Հայաստանի ազգային խումբի եւ Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբի 22 տարեկան յետսապահ Ստիոպա Մկրտչեան նկատի առնուած է լաւագոյն 100 մարզիկներու շարքին` 23 տարեկանէն վար ֆութպոլիստներուն մէջ:
Միջազգային հետազօտութեան կեդրոնը, համագործակցութեամբ «Իմփեքթ» վերլուծական հարթակին, ուսումնասիրած է աշխարհի 52 լիկաները եւ մինչեւ 23 տարեկան ֆութպոլիստներու տուեալները` Մկրտչեանը նկատի առնելով լաւագոյն 100-ին մէջ:
Հակառակ Օսիեքի ձախող տարեշրջանին, ուր ակումբը կը գրաւէ 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը, Մկրտչեան կը ցուցաբերէ տպաւորիչ խաղ` գտնուելով աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստներու ցուցակին միջին հատուածին մէջ` դէպի առաջ մղող փոխանցումներու քանակով:
Ըստ «Սի. Այ. Ի. Էս.»-ի, Մկրտչեան իւրաքանչիւր մրցումի 6,2 փոխանցում կը կատարէ դէպի առաջ` 67,4 տոկոս յաջողութեամբ:
Ան Խրուաթիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ 13 մրցում կատարած է 1 էսիսթ կատարելով, 37 փոխանցում կատարելով ամէն մրցումի` 83 տոկոս յաջողութեամբ, 3,2 երկար փոխանցում` 44 տոկոս յաջողութեամբ, եւ Օսիեք ակումբի լաւագոյն փոխանցում կատարողը եղած է` 480 ճշգրիտ փոխանցումներով:
«Իմփեքթ»-ի տուեալներով աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը դէպի առաջ մղող փոխանցումներով դարձաւ Պրիւժի 20 տարեկան պելճիքացի յետսապահ Եորնէ Սփիլերս, որ 11,8 առաջ մղող փոխանցում կը կատարէ 84 տոկոս յաջողութեամբ:
Առաջին 10-ին մաս կը կազմեն նաեւ Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Տին Հաուսըն, ինչպէս նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Ուորըն Զէյր-Էմիրին:


