Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական այս բարդ իրավիճակը շուտ հանգուցալուծուելու միտումներ ցոյց չի տար: Այլապէս ալ ճգնաժամի մէջ յայտնուած մամուլը կը դիմագրաւէ բազմակի խնդիրներ, նախ եւ առաջ` տնտեսական:
Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ «Ազդակ»-ի ամէնէն համեստ ընթերցողէն մինչեւ հանրածանօթ նուիրատու անուններ տխուր թէ ուրախ առիթներու չեն մոռնար «Ազդակ»-ը: Այստեղ փոքրիկ գումարներէն մինչեւ ուշադրութիւն գրաւողներուն պարագային, ընկալելի պատգամը այն է, որ նոյնիսկ անհատական առիթներու այս ընթերցողները իրենց զգացումներն ու ապրումները կ՛ուզեն բաժնել «Ազդակ»-ին եւ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն հետ: Այս մէկը տասնամեակներու վրայ երկարող աւանդութիւն է, որ կը շարունակուի աւելի սերտացնելով «Ազդակ»-ընթերցող կապը:
Այսօրուան բաց համակարգին հետ տեղեկատուական աշխարհի մէջ յատկապէս, ընդլայնած է նաեւ աշխատակիցներու, ընթերցողներու, ինչու չէ նաեւ աջակցողներու աշխարհագրութիւնը: Արդէն իրերայաջորդ վերջին տարիներուն ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ «Ազդակ» իր ամանորեան բացառիկները կը հրատարակէ ամփոփ հատորի տեսքով, տպագիր թերթի թուղթով. բովանդակութիւնը եւս համապատասխանեցուած է: Փոխան յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու, փակուող տարուան հանրագումարային նիւթերու ներկայացումն է այնտեղ, տարին յատկանշած զեկուցագրերով: Ինչ որ հայկական կեանքի հոլովոյթի ուսումնասիրողին համար համադրուած թղթածրար կը տրամադրէ:
Այս հրատարակութիւններուն ծանուցումի տեսքով աջակցողներ կան, սակայն նաեւ տարբեր երկիրներու «Ազդակ»-ի ընթերցողներ, որոնք նիւթական աջակցութիւններով կը մասնակցին հրատարակութեան:
Կայ երրորդ ուղղութիւնը նուիրատուութեան, որ դարձեալ արտալիբանանեան միջավայրն է: «Փէյ Փալ»-ը առիթ է, որ կայքի ընթերցողը պարզապէս կոճակի սեղմումով «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով կատարէ իր նուիրատուութիւնը: Այս դրութիւնը եւս աշխուժ կ՛աշխատի. յատկապէս «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի բոլոր ծախսերը կը փորձենք փակել առցանց եղած նուիրատուութիւններով:
Նուիրատուներուն գրած նպատակները քաջալերական են «Ազդակ»-ին համար: Կայ նուիրատու, որ կը քաջալերէ ընդհանրապէս թերթին աշխատանքները. ուրիշներ, աւելի մասնակի են` լսարաններու շարունակութիւն կը մաղթեն, ուրիշներ` ապագայ լրագրողներու ծրագիրը կ՛ուզեն, որ շարունակուի, իսկ այլ աջակիցներ «Ազդակ»-ի կազմակերպած շնորհահանդէսներուն առիթով կը նուիրեն:
Պիւտճէական հաւասարակշռումներու մեր ճիգին արդիւնաւորման կը նպաստեն ազգայիններ, որոնց ճշդած անուններով կը կոչուին խմբագրական, վարչական, քարտուղարական աշխատասենեակներ: Այդ աշխատասենակներէն ոմանք կոչուած են մամուլի գործիչներու անունով, ուրիշներ` ի յիշատակ նուիրատուի ընտանեկան պարագաներուն:
Ընթերցողներ նկատած պիտի ըլլան, որ աջակցելու նպատակով նուիրատուներ կը հովանաւորեն «Ազդակ»-ի օրուան թիւը, երբեմն ազգային տօնի, այլ պարագաներու անձնաւորութեան մը յիշատակին նուիրուած: Թիւ հովանաւորելու այս աւանդութիւնը եւս կը տեղադրուի աջակցելու դրութիւններուն շարքին:
Այս բոլորը ընթացիկ ձեւերն են: «Ազդակ» մի՛շտ իր կողքին ունեցած է հիմնադրամներ, անուններ, որոնց երբ դիմուած է, ստանձնած են համեմատաբար մեծ ծրագիրներ: Կը յուսանք, որ նման ծրագիրներու դիմումները եւս անարձագանգ չեն մնար եւ կ՛ընդառաջուին` «Ազդակ»-ին շնորհելով իր գործունէութիւնը զարգացնելու լայն կարելիութիւն:
Այս բոլորը լրացուցիչ հանգամանք ունին եւ ըստ էութեան սատար կը կանգնին «Ազդակ»-ի անխափան երթին: Արձանագրենք, որ «Ազդակ»-ի նաւուն առագաստը բաց պահողը կը շարունակէ մնալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, որ վճռահատած է վար չառնել առագաստը` «Ազդակ»-ի նաւը անխորտակ պահելու համար այսօրուան փոթորիկներուն դիմաց:


