Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Շուշանիկ Կուրղինեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Ցուցադրութեան
Հոկտեմբեր 10-ին Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ «Արդարութեան նոր մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան, բացումը կատարուեցաւ բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Շուշանիկ Կուրղինեանի 150-ամեակին նուիրուած «Ըմբոստ կինը» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան:
Ցուցադրութիւնը կազմուած է թանգարանին մէջ պահուող Կուրղինեանի հարուստ արխիւային նիւթերու հիման վրայ եւ կը նպատակադրէ վերարժեւորել եւ հանրութեան մեծ թիւի ներկայացնել հեղինակին գրական եւ գաղափարական ժառանգութիւնը: Կուրղինեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ հասարակական գործունէութեան ընթացքին անդրադարձած է ընկերային անհաւասարութեան, կիներու ազատագրման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ճակատագրին` միաժամանակ բացայայտելով կնոջ խոր եւ ազատատենչ հոգին:
Զարուհի Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմեց ծրագրի մտայղացման մասին. «Ծրագիրը յառաջացաւ «Արդարութեան նոր մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Շուշանիկ Կուրղինեան սնուցանեց բոլորս իր ըմբոստութեամբ, խօսքով եւ այս ամէնը` տասնամեակ առաջ, երբ Հայաստանի մէջ ընկերային շարժումները բաւական աշխուժ էին, եւ այս ընկերային շարժումներուն մաս կը կազմէր նաեւ ֆեմինիստական պայքարը, կիներու իրաւունքներու եւ հաւասարութեան համար պայքարը, Շուշանիկ Կուրղինեան կարծես մեր ոգեշնչման աղբիւրն էր: Եւ այդ ժամանակներէն մենք կը սպասէինք այն օրուան, երբ պիտի ուսումնասիրուի անոր ժառանգութիւնը, պիտի զետեղուի հասարակութեան առջեւ եւ ցոյց պիտի տրուի, թէ հայ կիներ մէկուկէս դար առաջ եւ նոյնիսկ աւելի` ինչպէ՛ս սկսած են պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն համար, եւ այս մէկը շատ կարեւոր է, թէ մենք այս նախագիծով առաջին քայլը առինք ցուցադրութեան, շեշտելով նաեւ Շուշանիկ Կուրղինեանի 150-ամեակը:
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գիտքարտուղար Մարինէ Հարոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այս ցուցադրութիւնը յղացքային է եւ կը կեդրոնանայ երեք կարեւոր հարցերու շուրջ, թէ` ո՞վ է Շուշանիկ Կուրղինեանը, ի՞նչ ժառանգութիւն ձգած է մեզի եւ ինչո՞ւ այդ ժառանգութիւնը կարեւոր է այսօր:
Անոր խօսքով, Կուրղինեանի արխիւին մեծ մասը տակաւին անտիպ է եւ չէ ուսումնասիրուած, բացի յայտնի բանաստեղծութիւններէն` ան ժառանգ ձգած է նաեւ հարուստ արձակ, թատերախաղեր եւ նամականի:
Անդրադառնալով ցուցադրութեան վերնագիրին` Մարինէ Հարոյեան բացատրեց. «Վերնագիրի գաղափարը յառաջացաւ անոր բանաստեղծութենէն: Սկիզբը մտադրեցինք «Ես ըմբոստ կին ստացայ» խորագիրը, սակայն աւելի ուշ, կարդալով Մարք Նշանեանի Շուշանիկ Կուրղինեանի բնութագիրը, բացայայտուեցաւ, որ աւելի դիպուկ բառազոյգ կարելի չէ գտնելը, որովհետեւ «ըմբոստ կինը» այն մարդկային տեսակն է, որ բոլորին աչքին անընդունելի ու անըմբռնելի կը թուէր:
Ցուցադրութեան առանձնայատուկ եւ ինքնատիպ հատուածներէն մէկը Շուշանիկ Կուրղինեանի եւ անոր ապագայ ամուսինին` Արշակ Կուրղինեանի անտիպ սիրային նամակագրութիւնն է: Այս նամակները կը բացայայտեն կնոջ եւ տղամարդու փոխյարաբերութիւններու նոր եւ ազատ եզրոյթ, ուր հայ կինը անկաշկանդ կ՛արտայայտէ իր զգացումները եւ մտքերը: Նախագիծի ծիրին մէջ կը նախատեսուի յառաջիկային հրատարակել այդ անտիպ նամականին, ինչպէս նաեւ` պատրաստել վաւերագրական ժապաւէն:
Հաղորդենք, որ ցուցադրութիւնը ձեւաւորող նկարիչն է Սարգիս Յովհաննիսեանը, որուն ձեւաւորման շնորհիւ ցուցասրահին մէջ իւրայատուկ միջավայր ստեղծուեցաւ` ընդգծելով Կուրղինեանի ըմբոստութեան եւ ազատատենչութեան ոգին: Ցուցադրուած հատուածներուն, փաստաթուղթերուն եւ լուսանկարներուն միջոցով այցելուները կարելիութիւն ունեցան հետեւելու հեղինակին կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին` մանկութենէն մինչեւ հասուն շրջան:
Ռալֆ Երիկեան Մասնակցեցաւ Թուային Փոխակերպման Համար Վճարուած Գինին Վերաբերող 13-րդ Տարածաշրջանային Համաժողովին
«Եուքոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան մասնակցած է «Առաջնորդութեան գինը» խորագիրով 13-րդ տարեկան տարածաշրջանային մարդուժի համաժողովի «Թուային փոխակերպման դերը» քննարկումին: «Եուքոմ»-ը նախաձեռնութեան արհեստագիտական գործընկերն էր: Ժողովին կազմակերպիչներն են նաեւ Հայաստանի «Մարդկային ռեսուրսներ» կազմակերպութիւնը եւ Cascade People & Business-ը:
Քննարկումի ընթացքին Ռալֆ Երիկեան անդրադարձած է` կազմակերպական փոփոխութիւններուն, արհեստագիտութիւններու ներդրման մարտահրաւէրներուն եւ այդ գործընթացին մէջ մարդոց եւ առաջնորդներուն դերակատարութեան:
«Թուային փոխակերպման իրական արժէքը միայն ներդրուած արհեստագիտութիւններով չի չափուիր: Իւրաքանչիւր փոփոխութեան հիմքին մէջ մարդիկ են` անոնց պատրաստակամութիւնը սորվելու, փոխուելու եւ նոր ձեւով աշխատելու: Առաջնորդին պատասխանատուութիւնն է ո՛չ միայն ճիշդ արհեստագիտական որոշումներ կայացնել, այլեւ` խումբին օգնել հասկնալու փոփոխութեան նպատակը եւ անցնիլ այդ ճանապարհը միասին», նշած է «Եուքոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«Եուքոմ»-ը` իբրեւ համաժողովի արհեստագիտական գործընկեր, աջակցած է այս նախաձեռնութեան իրականացման` կարեւոր նկատելով մասնագիտական հարթակները, ուր կը քննարկուին արհեստագիտական զարգացման, կառավարման եւ մարդկային ներուժի փոխկապակցուած հարցերը:
«Մենք սովորաբար կը տեսնենք եւ կը գնահատենք առաջնորդութեան տեսանելի արդիւնքը, բայց հազուադէպօրէն կը խօսինք այն գինին մասին, որ վճարուած է այդ արդիւնքին համար: Այս համաժողովը կը կեդրոնանայ «քատրէն դուրս» մնացած կարեւոր հանգամանքներու վրայ` այն ջանքերուն, աշխատանքին, կորուստներուն եւ ձախողութիւններուն, որոնք կանգնած են իւրաքանչիւր յաջողութեան ետին», ըսած է, Հայաստանի «Մարդկային ռեսուրսներ» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ Արփի Կարապետեանը:
13-րդ տարածաշրջանային այս համաժողովը մէկ հարթակի մէջ համախմբած էր 7 երկիրներէ աւելի քան 300 մասնագէտներ, առեւտրական առաջնորդներ եւ փորձագէտներ: Մասնակիցները քննարկած են` տաղանդներու ներգրաւումն ու զարգացումը, աշխատաշուկայի փոփոխութիւնները, կազմակերպութիւններու դիմակայունութիւնը, թուայնացման ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ` դժուար որոշումներու կայացումն ու անոնց հետեւանքները առեւտուրի վրայ:
Համաժողովը կայացած է Երեւանի երկաթուղային կայարանին մէջ` իբրեւ շարժման, ընտրութեան եւ նոր ուղղութիւն վերցնելու խորհրդանիշ:
Արմատներով Ջաւախքցի Բժիշկը Առաջադրուած Է Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Գլխաւոր Տնօրէնի Թեկնածութեան
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուներու թիւին մէջ ներառուած է հայ մանկական ուռուցքաբան Գէորգ Թամամեանը որուն հայրական արմատները կը սերին Վրաստանի Ազաւրեթ գիւղէն:
Գէորգ Թամամեան Ազաւրեթի միջնակարգ դպրոցի նախկին տնօրէն Գէորգ Թամամեանի եւ ուսուցչուհի Շուշանիկ Գրիգորեանի թոռն է: Բժիշկին հայրը` Նայիրի Գէորգի Թամամեան, ծնած եւ մեծցած է Ազաւրեթ գիւղը, սակայն 1960-ականներուն անոնց ընտանիքը տեղափոխուած է Երեւան:
Բժիշկ Գէորգ Թամամեան ծնած է 1987-ին, Երեւան: Բժշկական կրթութիւնը նախ ստացած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է աշխարհի 6 տարբեր երկիրներու մէջ:
Թամամեանի թեկնածութիւնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին առաջադրած է Պոցուանայի Հանրապետութիւնը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ ան ներկայացուած է իբրեւ Պոցուանայի կողմէ առաջարկուած թեկնածու:
Իր առաջադրման մասին Թամամեան նշած է ընկերային ցանցերու վրայ` շնորհակալութիւն յայտնելով Պոցուանայի նախագահ Տումա Կիտէոն Պոքոյին եւ երկրի կառավարութեան` իրենց վստահութեան համար:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է առաջադրուիլ երկրի մը կողմէ, որ ունի տոկունութեան եւ յառաջընթացի այդքան հզօր պատմութիւն», գրած է ան:
Թամամեանի թեկնածութեան առանցքային թեմաներէն մէկը առողջապահական կարելիութիւններու անհաւասարութիւնն է:
Տարիներ շարունակ աշխատելով մանկական ուռուցքաբանութեան ոլորտին մէջ` ան տեսած է, թէ ինչպէ՛ս նոյն ախտորոշումով երեխաներու բուժման կարելիութիւնները կրնան էապէս տարբերիլ` ըստ անոնց ծննդավայրին:
«Ես տեսած եմ երեխաներ, որոնք ապրած են, երբ քիչերը կը հաւատային, թէ անոնք կ՛ապրին: Տեսած եմ այլ երեխաներ, որոնք մահացած են պարզապէս իրենց ծնած վայրին պատճառով», գրած է Թամամեան:
Այդ փորձէն ձեւաւորուած է անոր թեկնածութեան առանցքային ուղերձներէն մէկը` «Աշխարհագրութիւնը պէտք չէ որոշէ, թէ ո՛վ կ՛ապրի»:
Թամամեանի տեսլականին միւս կարեւոր ուղղութիւնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նկատմամբ վստահութեան ամրապնդումն է: Ապատեղեկատուութեան տարածման եւ միջազգային կառոյցներու նկատմամբ վստահութեան նուազման պայմաններուն մէջ ան կը խօսի աւելի արագ, արդիւնաւէտ եւ անդամ պետութիւններու հետ իրական գործընկերութեամբ աշխատող Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անհրաժեշտութեան մասին:
«Տեսլականս յստակ է` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն, որ արդիւնք կ՛ապահովէ` աւելի արագ, աւելի արդիւնաւէտ եւ անդամ պետութիւններու հետ իրական գործընկերութեամբ, որպէսզի առողջապահութեան յառաջընթացը հասնի իւրաքանչիւր մարդու` ամէնուրեք», յայտարարած է Թամամեան:
Յառաջիկայ ամիսներուն ան կը նախատեսէ հանդիպումներ եւ երկխօսութիւն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ` լսելու անոնց առաջնահերթութիւնները եւ ներկայացնելու իր տեսլականը կազմակերպութեան ապագային մասին:
Հաղորդենք, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի ընտրութիւնը երկարատեւ` երկամեայ գործընթաց է: Սեպտեմբեր 24-ին աւարտած էր թեկնածուներու առաջադրման գործընթացը: Նոր գլխաւոր տնօրէնի ընտրութիւնն ու հաստատումը տեղի պիտի ունենայ 2027 թուականի մայիսին` Առողջապահութեան համաշխարհային ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանի ընթացքին:
Ոսկանեան Աստուածաշունչի Տպագրութեան 360-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով
Հոկտեմբեր 8-9 Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կայացաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն` յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 360-ամեակին:
«Այս տարի գիտաժողովը առանձնայատուկ խորհուրդ ունի, որովհետեւ կ՛ամբողջանայ 1666 թուականին Ամսթերտամի մէջ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի տպագրութեան սկիզբի 360-ամեակը: Եթէ 360 տարի առաջ տպագրութիւնը նոր կարելիութիւն էր լեզուի, մշակոյթի եւ գիտելիքի պահպանման եւ տարածման համար, ապա այսօր` արհեստական բանականութեան եւ թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման պայմաններուն մէջ, նոյն առաքելութիւնը նոր մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ կ՛առաջադրէ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող հաստատութիւններուն», նշեցին Հայաստանի Ազգային գրադարանէն:
Յայտնենք, որ գիտաժողովին մասնակցեցան աշխարհի 22 երկիրներէ աւելի քան 110 մասնակիցներ, որոնցմէ 98-ն հանդէս եկան մասնագիտական զեկուցումներով:
Երկօրեայ գիտաժողովի աշխատանքները իրականացան զուգահեռ նիստերու եւ աշխատարաններու ձեւաչափով, Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի տարբեր սրահներու մէջ:
Գիտաժողովի մասնագիտական քննարկումները ընդգրկեցին Աստուածաշունչը` իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն, սփիւռքի ժառանգութեան պահպանումն ու հանրահռչակումը, ժառանգութեան թուային փոխակերպումը, ազգային տպագիր եւ վիզուալ ժառանգութեան պահպանումն ու հանրահռչակումը, մասնագիտական զարգացումն ու կառավարումը, լեզուն` ազգային ժառանգութեան պահպանման ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` փաստաթուղթերու պահպանութեան, խնամքի եւ վերականգնման արդի հարցերը:
Առանձին քննարկումներ նուիրուեցան Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու գրադարաններուն մէջ ազգային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման փորձին:
Յիշենք, որ կայացան նաեւ մասնագիտական աշխատարաններ, իսկ գիտաժողովի ծիրին մէջ թամանեանական մասնաշէնքի մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ թեմատիկ ցուցադրութեան, ուր ներկայացուեցան տարբեր տարիներու Աստուածաշունչ մատեաններու հնատիպ, հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններ: Ցուցադրութիւնը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոյին մէջ պահպանուող տպագիր ժառանգութեան արժէքաւոր նմուշները` ընդգծելով անոնց պատմական մշակութային նշանակութիւնը:
Գիտաժողովի պատուաւոր խօսնակն էր հայագէտ, աստուածաբան, գիտնական եւ հոգեւորական Լեւոն արք. Զէքիեանը: Անոր երկարամեայ գիտական, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը նշանակալի ներդրում ունի հայագիտութեան զարգացման, հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ հանրահռչակման աշխատանքին մէջ:
«Ժառանգութեան պահպանութիւն` յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գիտաժողովը նպատակադրեց ձեւաւորել մասնագիտական երկխօսութեան եւ միջազգային փորձի փոխանակման հարթակ` նպաստելով տարբեր երկիրներու մասնագէտներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, գիտական եւ մասնագիտական կապերու ամրապնդման եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ժամանակակից փորձի տարածման:
Հաղորդենք, որ Ոսկանեան Աստուածաշունչի տպագրութեան 360-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը միաժամանակ կարելիութիւն ստեղծեց վերարժեւորելու հայ տպագիր ժառանգութիւնը:


