2026-ի մոնտիալի վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ (5 դեկտեմբերին), եւ դիմուած է թենիսի ձեւով վիճակաձգութեան մը, որ պիտի օգնէ լաւագոյն դասուած 4 խումբերուն, որ իրար դէմ չմրցին մինչեւ կիսաւարտական… անշուշտ եթէ այդ խումբերը իրենց խմբակներու առաջին դիրքը գրաւեն:
Վերջին մոնտիալի ախոյեան Արժանթին Լիոնել Մեսսիի հետ, իսկ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա Լամին Եամալի հետ իրար դէմ պիտի չմրցին մինչեւ աւարտական, որ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մօտ «Մեթլայֆ» մարզադաշտին վրայ:
«Հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, երկու տարբեր ճամբաներ դրուեցան մինչեւ կիսաւարտական», նշած ՖԻՖԱ հաղորդագրութեամբ մը: Ասիկա կը կատարուի ձեւով մը պահպանելու համար այն խումբերը, որոնք վերջին տարիներուն լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով բարձր դիրքեր գրաւած էին ընդհանուր դասաւորման մէջ: Ասիկա անշուշտ կը նշանակէ, որ այլ թեկնածու խումբեր, ինչպէս` Պրազիլ, Փորթուգալ, Նետերլանտներ եւ Գերմանիա, այս խումբերէն որեւէ մէկուն կրնան հանդիպիլ աւելի կանուխ հանգրուաններու:
Յառաջիկայ Մոնտիալը, որուն պիտի մասնակցին 48 խումբեր, կրնայ սկիզբը դիւրին թուիլ շատերուն, կամ ձանձրացուցիչ, բայց յաջորդող հանգրուաններուն վստահաբար հետաքրքրական մրցումներով հարուստ պէտք է ըլլայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք խումբերուն կարգերը, որոնք բաժնուած են 4 տարբեր անօթներու, ամէն խմբակ կարգերու համեմատ խումբեր ունենալու տարբեր մակարդակներէ:
Ա. անօթ.- Սպանիա, Արժանթին, Ֆրանսա, Անգլիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Նետերլանտներ, Պելճիքա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քանատա:
Բ.- անօթ.- Խրուաթիա, Մարոք, Քոլոմպիա, Ուրուկուէյ, Զուիցերիա, Ճափոն, Սենեկալ, Իրան, Հարաւային Քորէա, Էքուատոր, Աւստրիա, Աւստրալիա:
Գ. անօթ.- Նորվեկիա, Փանամա, Եգիպտոս, Ալճերիա, Սկովտիա, Փարակուէյ, Թունուզ, Փղոսկրեայ Ափունք, Ուզպեքիստան, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Հարաւային Ափրիկէ:
Դ. անօթ.- Յորդանան, Քափէ Վերտէ, Կանա, Քուրասաօ, Հայիթի, Նոր Զելանտա, ինչպէս նաեւ փլէյ-օֆի 6 յաղթականները:


