ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի հայերը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ շրջանի թուրք հողատէրերէն հողեր գնելով նոր տարածքներ ձեռք ձգեցին: Քեսապի շրջակայ ագարակները աստիճանաբար կազմաւորուեցան իբրեւ առանձին գիւղեր:
Անտիոքի շրջանին մէջ թուրք քանի մը ընտանիքներ զօրանալով գրեթէ ինքնիշխան գոյավիճակ հաստատած էին: Անոնց հալածանքներէն խուսափելով շրջակայ բնակավայրերէն կարգ մը հայ ընտանիքներ Քեսապ ապաստան գտան:
* * *
Եգիպտոսի փոխարքայ Մոհամէտ Ալի փաշա Սուրիան իր գերիշխանութեան ենթարկելու նպատակով վերակազմեց բանակը:
Եգիպտական բանակը Մոհամէտ Ալի փաշայի որդի Իպրահիմ փաշայի հրամանատարութեան տակ 1831-ին յարձակման անցաւ Պաղեստինի ուղղութեամբ եւ յանկարծակիի բերելով օսմանեան զօրքերը գրաւեց Կազան, Եաֆան եւ Հայֆան, իսկ նոյեմբեր 26-ին պաշարեց Աքրան:
Օսմանեան բանակը Հալէպի վալի Օսման փաշայի հրամանատարութեան տակ շարժեցաւ դէպի Պաղեստին, սակայն Իպրահիմ փաշա անսպասելի կերպով յարձակեցաւ Օսման փաշայի վրայ եւ փախուստի մատնեց զայն: Այնուհետեւ իր բոլոր ուժերը համախմբելով Իպրահիմ փաշա 1832 մայիս 27-ին, վեց ամսուան պաշարումէ ետք գրոհով գրաւեց Աքրան:
Յառաջխաղացքը շարունակելով Իպրահիմ փաշա գրաւեց Դամասկոսը, Հոմսի ճակատամարտին` յուլիս 8-ին ջախջախեց օսմանեան բանակը, մտաւ Համա եւ Հալէպ: Եգիպտական զօրքեր գրաւեցին նաեւ Սայտան, Պէյրութը, Թրիփոլին եւ Լաթաքիան:
* * *
Եգիպտական բանակը հասաւ Քեսապ, Անտիոք եւ թափանցեց Ամանոսի լեռները:
Օսմանցիք Ամանոսի լեռներուն վրայ կեդրոնացուցին 45 հազար զինուոր եւ 160 թնդանօթ: Անոնք կը գործէին Հիւսէյն փաշայի հրամանատարութեան տակ:
Օսմանեան զօրքերը դիրքաւորուեցան Պէյլան հայաշատ աւանին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Հետեւակազօրքի հինգ ջոկատ, աջ թեւը հակակշիռի տակ առաւ Խան Գարմութէն Պէյլան երկարող լեռնային ճամբան, իսկ ձախ թեւը, հետեւակազօրքի 14 ջոկատ, բռնեց Անտիոքէն Պէյլան երկարող ճամբան:
Եգիպտական բանակը դիրքաւորուեցաւ Պէյլանի մօտ, Քիլիսէն Անտիոք ճամբուն արեւմտեան կողմը: Իպրահիմ փաշա յուլիս 28-ի երեկոյեան զինուորական խորհրդակցութիւն հրաւիրեց. որոշուեցաւ օսմանեան բանակին ձախ թեւը շրջանցել, շրջապատել եւ այնուհետեւ բարձունքները գրաւել:
Եգիպտական զօրքերը 29 յուլիս 1832-ի առաւօտուն յարձակման անցան: Օսմանցիք թնդանօթային կրակի տակ առին զանոնք: Եգիպտացիք դժուարութեամբ յառաջանալով գրաւեցին կարգ մը դիրքեր եւ սկսան շրջանցել օսմանեան բանակին ձախ թեւը: Փոխադարձ թնդանօթաձգութիւնը սաստկացաւ: Եգիպտական զօրքերը կեդրոնական ճակատին վրայ գրոհի անցան եւ ստիպեցին օսմանցիներուն լքելու դիրքերը եւ նահանջելու:
Օսմանցիք տուին շուրջ 2500 սպաննուած եւ վիրաւոր եւ երկու հազար գերի: Եգիպտացիք տուին շուրջ 500 սպաննուած եւ վիրաւոր:
Յուլիս 30-ին օսմանեան բանակը բռնեց նահանջի ճամբան:
* * *
Օսմանեան բանակի նահանջի եւ անիշխանութեան պայմաններուն տակ աւազակախումբեր ամէնուրեք սանձարձակ ասպատակութիւններ կազմակերպելով ահ ու սարսափ սկսան տարածել:
Նուսէյրի լեռներուն վրայ կեդրոնացած քիւրտ աւազակապետ Եունուս բէկ իր շուրջ ստուարաթիւ հրոսակախումբեր համախմբելով Լաթաքիայէն մինչեւ Ճսըր Շուղուր իր ազդեցութեան տակ առած էր: Ան իր կռուող ուժերով ճամբայ ելաւ դէպի Անտիոք, Իպրահիմ փաշայի դէմ կռուելու առաջադրանքով:
Եունուս բէկի հրոսակախումբերը Քեսապի սահմանները հասան 1832 օգոստոսին եւ Տիւզաղաճ գիւղին մէջ բանակելով քանի մը հայ ընտանիք սուրի քաշեցին:
Սպառազինուած ստուարաթիւ հրոսակախումբերը Տիւզաղաճէն շարժեցան Քեսապ աւանին ուղղութեամբ: Անոնք գրաւեցին Էսկիւրանն ու Սեւ Աղբիւրը եւ գիւղացիներուն բերքը աւարի տուին: Ժողովուրդը գիւղերը լքելով լեռները ապաստան գտաւ: Հրոսակախումբերը այնուհետեւ յարձակեցան Քեսապ աւանին վրայ:
Եունուս բէկի ուժերը Քեսապէն շարժեցան դէպի Անտիոք, բայց քաղաք չհասած եգիպտական բանակը անոնց դէմ ելաւ, ցրուեց հրոսակախումբերը եւ Եունուս բէկը կախաղան բարձրացուց Ճսըր Շուղուրի մէջ:
Եգիպտական բանակը այնուհետեւ քեսապցիներէն գրաւուած աւարը գիւղացիներուն վերադարձուց:
* * *
Եգիպտոսէն նոր համալրումներ ստանալէն ետք Իպրահիմ փաշա շարունակեց յարձակումը եւ 1832 նոյեմբեր 21-ին գրաւեց Գոնիան:
Սուլթան Մահմուտ Բ. 80 հազարնոց բանակ մը մեծ վեզիր Ռեշիտ Մեհմէտ փաշայի հրամանատարութեամբ ուղարկեց Անատոլու, դիմագրաւելու համար եգիպտական բանակը եւ կանխելու անոր յառաջխաղացքը դէպի Պոլիս:
Իպրահիմ փաշայի 50 հազարնոց բանակը ցրուած էր Պաղեստինէն մինչեւ Անատոլու եւ անոր միայն 15 հազարը կեդրոնացած էր Գոնիայի մէջ:
Գոնիայի ճակատամարտին, դեկտեմբեր 21-ին, Իպրահիմ փաշա ջախջախեց օսմանեան բանակը եւ գերի վերցուց Ռեշիտ Մեհմէտ փաշան, բարձրաստիճան սպաներ ու հազարաւոր զինուորներ:
Իպրահիմ փաշայի նաւատորմը Միջերկրականի ջուրերուն վրայ կտրեց օսմանեան նաւերու ուղին եւ մօտեցաւ Վոսփորի ափերուն:
Մեծ պետութիւններու միջնորդութեամբ բանակցութիւններ սկսան եւ 4 մայիս 1833-ին, Քէօթահիայի դաշինքով սուրիական հողերը Եգիպտոսի կցուեցան եւ Իպրահիմ փաշա այդ հողերուն կառավարիչը եղաւ:
* * *
Իպրահիմ փաշա կարգ ու կանոն հաստատեց Սուրիոյ մէջ եւ բարեկարգումներ կատարեց: Քրիստոնեաները շարք մը արտօնութիւններ ստացան:
Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ արտօնութիւններ եւ մենաշնորհներ ստացած խմբաւորումները դժգոհ էին Իպրահիմ փաշայի բարեկարգումներէն:
Պաղեստինի մէջ, իշխող հողատէր Գասէմ, Ճայյուսի, Ճարրար, Պարղութի եւ այլ ընտանիքներու գլխաւորութեամբ ապստամութիւնը սկսաւ 1934 մայիսին. Երուսաղէմի, Նապլուսի եւ Հեպրոնի շրջաններուն մէջ բուռն կռիւներ մղուեցան:
Նոյն ժամանակ խռովութիւններ սկսան Հալէպի վիլայէթին մէջ: Քիւրտ Տաղի Ճում, Շէյխան, Պիյան եւ Ամքան աշիրէթներուն միջեւ ցեղախմբային կռիւները սաստկացան:
Ցեղախումբերը սկսան յարձակումներ կազմակերպել եգիպտական զօրքերուն դէմ. խռովութիւնները հասան մինչեւ Լաթաքիա:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Քիւրտ Տաղի եւ Ճսըր Շուղուրի կողմերէն հայ ընտանիքներ իբրեւ աւելի ապահով շրջան Քեսապ ապաստանեցան:
* * *
Եգիպտական տիրապետութեան դէմ 1834-ին զէնք բարձրացուցին նաեւ ալեւիները (թաթերը):
Ալեւի Խայյաթին, Հատտատին, Քալպիա եւ Մաթաուիրա ցեղերը իրենց ուժերը համախմբելով, չորս հազար կռուողներով յարձակեցան Հալէպէն Լաթաքիա ուղղուող եգիպտական զօրքին վրայ եւ ջարդեցին զանոնք: Ճողոպրած եգիպտացի զինուորները Լաթաքիա ապաստան գտան:
Ալեւիներ այնուհետեւ յարձակեցան Լաթաքիոյ վրայ, քանդեցին կառավարական շէնքերը եւ ազատեցին ալեւի բանտարկեալները:
Շարունակելով յառաջխաղացքը ալեւի զինեալ ջոկատները յարձակում շղթայազերծեցին Պահլուլիէի մէջ կեդրոնացած եգիպտական զինուորներուն վրայ եւ քշեցին զանոնք լեռնային շրջաններէն:
Ալեւի զինեալ ջոկատները հասան Քեսապ եւ յարձակում շղթայազերծեցին հայկական գիւղերը թալանելու նպատակով, բայց դիմադրութեան հանդիպելով քաշուեցան:
Իպրահիմ փաշա Սելիմ բէկը ղրկեց ալեւիներուն դէմ եւ մինչեւ 1835 ապրիլ ճնշեց զանոնք:
* * *
Ալեւիներու ճնշումէն ետք համեմատական ապահովութիւն եւ կարգ ու կանոն հաստատուեցաւ: Յաջորդող տարիներուն քեսապցիք շրջակայ այլազգի աւատատէրերէն նոր կալուածներ ձեռք ձգեցին: Գիւղերը շէնցան եւ Քեսապ աւանէն կարգ մը ընտանիքներ գիւղական իրենց կալուածներուն մէջ մնայուն բնակութեան հիմեր դրին:
Քեսապի շուկան շէնցաւ եւ առեւտրական գործառնութիւնները ընդարձակուեցան:
* * *
Թուրք-եգիպտական երկրորդ պատերազմը (1839-1841) աւարտեցաւ օսմանցիներու յաղթանակով: Եգիպտական զօրքերը հեռացան Սուրիայէն:
Լեռնալիբանանի մէջ 1860-ի տիւրզի-մարոնի կռիւները եւ քրիստոնեաներու ջարդերը հասան մինչեւ Դամասկոս:
Դամասկոսի ջարդի օրերուն Պայըրի թուրքմէնները քալեցին Քեսապի վրայ, հայերը ջարդելու եւ անոնց ունեցուածքը աւարի տալու առաջադրանքով:
Թուրքմէններու Քեսապի վրայ քալելուն լուրը առնելով, Օրտուի Շերիֆ աղան իր մարդոցմով շտապեց շրջանին մէջ ջարդի ու թալանի առաջքը առնել: Ան Քեսապ գալով թուրքմէններուն ընդառաջ ելաւ եւ անոնց հրամայեց առանց կռուելու եւ մէկու մը վրայ ձեռք բարձրացնելու ետ դառնալ:
Թուրքմէնները, տեսնելով որ պիտի չկարենան Շերիֆ աղային դէմ դնել, ետ իրենց գիւղերը վերադարձան:
Թուրքմէն աւազակախումբեր 1864-ին կրկին փորձեցին յարձակիլ Քեսապի վրայ, բայց կառավարութիւնը յաջողեցաւ զսպել զանոնք:


