Հայաստանի ողիմպիական մրցանակակիր Յովհաննէս Բաչկով կը մասնակցի «Այ. Պի. Էյ. 2025» բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Տուպայի մէջ: Հայաստանի հաւաքականի լաւագոյն մենամարտիկներէն մին ռինկ պիտի մտնէ 67 քկ կշիռի կարգէն` փոխարինելով Արմէն Մաշքարեանը:
33 տարեկան բռնցքամարտիկը աշխարհի ախոյեանութեան քառակի պրոնզէ մետալակիր է եւ կը փորձէ առաջին անգամ ըլլալով նուաճել աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ ան հաւանաբար չմասնակցի այս մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ ան արհեստավարժ մրցում մը ունէր, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այս ամսուան վերջերուն:
Բայց նկատի ունենալով, որ իր մրցակիցը վիրաւորուած է, ան կարելիութիւն ստացաւ հանդէս գալու այս տարուան գլխաւոր մրցաշարքին:
Ան պիտի սկսի Բ. հանգրուանէն, ուր պիտի մրցի քենիացի Նվաթէի դէմ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի հաւաքականի մասնակից անդամները իրենց կշիռքներուն կարգերով.
48 քկ կշիռ – Բարեղամ Յարութիւնեան
51 քկ կշիռ – Ռուտոլֆ` Գարբոյեան
54 քկ կշիռ – Դաւիթ Եգորեան
57 քկ կշիռ – Ժիրայր Սարգսեան
60 քկ կշիռ – Արթուր Բազէեան
63,5 քկ կշիռ – Նարեկ Յովհաննիսեան
67 քկ կշիռ – Յովհաննէս Բաչկով
71 քկ կշիռ – Արարատ Յարութիւնեան
75 քկ կշիռ – Վաղթանգ Յարութիւնեան
80 քկ կշիռ – Արտուշ Յովհաննիսեան
86 քկ կշիռ – Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան
92 քկ կշիռ – Նարեկ Մանասեան
92 քիլոկրամէն վեր – Դաւիթ Չալոյեան


