Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիս Ֆութպոլի Ակումբը Եւ Անոր Հարցերը

December 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի «Լիկ-1»-ի ակումբներէն Նիսը լուրջ հարցերու մէջ կը գտնուի իր անձնական համակիրներուն հետ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք:

Միջադէպը տեղի ունեցած էր կիրակի գիշեր, «Լիկ 1»-ի գծով 14-րդ հանգրուանի Լորիանի դէմ մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութենէն ետք: Ակումբի կեդրոնին մօտ հաւաքուած էին մօտ 400 համակիրներ` դժգոհ ակումբի վերջին 6 մրցումներուն կրած պարտութիւններէն: Անոնք պահանջած էին զրուցել մարզիկներուն հետ: Սկիզբը անոնք գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Էսի հրաժարականը պահանջած են, իսկ աւելի ուշ իրավիճակը սկսած է սահմաններէն դուրս ելլել:

Համակիրներէն մէկը կրցած է մտնել մարզիկներու փոխադրակառքը` պահանջելով, որ անոնք իջնեն: Դուրսը սկսած են կռուիլ մարզիկներուն հետ, շուտով սակայն կռիւը վերածուած է ֆիզիքական յարձակումի:

Ամէնէն շատ վիրաւորուած են Ժերեմի Պոկա եւ Թերեմաս Մոֆի: Համակիրները հարուածած են ֆութպոլիստներուն, թքած անոնց վրայ եւ վիրաւորած են ցեղապաշտական խօսքերով:

Երկու ֆութպոլիստներն ալ փոխադրուած են հիւանդանոց` քննութիւններ կատարելու համար: Պոկա 5 օր հիւանդանոց պիտի մնայ, իսկ Մոֆի` մինչեւ կիրակի:

Ըստ «Էր. Էմ. Սէ. Սփոր»-ի եւ «Նիս Մաթեն»-ի, այս միջադէպէն ետք ո՛չ Պոկա, ո՛չ ալ Մոֆի կ՛ուզեն մաս կազմել Նիսին, եւ մտադիր են լքել ակումբը:

Նիս ակումբը պաշտօնական յայտարարութիւն տարածած է` խստօրէն դատապարտելով այս բռնութիւնը: Ակումբը նշած է, որ թէեւ կը հասկնայ համակիրներուն դժգոհութիւնը, բայց այս ձեւի յարձակումներ անընդունելի են: Ակումբը իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ վիրաւորուած մարզիկներուն:

Նշենք, որ Նիս նոյեմբերին պարտուած է իր կատարած 6 մրցումներուն, եւ «Լիկ 1»-ի ախոյեանութեան դասաւորման 10-րդ դիրքը կը գրաւէ:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճամալ Մարէյի 52 Կէտերը Եւ Եաննիսի Վիրաւորուիլը…

Յաջորդը

Ստիոպա Մկրտչեան` Լաւագոյն 100 Մարզիկներու Կարգին

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.