւն, որ իր նշանակութեամբ համեմատելի է Մխիթարեան միաբանութեան հետ: Ան նշեց, որ ճեմարանի անցած ուղին կը ծառայէ իբրեւ ուղենիշ ժամանակակից իրականութեան: «Եթէ միայն թուարկենք գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի այն երեւելի գործիչներուն անունները, որոնք անցած են Լազարեան ճեմարանով, բաւարար է հասկնալու Լազարեան ճեմարանի հայանպաստ գործունէութեան չափազանց մեծ դերը: Հետազօտելով Լազարեան ճեմարանի անցած ուղին` 21-րդ դարուն մենք կը ստանանք չափազանց արդիական հարցումներու պատասխաններ` ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ իրական հայ մտաւորականը, ինչպիսի՞ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ հայ մեծահարուստը, եթէ Լազարեանները դիտարկենք այդ համածիրին մէջ, եւ վերջապէս, այդ գործունէութիւնը ի՞նչ արդիւնքներ կրնայ տալ: Չէ՞ որ ներկայիս Լազարեան ճեմարանը բոլորիս յայտնի է Ռուսիոյ մէջ իբրեւ Հայաստանի դեսպանատան շէնք, բայց ժամանակին այն որդեգիրներու եւ պատանիներու համար կրթօճախ էր», հաստատեց ան:
Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Համօ Սուքիասեան անդրադարձաւ հայագիտական կեդրոններու աշխարհագրութեան պատմական փոփոխութեան եւ արդի կատարուելիքներուն. «Եթէ 19-րդ դարուն հայագիտութեան կեդրոնը Հայաստանէն դուրս էր, ապա այսօր այն Հայաստանէն ներս է: Մեր հարցն է զարգացնել հայագիտութիւնը բուն Հայաստանի մէջ` միաժամանակ պահելով արտերկրի կեդրոններուն հետ կապերը եւ ստեղծելով նոր կեդրոններ: Ներկայիս սփիւռքի մէջ այսպիսի որակի եւ ծաւալի կրթական հաստատութիւններու ստեղծումը եւ գործունէութիւնը ցանկալի եւ ողջունելի պիտի ըլլան»:
Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ճեմարանի ընկերային ու լուսաւորչական առաքելութիւնը` նշելով, որ անիկա հիմնուած էր նախ եւ առաջ չքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն համար, որոնք կրթութիւն կը ստանային Լազարեաններու տրամադրած միջոցներով: Ան յիշատակեց Խաչատուր Լազարեանի պատգամը բոլոր մեծահարուստներուն. «Հարստութիւն ունեցողը իր միջոցները պիտի ուղղէ հասարակական շահերուն` յօգուտ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին, որ ծարաւ է կրթութեան»:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան ընդգծեց գիտաժողովին պահանջուած ըլլալը աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Ըստ անոր, ստեղծուած կացութեան մէջ մեծ կարիք կայ յետադարձ ակնարկով նայելու եւ պատմականօրէն արժեւորելու անցած ճամբու ձեռքբերումները եւ դիտարկելու զանոնք իբրեւ կարելիութիւններու օգտագործման հրաշալի օրինակ, որոնցմէ է Լազարեան ճեմարանը. հայաշունչ եւ ազգանուէր հաստատութիւն, որ բախտորոշ ժամանակներու հայ ժողովուրդին պարգեւեց փայլուն գործիչներ:
Համազգայինի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Արթուր Փայտեան ընդգծեց սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան վերաբերող նախաձեռնութիւններու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, հայ մշակոյթի եւ կրթութեան տարածման ծրագիրներու, հայագիտական կեդրոններու կարեւորութիւնը` իբրեւ յաջող օրինակ, ընդգծելով Լազարեան ճեմարանի դերն ու նշանակութիւնը եւ շեշտելով, որ այդ փորձը պէտք է տարածուի:
Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, շնորհակալութիւն յայտնելով գիտաժողովի համակազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, ընդգծեց Լազարեան ճեմարանի դերը ո՛չ միայն կրթական համակարգի ձեւաւորման, այլ նաեւ ազգային արժէքներու պահպանման ու տարածման մէջ:
«Ճեմարանը իր ժամանակին մէջ դարձաւ արեւելահայ իրականութեան ամէնէն ազդեցիկ մշակութային եւ գիտական կեդրոններէն մէկը: Այն միակն էր տարածաշրջանին մէջ հայութեան համար` իբրեւ ազգային ինքնութեան պահպանման հզօր պատուար: 1921-ին ճեմարանի հիմքի վրայ ստեղծուած Մոսկուայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը կամուրջ հանդիսացաւ արեւելքի եւ արեւմուտքի մշակոյթներուն միջեւ` հայագիտութիւնը բարձրացնելով միջազգային մակարդակի», նշեց ան եւ ընդգծեց` սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նուիրուած անհատներու եւ կազմակերպութիւններու նշանակալի դերը: Գիտաժողովի կայացման եւ հետագայ գրահրատարակչական գործին նպաստելու համար ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Մոսկուայի գրասենեակին, Լազարեան ֆոնտին եւ միւս աջակիցներուն:
Համազգային Երեւանի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ գիտաժողովը յատկանշական էր զեկուցումներու միջգիտակարգային բնոյթով ու նիւթերու լայն ընդգրկուածութեամբ: Մասնակիցներուն կարգին էին թէ՛ Հայաստանի յառաջատար գիտական կրթական կեդրոններու ներկայացուցիչներ եւ թէ՛ արտերկրէն բանախօսներ:
Երկու լիագումար նիստերու ընթացքին ծաւալած քննարկումները կը վերաբերէին Լազարեան ճեմարանի պատմական մշակութային ու գիտական մանկավարժական գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն:
Առաջին նիստը նախագահեց Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Արշալոյս Գալստեանը: Զեկուցողները անդրադարձան գրականագիտութեան եւ հայագիտութեան արդիական հարցերուն` բացայայտելով մասնաւորապէս ճեմարանի հայագիտական սկզբունքները, ճեմարանական նշանաւոր գործիչներու (Սմբատ Շահազիզ, Մկրտիչ Էմին, Միքայէլ Նալպանտեան, Վահան Տէրեան, Պօղոս Մակինցեան, Ցոլակ Խանզատեան) գրական ժառանգութիւնը, Յովհաննէս Թումանեանի հետ անոնց նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայ խորհրդապաշտութեան ձեւաւորման նախադրեալները:
Երկրորդ նիստը նախագահեց փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեանը: Գիտաժողովի մասնակիցները պատմական քաղաքական դիտանկիւնէ լուսարձակի տակ առին` Լազարեան տոհմի պատմական դերը, ճեմարանի առնչութիւնը յեղափոխական-նարոդնիկական շարժման հետ, ռուսական գրականութեան փրոֆեսէօրներու յուշերն ու ճեմարանի գրական սերունդի ողբերգական ճակատագիրը` ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն:
Կրթութեան, մանկավարժութեան եւ մշակոյթի ոլորտը եւս դուրս չմնաց հետազօտողներու ուսումնասիրութեան դաշտէն: Ճեմարանի կրթական-մանկավարժական մոտելը` իբրեւ ուսուցիչներու պատրաստութեան կանուխ կառուցային համակարգ, առաջին նախագահի ու նշանաւոր մանկավարժներու վաստակը, ճարտարապետութիւնն ու մշակութային ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ Լազարեաններու տան դերը Մոսկուայի հայկական թատերական կեանքի կազմաւորման մէջ` դարձան հետաքրքրական եւ նորարարական ուսումնասիրութիւններու նիւթեր, որոնք հնչեցին գիտաժողովի ընթացքին:
Գիտաժողովը ամփոփուեցաւ աշխուժ քննարկումներով ու հարցում-պատասխանով: Նաեւ հաստատուեցաւ, որ ներկայացուած գիտական զեկուցումները ամբողջութեամբ պիտի տպագրուին եւ լոյս պիտի տեսնեն առանձին ժողովածուով:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աւօ Գաթրճեանի «Սուրիահայ Պարբերական Մամուլի Մատենագիտութիւն (1912-2026)» Գիրքին Շնորհահանդէսը
28 սեպտեմբեր 2026-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի ընթերցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայ մտաւորական, հետազօտող եւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Աւօ Գաթրճեանի նորահրատարակ «Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)» մենագրութեան շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնը, դիւանագէտներ, պատմաբաններ, սփիւռքագէտներ, գիտական եւ կրթական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, մամուլի եւ այլ բաժիններու դասախօսներ, ինչպէս նաեւ` սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց հատորին պատասխանատու խմբագիրը, արաբագէտ, Արեւելագիտութեան հիմնարկի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Արաքս Փաշայեանը: Ապա խօսք արտասանեցին` Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր Գոհար Իսկանդարեանը, հատորին խմբագիր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից-անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ալպերթ Խառատեանը, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, արեւելագէտ, արաբագէտ, աղբիւրագէտ, քրտագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, պատմաբան եւ Պատմութեան հիմնարկի երկարամեայ տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, գրականագէտ եւ հրապարակախօս Հայկազուն Ալվրցեանը, ինչպէս նաեւ` պատմաբան դոկտոր Արմէն Կարապետեանը:
Բանախօսները հանգամանօրէն անդրադարձան գիրքին բովանդակութեան, գիտական արժէքին եւ մատենագիտական նշանակութեան` առանձնայատուկ ընդգծելով սուրիահայ մամուլի պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ անոր կարեւորութիւնը: Նշուեցաւ, որ աշխատութիւնը կարեւոր աղբիւր է ո՛չ միայն սուրիահայ համայնքի եւ հայկական սփիւռքի մտաւոր ու մշակութային կեանքին, այլեւ ընդհանրապէս հայ մամուլի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:
«Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)» աշխատութիւնը Աւօ Գաթրճեանի տասնամեակներու հետեւողական հետազօտական եւ դաշտային աշխատանքի արդիւնքն է: Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ «Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամ»-ի աջակցութեամբ:
Մենագրութեան մէջ ներկայացուած են 228 թերթեր եւ պարբերականներ, որոնցմէ 111-ը հեղինակը յայտնաբերած, մոռացութենէ փրկած եւ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է: Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ հայկական պարբերական մամուլի աւելի քան մէկ դարու ձեւաւորման եւ զարգացման ընթացքը` պատմական ու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու համածիրին մէջ:
Մատենագիտութեան մէջ տեղ գտած են` պարբերականներու հրատարակութեան ժամանակագրութիւնը, խմբագիրներու, թղթակիցներու եւ յօդուածագիրներու անունները, աշխատակազմերու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` մամուլի ստեղծման եւ գործունէութեան առնչուող այլ մանրամասնութիւններ: Այս առումով, հատորը կը փաստագրէ սուրիահայ մամուլի ո՛չ միայն ծանօթ, այլեւ քիչ ուսումնասիրուած ու մոռացութեան մատնուած էջերը եւ ամբողջական պատկերացում մը կու տայ անոր բովանդակային ու պատմական առանձնայատկութիւններուն մասին:
Շնորհահանդէսին իր խօսքին մէջ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտոր Գոհար Իսկանդարեան ընդգծեց աշխատութեան գիտական եւ քաղաքական նշանակութիւնը` նշելով, որ հիմնարկը գիրքին հրատարակութեան աջակցելով` կը շարունակէ իր դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-սփիւռք գիտական կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին Աւօ Գաթրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց` բանախօսներուն, գիրքին խմբագրական կազմին, Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին, ինչպէս նաեւ` «Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամ»-ին` իր երկարամեայ գիտական աշխատանքին ցուցաբերած աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար:
Ձեռնարկի աւարտին Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Գոհար Իսկանդարեան Աւօ Գաթրճեանին յանձնեց շնորհակալագիր` արեւելագիտութեան ոլորտին մէջ անոր ունեցած ծանրակշիռ ներդրումին համար: Հեղինակը նաեւ սիրով մակագրեց ներկաներուն համար իր նորահրատարակ գիրքէն օրինակներ:
Հաղորդենք, որ Ա. Գաթրճեան իր գիրքէն օրինակ մը արդէն իսկ նուիրած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանին, անոր տնօրէն Աննա Չուլեանի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին: Գիրքը շուտով հասանելի պիտի դառնայ նաեւ Ազգային գրադարանի ընթերցողներուն:
Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ Կայացաւ Վահագն Գարագաշեանի Բանախօսութիւնը` «Մուսա Լեռէն Սփիւռք. Ինքնութիւն, Յիշողութիւն Եւ Համայնք» Խորագիրով
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ գրող, հրապարակախօս եւ հետազօտող Վահագն Գարագաշեանի` «Մուսա Լեռէն սփիւռք. ինքնութիւն, յիշողութիւն եւ համայնք» խորագրով բանախօսութիւնը:
Բանախօսութեան ընթացքին Վահագն Գարագաշեան ներկայացուց Մուսա Լերան հայութեան պատմական ժառանգութեան, ինքնութեան պահպանման եւ համայնքային յիշողութեան ձեւաւորման եւ փոխանցման առանձնայատկութիւնները, անդրադառնալով նաեւ մուսալեռցիներու` սփիւռքի մէջ ձեւաւորած համայնքային կեանքին:



