Կոայի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցող ճատրակի ՖԻՏԷ-ի բաժակի աւարտականի մրցումը կրնայ վճռուիլ այսօր, երբ Ուզպեքիստանի վարպետ Ժավոխիր Սինտարով (թիւ 25 դասուած) եւ չինացի Ուէյ Եի (թիւ 11) դասական ճատրակի առաջին երկու հանգրուաններուն հաւասարելէ ետք, պիտի սկսին արագ ճատրակի թայ-պրէյքի մրցումները:
26 տարեկան Եի կիսաւարտականին 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ռուս Անտրէ Էսիփենքոն, մինչ 19 տարեկան Սինտարով պարտութեան մատնած էր իր ազգակից Նոտիրպեք Եաքուպոյեւը` 2,5-1,5 արդիւնքով:
3-րդ դիրքի մրցումին ռուս Էսիփենքօ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուզպեք Եաքուպոյեւը:
Միւս կողմէ, արագ եւ կայծակնային «պլից» ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստան պիտի մասնակցի 12 անդամներով:
Դեկտեմբերի վերջերուն տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մամիկոն Ղարիբեան, Շանթ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արամ Յակոբեան, Արթուր Դաւթեան, Էմին Օհանեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Տոհայի մէջ (Քաթար), 25-էն 30 դեկտեմբերին:


