Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Ամանորեան  Բացառիկի Խմբագրական. Մայ­րա­մու­տը Փո­խա­րի­նե­լու Հա­մար Արեւ­ա­ծա­գով 

January 5, 2026
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի բացառիկի խմբագրականի նեղ սահմանները չեն բաւեր փակուող տարուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն վերլուծականը կատարելու: Բացառիկը ըստ էութեան դիմաւորելի տարուան` 2026-ին առաջին համարն է, հետեւաբար մեկնող տարուան իրադարձութիւններու նշումները պէտք է հիմք ծառայեն ուղենշելու համար գալիք տարուան սպասուած հիմնական ըլլալիքները:

Երկու ճակատագրորոշ իրադարձութիւն մեզ կը սպասեն ամիսներ ետք: Առաջինը Հայաստանի հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններ են, որոնց արդիւնքը պիտի ճշդէ հայրենիքի հետագայ ընթացքը, հունը եւ ընդհանրապէս դիմագիծը: Իբրեւ բնութագրում շատ օգտագործուեցաւ «գոյաբանական խնդիր» ձեւակերպումը: Իշխանութիւններու վերարտադրութիւնը արգելակելու համար, ընդդիմութեան միաւորումը, միասնական ճակատով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայանալը, եւ իշխանափոխութիւն իրականացնելը իբրեւ հրամայական ստացած են գոյութենական խնդիրի լուծման ճանապարհին անպայման յաղթական դուրս գալու միակ ընտրանք ըլլալու հանգամանք:

Պետութեան վերազգայնացումը պարտադիր առաջադրանք է բոլոր այն ուժերուն համար, որոնք գործող իշխանութիւններուն մօտ կը նկատեն երկիրը էովին փոխելու, կայացած արժէքային համակարգը տապալելու եւ ազգը երկփեղկելու քաղաքականութիւն: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ նոր յանձնուողականութեան համար պատրաստակամութիւն դրսեւորելու, պատերազմէ խուսափելու անվերջ պատրուակներու տակ խաղաղութեան կեղծ օրակարգեր իրականացնելու ցնցումներով  յատկանշուող վարքագիծի դրսեւորումներու շարքի: «Կանխել մայրամուտ»-ը խորագիրով յօդուածաշարք ստորագրած էր Վահան Յովհաննիսեանը: Մայրամուտի շողերը թափանցած են արդէն Հայաստանի պետական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ: Համապետական ընտրութիւններու արդիւնքները այդ շողերը կրնան չէզոքացնել եւ փոխարինել արեւածագի ցոլքերով:

Անկիւնադարձային հանգրուանի առջեւ է նաեւ Լիբանանը: Տարածաշրջանին մէջ նոր իրավակիճակ է: Կը կատարուի Իրանի դերակատարութեան վերասահմանում, սուրիական նոր իշխանութիւններու հաստատումով անցումային փուլերու անորոշութիւններ եւ նոր ցնցումներ կը գրանցուին: Արաբական երկիրներ եւ Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթաց կը թելադրուի: Իրաւամբ, քաղաքական նոր քարտէսի գծումի ընթացքի մէջ է ամբողջ տարածաշրջանը:

Լիբանանի ներքին դաշտի խճանկարը եւս կը վերաձեւաւորուի: Տարին յատկանշուեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, վարչապետի նշանակումով եւ կառավարութեան ձեւաւորումով: Համակարգային փոփոխութիւններու առաջադրանքներ կը հնչեն Լիբանանէն դուրս եւ Լիբանանի մէջ: Հերթը խորհրդարանինն է: Խորհրդարանական ներկայութիւնները ապահամայնքայնացնելու եւ ապակուսակցականացնելու ընդհանուր միտումները կը փորձեն համատեղուիլ համակարգային փոփոխութիւններուն հետ:

Այս հանգամանքներով ալ առաջնային է համայնքային ներկայացուածութիւնը պետական դաշտին մէջ ապահովելու ընդհանուր սկզբունքի գործադրութիւնը: Շատ բան կախեալ է զանգուածէն, հաւասարակշիռ քաղաքականութենէն, մէկ ճամբարէն միւսը արագ ոստումներ չկատարելու կշռադատութենէն եւ համայնքի շահերը գերադասելու կամքէն ու կարողութենէն: Այս համայնքը բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայականին առջեւ է միասնական, կուռ եւ համընդհանուր շահերու ձգտող որոշումներ կայացնելու ունակութենէն եւ համապատասխան մարդուժէն:

Ազգային, համայնքային եւ քաղաքական այս ուղղութիւններէն բացի, կայ «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իր շուրջ համախմբուած ընթերցողներու եւ աջակիցներու բանակին համար սկսելի տարուան համար կարեւորագոյն բնութագրում: Նախապատրաստութեան տարի: «Ազդակ»-ի ծրագիրները պէտք է մշակուին եւ փուլ առ փուլ իրականանան թերթի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ: Մաղթելով որ «Ազդակ» արեւածագի լուրեր եւ անոնց վերաբերող մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ կը հրապարակէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ լիբանանահայութեան պարագային:

Նախորդը

2026 Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Տիմիթար Փենեւ Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.